Արխիւ
Թուրք զինեալ ուժերը երէկ յետմիջօրէին շարժման անցան Սուրիոյ հիւսիսին անվտանգ գօտի ստեղծելու եւ Եփրատի արեւելքը ահաբեկչական տարրերէ մաքրագործելու համար։
Առաջին հերթին ռազմաօդային ուժերը ռմբակոծումներ կատարեցին՝ 30 քիլօմեթր խորանալով սահմանէն ներս։ Գիշերուան ժամերուն ալ սկսաւ ցամաքէն յառաջխաղացումը։ ՆԱԹՕ օրինական կը համարէ՝ սեփական անվտանգութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ մտահոգութիւնները։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան վերջնական հրահանգը տուաւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարին. «Մեր նպատակը յայտնի է ու յստակ»։

Թուրքիա՝ Սուրիոյ հիւսիսին, Եփրատի արեւելքին անվտանգ գօտի մը ստեղծելու նպատակը կը հետապնդէ միջազգային նոր իրադրութեան մը պայմաններուն ներքեւ: Ազգային մեծ ժողովը Հանրապետութեան նախագահին լիազօրութիւն տուաւ՝ սահմանէն դուրս զինուոր ուղարկելու համար:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հաստատեց, որ 13 նոյեմբերին Ուաշինկթընի մէջ պիտի հիւրընկալէ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանը:
Հայերէն ձեռագրերու թուայնացման հարցին ձօնուած միջազգային շահեկան դասախօսութիւն մը:
Փարիզի մէջ, INALCO-ի երդիքին տակ քննարկուեցաւ նորարար փորձագիտութիւններու դերը՝ լեզուի զարգացման համար:
Ընկերատնտեսական նիւթերու պատմութեան յայտնի պրպտող Կարօ Քիւրքման վերջերս հրատարակած է նոր գիրք մը, որ ձօնուած է Օսմանեան շրջանի արքունի ոսկերիչներուն։ «Osmanlı Saray Kuyumcuları 1853-1871» հաստափոր այս հատորը լոյս տեսած է «Korpus» հրատարակչութենէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բազմավաստակ մատենագրի պայծառ կերպարը՝ Ներսէս Լամբրոնացի, որուն անունը սերտ կերպով կապուած է Սկեւռայի պատմական վանքին հետ։ Ան 12-րդ դարու նշանաւոր պերճախօս-ճարտարաբան եւ գրական փայլուն մշակն է՝ հայ եկեղեցական պատմութեան գլխաւոր դէմքերէն մէկը։
ՌԻՄՄԱ ՔԱՐԱՄՈՎԱ
Ռուսերէնէ թարգմանեց՝
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Կինը մահացաւ եւ անոր քովը եկաւ Մահը։ Տեսնելով Մահը՝ ան խնդաց եւ ըսաւ, թէ պատրաստ է, իսկ Մահը հարցուց.
-Ի՞նչ բանի պատրաստ ես։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Չէ, մի՛ մտահոգուիք, ընթերցողներուս չէ, որ հրաժեշտ կու տամ։ Տասը ամիսէ ի վեր շաբաթը անգամ մը՝ միասին ենք, եւ հաճելի է ինծի համար, ուստի հեռանալու միտք չունիմ։
Հրաժեշտս՝ վեց կամ չորս տարի տեւած կեանքի մէկ կարեւոր հատուածին է ուղղուած։
Սարգիս Կիւրեղ կը տեղեկացնէ.-
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սանուց միութիւնը սկսած է ամէն կիրակի կազմակերպել նախաճաշեր։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ առաւօտ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էին նաեւ եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ օգնական երէց Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան։
Հադրութի գլխաւոր հիւանդանոցի ծննդաբերական բաժանմունքը վերանորոգուած:
Գահիրէի առաջնորդարանի այս առաջին նախաձեռնութիւնը պիտի ունենայ իր շարունակութիւնը:
Ամերիկահայ աշխարհահռչակ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեան այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան՝ Տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովին (WCIT) առթիւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան տեղեկացուց, որ կը ծրագրէ Հայաստանի մէջ կազմակերպել արտադրութիւն։
Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայէր պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թիֆլիզ, ուր երէկ հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի կողմէ։ Բանակցութիւններէն վերջ երկու նախագահները սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ այս ուրբաթ պիտի այցելէ Թուրքիա։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ընդհանուր քարտուղարը պաշտօնական հանդիպումներ պիտի իրականացնէ Իսթանպուլի մէջ։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս վերջնականապէս հաստատուեցաւ թեկնածու երեք սրբազաններուն ցուցակը:
Նախաձեռնարկ մարմնի երէկուան հերթական ժողովին զուգահեռ պատրաստութիւնները վերադարձան իրենց բնականոն հունը: Քուէարկութեան օրը ընտրատեղամասերու միջեւ առցանց անխափան հաղորդակցութեան երաշխաւորման համար պաշտօնի պիտի կոչուին կամաւոր մասնագէտներ: Կարպիս Տուրասլան հրաժարեցաւ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորեց Փութինի տարեդարձը։
Ատրպէյճանի վարչապետ Նեւրուզ Մամետով այս առաւօտ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Պաքուի ղեկավարութեան բարձր դիրքերուն մէջ զուգահեռաբար տեղի կ՚ունենան փոփոխութիւններ։
Երեւանի մէջ երէկ սկսաւ Տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովը (WCIT), որ 23-րդն է իր նմաններու շարքին։ «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս կազմակերպուած այս համաժողովը ունի աշխարհի 70 երկիրներէ աւելի քան 2500 մասնակից։
Դէպի Զուիցերիա աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Ժընեւի մէջ այցելեց ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանը։ Այսպէս, ան մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի Առեւտուրի եւ զարգացման համաժողովի՝ Նշանաւոր անձերու խումբերու քննարկման (UNCTAD Panel of Eminent Persons)։
Թուրքիա կը պատրաստուի փութով գործողութեան ձեռնարկել՝ Սուրիոյ մէջ անվտանգ գօտի ստեղծելու համար:
Ամերիկեան զօրքերը սկսան դուրս գալ սահմանամերձ շրջաններէն: Նախագահ Տանըլտ Թրամփէն սպառնալիքներ:
Ներկայ տարուան ընթացքին Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ ամբողջ աշխարհի մէջ կազմակերպուած յոբելենական ձեռնարկներու շղթային վրայ երէկ երեկոյեան նոր օղակ մը աւելցաւ՝ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած անմոռանալի համերգով։ Հարպիյէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս համերգը, որ կազմակերպուած էր «Անատոլու քիւլթիւր»ի, «Քալան»ի եւ «Կորքի»ի համատեղ նախաձեռնութեամբ։