Արխիւ
Եւրոմիութեան կողմէ սուրիացի գաղթականներուն յատկացման նպատակով Թուրքիոյ համար նախատեսուած 3 միլիառ եւրոյին 428 միլիոննոց բաժինը պիտի յատկացուի Գերմանիոյ կառավարութեան կողմէ։ Գերմանիոյ Ելմտական նախարարութեան աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, թէ գաղթականներուն համար նախատեսուած 3 միլիառ եւրոյին 1 միլիառը պիտի տրամադրուի ԵՄ-ի հասարակաց պիւտճէէն, իսկ մնացեալ 2 միլիառ եւրոն պիտի տրամադրեն անդամ երկիրները։
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ երկրի հայ համայնքը կը շարունակէ դիմագրաւել աննկարագրելի ողբերգութիւններ։ Կը հաղորդուի, որ Հալէպի հայաբնակ թաղամասերը երէկ դարձեալ ենթարկուեցան հրթիռակոծութիւններու։
«Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ Թուրքիա այս օրերուն կ՚որոնէ հետզհետէ աւելի ազդու միջոցներ։ Վերջին շրջաններուն Սուրիոյ սահմանակից Քիլիսի մէջ ստեղծուած է արտասովոր կացութիւն։ Արդարեւ, ԻՇԻՊ-ի ահաբեկիչները կը ռմբակոծեն այս քաղաքը, ուր ցարդ շուրջ երկու տասնեակ քաղաքացիներ զոհուած են։
Ատրպէյճան կը հիւրընկալէ ՄԱԿ-ի քաղաքակրթութիւններու դաշինքի 7-րդ կլոպալ համաժողովը՝ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն մասնակիցներով:
Հանրապետութեան նախագահը Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած շուրջ մէկ ժամուան հանդիպման ընթացքին անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ճոն Քերի երէկ երեկոյեան ունեցան կարեւոր հեռախօսազրոյց մը:
Ֆրանսայի Պետական քարտուղար Առլէմ Տեզիր հիւրընկալուեցաւ Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ:
Երէկ երեկոյեան ժամերուն Երեւանի Հալապեան փողոցին մէջ տեղի ունեցաւ պայթում մը։ Փողոցի թիւ 11 շէնքին մօտ օթօպիւսի մը մէջ տեղի ունեցաւ պայթում մը, որու հետեւանքով երկու հոգի զոհուեցաւ, կան նաեւ վիրաւորներ։ Հալապեան-Արզումանեան փողոցներու խաչմերուկին՝ «Նիգ» սրճարանի մօտակայքին պատահեցաւ այս պայթումը, որմէ անմիջապէս վերջ սկսան փրկարարական եւ քննչական աշխատանքներ։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի անդամները երէկ պտոյտ մը իրականացուցին դէպի Ենիգիւղ։ Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ անոնք անցուցին հաճելի օր մը:
Թրքահայ գեղարուեստասէրները կը սպասեն Հինգշաբթի օրուան ձեռնարկին:
«Մարալ»ի ընտանիքը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ կը հիւրընկալէ Հայաստանի Պարի պետական համոյթը, որու անդամներուն ի պատիւ երէկ երեկոյեան սարքուեցաւ բարիգալստեան ընթրիք մը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը հաշմանդամ պատանիներ։ Ի ծնէ հաշմանդամ եւ մանկական ուղեղային կաթուածէ տառապող Աշտարակ քաղաքի բնակիչ Դաւիթ եւ Յասմիկ Խաչատրեանները կը պատրաստուին դարմանման համար մեկնիլ Գանատա եւ այս ուղեւորութեան ընդառաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելած էին՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետին օրհնութիւնը ստանալու համար։
Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի Ագեան պատկերասրահն ու Անտիկեան պատկերասրահը ներկայացուցին Արարատ Սարգսեանի «Ո՛ւր փնտրել դրախտը» խորագրեալ ցուցահանդէսը։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանը վերջերս համալսարանի «Մանուկեան» սրահին մէջ շնորհանդէսի միջոցաւ ներակայացուց իր նոր կայքէջը՝ նորացուած բովանդակութեամբ եւ արդի գործիքակազմով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գէորգ Դ Քերեստէճեան (1866-1882) Հայոց Կաթողիկոսը փորձեց Սսի եւ Աղթամարի կաթողիկոսական խնդիրները լուծել։ Այս հարցին լուծման վրայ մերձաւոր հսկողութիւն ունենալ կ՚ուզէր Հայրապետը։
Ապրիլի 24-ի առթիւ երէկ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ, այս տարի եւս շարունակուեցաւ Ապրիլի 24-ի առթիւ Գումգաբուի մէջ Ս. Պատարագի մատուցման նախընթացը, որ կը շարունակուի քանի մը տարիէ ի վեր եւ այլեւս աւանդութեան մը վերածուելու վրայ է։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Ապրիլի 24-ին առթիւ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին առթիւ խօսեցաւ հետեւեալ քարոզը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Պատրիարքարանի կողմէ թողարկուած պաշտօնական բնագիրը։
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ կը շարունակենք վայելել մեր Տիրոջ եւ Փրկչի Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տաղաւարի ցնծութիւնը։ Կը շարունակենք ձայնակցիլ հրեշտակներուն, որոնք վիմափոր գերեզմանի դրան քարը գլորեցին եւ յայտարարեցին, թէ «Քրիստոս, խաչուած Նազովրեցին չէ աստ, այլ՝ յարեաւ»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Լա՛ւ տրամադրութիւն ունենալ» կը նշանակէ՝ ինքնավստահ ըլլալ, կորովի, զօրեղ զգալ ինքզինք, քաջարի ըլլալ եւ պատրաստակամ՝ կատարելու այն ի՛նչ որ իրեն կը վերաբերի։ Լաւ տրամադրութիւն ունեցողը «հոգիի ուժ» ունեցող մէկն է։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Արցախի սահմաններուն վրայ հայ զինուորն ու կամաւորը Ապրիլի առաջին օրերուն սխրանքներ արձանագրեցին, ազէրի յելուզակները ետ մղեցին գրաւեալ տարածքներէ եւ հայկական դրօշը վերահաստատեցին Թալիշի, Մատաղիսի ու շրջակայ դիրքերու վերեւ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը, օրհնութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի, լոյս ընծայեց հոգելոյս Տ. Վահան Ծ. Վրդ. Բաստամեանցի (1842-1881) կանոնագիտական երկերու ժողովածոն։
Երէկ երեկոյեան, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ յանձնուեցաւ «Աուրորա» մրցանակը, որու առաջին դափնեկիրը դարձաւ Մարգարիտ Փարանկիցէ (Պրունտի)։ Միւս թեկնածուներն էին՝ Թոմ Քաթինա (Սուտան), Սաիտա Ղուլամ Ֆաթիմա (Փաքիստան) եւ Հայր Պեռնար Քինվի (Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութիւն)։
Թիւնէլի հրապարակին եւ Հայտարփաշայի կայարանին մօտ ոգեկոչումներ՝ անվտանգութեան միջոցառումներով:
Թուրքիոյ մէջ հասարակութեան զանազան շրջանակները այս տարի եւս նշեցին Ապրիլի 24-ը՝ հանդէս գալով մամլոյ յայտարարութիւնով մը:
Ամբողջ աշխարհի հայութիւնը շաբաթավերջին բիւր յարգանքով ու խոր երկիւղածութեամբ խնդրեց իր Սուրբ նահատակներուն բարեխօսութիւնը:
Ծիծեռնակաբերդի բարձունքը դարձեալ մագնիսացուց հայ ժողովուրդին ուշադրութիւնը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «2016 թուականի Ապրիլի 24-ին, ի լուր աշխարհի կը յայտարարեմ, որ Արցախի մէջ պիտի չըլլայ հայերու բնաջնջում կամ բռնագաղթեցում»: