Արխիւ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2019

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու այս առաւօտ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին յայտարարութիւններ ըրաւ՝ պատրիարքական ընտրութեան կանոնադրութեան պաշտօնապէս պետութեան կողմէ ուղարկուած ըլլալուն կապակցութեամբ։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին ատենապետ Շիրինօղլու ըսաւ հետեւեալը.

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2019

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առաւօտ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի համար հակիրճ ձեւով մեկնաբանեց պատրիարքական ընտրութեան համար պետութեան կողմէ հասած կանոնադրութիւնը։ Ըստ իրեն, կանոնադրութեան հասած ըլլալը ողջունելի է, սակայն կարգ մը կէտերը կը համարուին ցաւալի։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2019

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան կանոնադրութիւնը երէկ Իսթանպուլի կուսակալութեան կողմէ պաշտօնեայի մը միջոցաւ ուղարկուեցաւ Գումգաբու։
Նախաձեռնարկ Մարմինը հերթական նիստին ժամանակ ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկեց պաշտօնական փաստաթուղթը եւ վաղը արտահերթ ժողով մը պիտի գումարէ՝ գործադրութեան ճանապարհին դիրքորոշումը յստակեցնելու համար։ Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան գործընթացի փուլերը պիտի հունաւորէ՝ ըստ իր լիազօրութիւններուն եւ պատասխանատուութիւններուն։
Ազգային պատգամաւորական ժողովի անդամներուն թիւը բարձրացած է 120-ի, անցեալ անգամուան 89-ին փոխարէն։ Թեկնածու պիտի կարենան ըլլալ միայն Աթոռին ենթակայ սրբազանները։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յայտնի խօսք մըն է. «Գայլին անունը ելած է, մինչ աղուէսն է որ աշխարհ կը քանդէ»։
Շատ անգամ անմեղ մարդիկ կը մեղադրուին պարզապէս անոր համար, որ իրենք «մեղաւոր» ճանչցուած են։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի անկախութեան 28-րդ տարեդարձը այս տարի առանձնակի շուքով նշուեցաւ: Ձեռնարկներուն մեծ մասը Կիւմրիի մէջ էր: Կիւմրին էր այս տարուան անկախութեան օրուան տօնական քաղաքը, որ պատշաճ կերպով ընդունեց եւ ճանապարհեց անկախութեան օրուան ձեռնարկին մասնակից հիւրերը:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2019

ՍԵԴՕ ՊՕՅԱՃԵԱՆ

Աւա՜ղ, Լոս Անճելըսի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մսխեց սփիւռքահայուն հետ սրտբաց զրուցելու ոսկէ առիթը։ Հանրահաւաքին ներկայ թէ եթերային միջոցով վարչապետի պատգամին հետեւող սփիւռքահայը իր հայրենիքի առաջնորդէն կ՚ակնկալէր ազգային հեռանկար, հաւաքական աշխատանքի ծրագիր, հայրենիքը եւ սփիւռքը հզօրացնելու տեսութիւն։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2019

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Հրեաներուն Զատիկը մօտ էր» (Յհ 2.13):
Մեկնութիւն. Եւ գիտելի է, թէ հրեաները պարտաւոր էին երեք հանդիսաւոր տօներու Երուսաղէմ երթալ, որ է Զատիկը, Պենտեկոստէն եւ Տաղաւարահարացը:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2019

Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն Պերճ Ութաշ այս առաւօտ խմբագրութեանս հետ հեռաձայնով կապ հաստատեց՝ տեղեկացնելով, որ հրաժարած է իր պաշտօնէն։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

23 սեպտեմբերը ուրիշ օրերէն տարբեր օր մը պիտի չըլլար, եթէ ան աշնանամուտի, աշնան օրերը աւետող օր մը չըլլար։ Սակայն 23 սեպտեմբերը աշնան օրերու նման տրտմալի, տրտմութենէ աւելի՝ կեանքին մութ կողմը ցոյց տուող օր մըն է այս տրուպ գրիչին համար։ Տարուայ այս օրը կարծես հոգեցունց՝ հոգին եւ ամբողջ կեանքը ցնցող, հոգին յուզող, կեանքի մը տարբեր երեսակը արտայայտող «օր» մըն է այս տողերը գրողին համար։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2019

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Թեքսաս նահանգի Սան Անթոնիոյ քաղաքէն։ Հոն ապրող Ռայըն ընտանիքի՝ հայր, մայր եւ երկու զաւակներ, մերթ ողբերգական եւ մերթ յուսադրական կեանքի ելեւէջները հարազատօրէն ներկայացնող պատկերն է այդ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2019

Երանաշնորհ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի վախճանման 20-րդ տխուր տարելիցը:
Լուսահոգի հայրապետի անձը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին ու ժամանակներու մէջ:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Անցնող շաբաթը Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին մէջ տարբեր առումներով ալ «ցնցող» ըլլալու բոլոր հիմնադրոյթները ունէր։
Մինչ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր վերջին շրջանի ամենաերկար մամլոյ ասուլիսներէն մին կու տար (ի դէպ Փաշինեանի լրագրողներու հետ այս երկար ձեւաչափի հարցազրոյցները կը կրեն այսօրուան իշխանութիւններուն ստորագրութիւնն ու մտայղացումը) եւ իր հարցազրոյցի ընթացքին արագ ակնարկ մը նետելով կը խօսէր Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետ Արթուր Վանեցեանի կողմէ ներկայացուելիք հրաժարականին մասին։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2019

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ մեր մամլոյ աշխարհի բազմամեայ սպասաւորներէն Կարպիս Ե. Մուրատեան շաբաթավերջին կնքած է իր մահկանացուն։ Թրքահայ մտաւորական կեանքի երիցագոյն ներկայացուցիչներէն մին էր ան, որ ծնած էր 1924 թուականին։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2019

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ նշուեցաւ Լուսաւորիչ երգչախումբի հիմնադրութեան 90-ամեակի յոբելեանը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ տուաւ օրուան պատգամը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2019

Հայաստանի վարչապետը աշխատանքային այցելութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին բազմակողմանի հանդիպումներ ունեցաւ Լոս Անճելըսի հայութեան շրջանակներուն հետ:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2019

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Պատարագիչն էր հոգեւոր հովիւ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2019

«Վարլըք» գրական-գեղարուեստական ամսագրին մէջ լոյս տեսած է շատ հետաքրքրական թարգմանութիւն մը, որ լոյս կը սփռէ թրքական շարժանկարի աշխարհի պատմութեան վրայ։ Յայտնի պարբերականի այս ամսուան թիւին մէջ տեղ գտած է 1950-ական թուականներուն ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի մէջ լոյս տեսած, Վահրամ Պալըքճեանի կողմէ ստորագրուած յօդուածներու թարգմանութիւնը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2019

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան կանոնադրութիւնը այսօր յետմիջօրէի ժամերուն հասած է Գումգաբու։ Պատրիարքարանի աղբիւրները տակաւին պաշտօնապէս ոչինչ հաղորդած են այս մասին։ Նախաձեռնարկ մարմինը այսօր երեկոյեան ժամերուն կ՚իրականացնէ իր հերթական ժողովը, որու աւարտին ամենայն հաւանականութեամբ համապատասխան յայտարարութիւնը կատարուի Պատրիարքարանի աղբիւրներուն կողմէ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2019

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը նշէ իր հիմնադրութեան 28-րդ տարեդարձը՝ համազգային հրճուանքով:
«Ինչպէս անկախութեան ձեռք բերուած բախտորոշ օրերուն, այսօր ալ պետութեան առջեւ կան մարտահրաւէրներ»:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան, դպրաց դասերուն եւ երգչախումբերուն ուղղուած 24 մայիս 1953 թուակիր Կոնդակին մէջ հետեւեալ յորդորական խօսքերով կը քաջալերէ դպրաց դաս երգչախումբերը։

Էջեր