Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունուար 23, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Մարդկային անձ»ը, ըստ Աստուծոյ պատկերին ստեղծուած արարած մըն է միանգամայն մարմնաւոր եւ հոգեւոր։ Աստուածաշունչը այս իրականութիւնը կ՚արտայայտէ խորհրդանշական լեզուով, երբ կը հաստատէ, թէ «Աստուած ստեղծեց մարդը երկրի հողէն, փչեց անոր ռունգերուն մէջ կենդանի շունչ եւ մարդը եղաւ կենդանի էակ» (ԾՆՆԴ. Բ 7)։

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2020

ԵՐԱՄ

Գլուխս հպած պատուհանին, կը զգամ սառնութիւնն անոր. կ՚երեւակայեմ պաղը դուրսի։ Ձեռնոցովս դանդաղ վիզս կը քերեմ, ապակիի ողորկին նայելով։ Անկէ անդին բան չեմ տեսներ գրեթէ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աստուածային պատկերը ներկա՛յ է իւրաքանչիւր մարդուն մէջ։ Օժտուած հոգիով մը «հոգեւոր եւ անմահ», մարդկային անձը միակ արարածն է երկրի վրայ, զոր Աստուած ստեղծեց եւ ուզեց ինքնիրեն համար։

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2020

Վերջերս Հայաստանէն ուշագրաւ լուրեր հասան նոր հնութեան մը յայտնաբերման շուրջ։ Այսպէս, Հայաստանի մէջ հայ-գերմանական միացեալ ծրագրի շրջանակին մէջ՝ հնագէտները Արտաշատի մէջ յայտնաբերած են կամուրջ-ջրատար (aqueduc) մը, որ կը վերագրուի 114-117 թուականներուն:

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2020

Յառաջիկային կը ծրագրուի ԹՈՒՄՕ-ի մասնաճիւղ մը բանալ Պերլինի մէջ:
Ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնէն ներս ստորագրման հանդիսաւոր արարողութիւն:

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2020

Յայտնի բանաստեղծուհիի թողած ժառանգը կ՚արժեւորուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աջակցութեամբ:
Սիլվա Կապուտիկեանի տուն-թանգարանը այցելուներուն կը ներկայանայ ամբողջութեամբ վերանորոգուած ձեւով:

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2020

Հայաստանի կառավարութիւնը վարկատուներու հետ համագործակցութեան եզրեր կ՚որոնէ՝ հանրային բարիքի արդար բաշխման համար:
«Պետական ելմտական միջոցներու կառավարման համակարգի 2019-2023 թուականներու բարեփոխումներու ռազմավարութիւնը կ՚ընթանայ միջազգային մասնակցութեամբ»:

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2020

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ կը մասնակցի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին, Տաւոսի մէջ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդի նախագահ Իզապել Մորէի հետ։ Այս վերջինը, միեւնոյն ժամանակ, կը գլխաւորէ Հայաստան-Զուիցերիա խորհրդարանական բարեկամութեան խումբը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան երէկ երկրի խորհրդարանէն ներս յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ յառաջացած լարուածութեան կապակցութեամբ։ Իր խօսքով՝ Հայաստան չափազանց նրբանկատ է Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ծագած իրավիճակին առումով։ Արդարեւ, այս երկու երկիրներն ալ Հայաստանի տեսակէտէ ունին կարեւոր նշանակութիւն։

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2020

Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպաս Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ յատկանշական յուշանուէր մը յանձնեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանին։

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2020

Պոմոնթիի Մխիթարեան եւ Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարաններու սաներէն բաղկացեալ խումբ մը վերջերս երկօրեայ այցելութիւն մը տուաւ Անգարա։ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան գլխաւորեց այս այցելութիւնը, որու ընթացքին տղաքը շրջեցան մայրաքաղաքի զանազան տեսարժան վայրերը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2020

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Օր ըստ օրէ օդի ջերմաստիճանը նուազիլ սկսաւ։ Աշունը, որ մեղմիկ հովի մը պէս զիրար կը կամրջէ ամառն ու ձմեռը, վերջերս տարակուսանքի մէջ էր։ Օր մը արեւ, օր մը անձրեւ…, այսպէս օրեր անմեկնելի։

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2020

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան վերջերս մասնակցեցաւ յատկանշական հաւաքոյթի մը։ Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր Հաղորդակցութեան բաժանմունքի ղեկավարութիւնը վերջերս ձեռնամուխ եղած է ծրագրի մը, որ կը կոչուի՝ «Թուրքիոյ խճանկարը. Զանազան կրօններու հանդիպման կէտը»։

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան անցեալ շաբթուան մէջ հիւրընկալեց մեր համայնքէն խումբ մը անդամներ, որոնց արմատները կ՚առընչուին Եոզղատի Պուրունքըշլա գիւղին հետ։ Այսպէս, Գումգաբու այցելեցին՝ Յովսէփ Արզուման, Նազարէթ Էօզսահակեան, Նազար Պինաթլը, Տքթ. Մելքոն Պալճը եւ այլք։

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2020

Հայերէնի վաստակաւոր ուսուցչուհի Լեռնա Գարագիւթիւք վերջերս հիւրընկալուեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանէն ներս։ Ան Մայր վարժարանի մէջ ներկայացուց «Դպրոցի ճամբուն վրայ» խորագրեալ վերջին գիրքը, որով իր ներդրումը բերած է մեր մանկական գրականութեան։

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Վերջապէս Հայաստանի մէջ ձիւն տեղաց. մարդիկ երջանիկ էին տաք յունուարով, մինչ հողը խոնաւութիւն կը տենչար… Ճիշդ է, որ տաք յունուարը մէկ կողմէն հաճելի էր, բայց բնութեան հանդէպ սրտցաւութիւնը ուրիշ զգացումներ կը պարգեւէր:

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2020

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Վըրճինիա նահանգէն։ Այս նահանգի Ֆերֆեքս գաւառի հանրային դպրոցները տարին մէկ օր փակ պիտի մնան, 27 յունուար 2020-էն սկսեալ։

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2020

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Իսկ սամարացիները կ՚ըսէին, թէ այս լերան վրայ, որ Գարեզին լեռն էր. նախ՝ որովհետեւ աւանդութենէն գիտէին, որ Աբրահամ Գարեզին լերան վրայ Իսահակը որպէս պատարագ կը մատուցէր: 

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յաճախ կը յիշուի՝ թէ մարդ էակը մարմնով, միտքով եւ հոգւով «ամբողջ» մը կը կազմէ, եւ այս երեքը իրարմէ բաժնել եւ իրարմէ անջատ կերպով մտածել կարելի չէ, քանի որ անոնք իրար կը լրացնեն, իրար կ՚ամբողջացնեն։ Մարդ էակը առանց մարմնի, կամ առանց մտքի եւ կամ առանց հոգիի խորհիլ կարելի չէ եւ ան մարմնով, միտքով եւ հոգւով «մա՛րդ» է։

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2020

«Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրաւ ամերիկահայ գրող Նենսի Գրիգորեանի անգլերէն վէպին թրքերէն թարգմանութիւնը։ Սա 2013 թուականին Միացեալ Նահանգներու մէջ հրատարակուած վէպ մըն է, որու թարգմանութիւնը կատարուած է Զէյնէլ Ճան Կիւնտողտուի կողմէ։

Էջեր