Արխիւ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017

Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի Ծնողաց միութիւնը երէկ կէսօրուան ճաշ մը կազմակերպեց Պալթալիմանըի «Փորթաքս» ճաշարանին մէջ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Կ՚ըսեն խօսէ՛
-չէ, կ՚ուզեմ լսել
լսել ցաւը
հնչիւն առ հնչիւն
ապրիլ զայն 
խրիլ անոր մէջ
սուզուիլ խորը
    կուլ տալ լո՜ւռ...

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Յոյն յայտնի մրցանակակիր լրագրող, CNN Greece-ի թղթակից Մարիա Կարչիլաքի վերջին տարիներուն մասնագիտացած է ռազմական նիւթեր պատրաստելու մէջ եւ տարածքաշրջանայի թէժ կէտերէն տեղեկատուութիւն կը հաղորդէ՝ անձամբ այցելելով բախումնային հարցեր ունեցող զանազան երկիրներ եւ հանդիպելով քաղաքական, ռազմական ղեկավարութեան եւ պարզ բնակիչներու հետ:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017

​Գրականագէտ, գրաքննադատ, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր, Փրոֆ. Դաւիթ Գասպարեանի «Հոգիի հայելի» մենագրութիւնը հայեացք է ժամանակակից հայ բանաստեղծութեան՝ Խաչիկ Մանուկեանի ստեղծագործութեան իմաստաբանական եւ գեղագիտական վերլուծութեամբ:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2017

Հայաստանի Երաժիշտներու միութեան հիմնադրութեան 85-ամեակը նախընթաց օր Երեւանի մէջ նշուեցաւ յոբելենական փայլուն համերգով մը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2017

Թուրքիա-Հայաստան փակ սահմանին վրայ հաստատուեցաւ շրջակայքի անալիթիք անվտանգութեան դրութիւն մը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Թուրքիա Հայաստանի հետ սահմանին վրայ հաստատեց տեսախցիկներու համակարգ մը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2017

Հայաստան-Իսրայէլ յարաբերութիւնները նոր լիցք կը ստանան՝ երկկողմանի շփումներու մէջ վերջին շրջաններուն նկատուած աշխուժութեամբ:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի պաշտօնական այցելութեան ընթացքին ընդգծուեցան երկու ժողովուրդներու բարեկամական պատմական հարուստ աւանդութիւնները:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2017

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդարանէն ներս մեծարանքի հանդիսութիւն:
Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշան շնորհեց յայտնի թատերական գործիչ Գրիգոր Սաթամեանին:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճըն եւ իր ընկերակիցները։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ ընդունեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Սիւմէն։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Շաբաթավերջին յայտնի դարձած Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականէն ի վեր երկիրը մտած է նոր քաղաքական փուլ մը: Լիբանանեան քաղաքական կողմեր, որոնք բոլորն ալ հետամուտ են խնդրին շուտափոյթ լուծում մը տալու՝ կը յայտարարեն, որ էականը այս պահուն զգօնութիւնն ու ապահովութիւնը պահպանելն է:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2017

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ սկզբնաւորման ու հիմնադրութեան օրէն իսկ ծագում առած են այնպիսի մոլար շարժումներ, որոնք օձտած են նորընձիւղած ու նորափթիթ քրիստոնեաները։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ինքնաճանաչումը մարդուս կատարելութեան համար կարեւոր ազդակ մըն է. այն որ չունի ինքնաճանաչման գիտակցութիւնը՝ անոր համար շատ դժուա՛ր է լիակար ըլլալ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2017

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում՝ Լոս Անճելըսի մէջ։
Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ գործելու ուղղեալ պատրաստակամ ոգին։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2017

Շիշլի մարզակումբը կը շարունակէ կեանքի կոչել մեր նոր սերունդին ուղղեալ բազմաթիւ ծրագրեր։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեանքի մէջ կարելի է դիմաւորուիլ ամէն տեսակ նկարագրի տէր մարդոց հետ։ Արդարեւ, իրաւ է որ կա՛յ այնքան բնաւորութիւն, նկարագիր՝ որքան մարդ։ Իւրաքանչիւր անձ ունի իւրայատուկ բնաւորութիւն եւ նկարագիր, որ կը կազմէ իր ինքնութիւնը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2017

Միջազգային CyArk կազմակերպութիւնը «Թումօ» ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնին մասնակցութեամբ սկսած է Նորավանքի եւ Արենի-1 քարանձաւի կրաֆիքական կառուցման աշխատանքներու։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2017

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին պաշտօնական այցելութիւնը՝ Իսրայէլ։
Եդուարդ Նալպանտեան երէկ կարեւոր հանդիպում մը ունեցաւ Քնեսեթի Փոխ-նախագահ Թալի Փլոսքովի հետ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2017

Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ կը ձգտին յաղթահարել իրենց առկայ տարաձայնութիւնները։
Վարչապետ Եըլտըրըմ Ուաշինկթընի մէջ կը տեսակցի փոխ-նախագահ Փենսի հետ՝ քննարկելով բազմաբնոյթ հարցեր։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2017

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Քաթալոնիոյ մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէն եւ ատոր յաջորդած իրադարձութիւններն ու զարգացումները տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու դուռ բացած են:

Էջեր