Արխիւ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Խորհր­դա­րան մուտք գոր­ծել յա­ջո­ղած թրքա­հայ ե­րեք ե­րես­փո­խան­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ մեր ներ­կայ յօ­դուա­ծա­շար­քի այ­սօ­րուան բաժ­նին մէջ կը մէջ­բե­րենք նոյ­նինքն ի­րենց ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը։ Ե­րես­փո­խան­նե­րու երդ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան շար­ժա­ռի­թով զրու­ցե­ցինք Մար­գար Է­սաեա­նի (ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւն) եւ Սե­լի­նա Տո­ղա­նի (ՃՀՓ) հետ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ օժ­տուած է ա­զատ կամ­քով, ինչ որ կը նշա­նա­կէ՝ կրնայ գոր­ծել ա­զա­տօ­րէն եւ ը­նել կամ չը­նել ո­րե­ւէ բան, օգ­տուիլ բա­րիք­նե­րէ կամ հե­տե­ւիլ չա­րի­քի, ո­րոնց­մէ պա­տաս­խա­նա­տու է անձ­նա­պէս եւ ըստ այնմ պար­տա­ւոր է ըն­դու­նիլ իր ա­րարք­նե­րուն ա­մէն տե­սակ հե­տե­ւանք­նե­րը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20, 2015

Յայտ­նի ա­մե­րի­կա­ցի հա­ղոր­դա­վար Քո­նան Օ՚պ­րայն, որ իր «Քո­նան» հե­ռուս­տա­հա­ղորդ­ման ծի­րէն ներս վեր­ջերս այ­ցե­լած էր Հա­յաս­տան ու հե­տաքրքրա­կան հա­ղոր­դում պատ­րաս­տած՝ երկ­րի մա­սին, հար­ցազ­րոյց մը տուած է Հա­րա­ւա­յին Գա­լի­ֆոր­նիոյ հան­րա­յին ռա­տիո­յին (scpr.org)՝ շարք մը ու­շագ­րաւ ման­րա­մաս­նէր ներ­կա­յաց­նե­լով հա­յաս­տա­նեան ու­ղե­ւո­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20, 2015

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ Պա­քըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պետ Պիւ­լենտ Քե­րի­մօղ­լու խորհր­դա­կան նշա­նա­կած է Յով­հան­նէս Կա­րա­պե­տեա­նը, որ ան­ցեալ շրջա­նին եւս պաշ­տօն զբա­ղե­ցու­ցած էր նոյն քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն ներս։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2015

Է­ԼԻԶ ՇԱ­ՐԱՊ­ԽԱ­ՆԵԱՆ

Նա­խորդ շա­բաթ ներ­կայ ե­ղանք եր­կու ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու, ո­րոնց ըն­թաց­քին պատ­ւուե­ցան սփիւռ­քա­հայ եր­կու գրող­ներ, ար­ձա­կա­գիր` Մով­սէս Պչաք­ճեա­նը եւ բա­նաս­տեղծ Զահ­րա­տը:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2015

ՅԱ­ԿՈԲ ՎԱՐ­ԴԻ­ՎԱ­ՌԵԱՆ

Կա­րե­լի է այս­պէս վկա­յա­կո­չել այս փա­ռա­տօ­նը՝ «Յաղ­թա­նա­կի փա­ռա­տօն»:  Վեր­ջերս մշա­կու­թա­յին բարձր մա­կար­դա­կով  «Շու­շի» պա­րա­խում­բը ներ­կա­յա­ցաւ այս մեծ ոս­տա­նի հա­յու­թեան, երբ Նիւ Ճըր­զիի Ֆե­լի­շըն գո­լէ­ճի «Ճոն Պրես­լի­ն» հան­դի­սաս­րա­հը ապ­րե­ցաւ հայ ժա­մա­նա­կա­կից եր­գա­րուես­տի եւ պա­րի ան­մո­ռա­նա­լի ամ­բող­ջա­կան պա­հեր:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2015

«Երեւանեան հեռանկարներ» միջազգային երաժշտական փառատօնին շրջագծով կարեւոր իրադարձութիւն:
Ճոշուա Պելի գլխաւորութեամբ, Լոնտոնի Ս. Մարթին եկեղեցւոյ Սենեկային նուագախումբին բացառիկ համերգը:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հրա­տա­րակ­չա­կան բա­ժի­նը լոյս ըն­ծա­յեց «Քա­րոզ­գիրք (հե­ղի­նա­կա­յին քա­րոզ­ներ)» ժո­ղո­վա­ծոն։ Այս գոր­ծը կը հան­դի­սա­նայ «Ա­րա­րա­տի ժա­ռան­գու­թիւ­նը» շար­քին ա­ռա­ջին հա­տո­րը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2015

Ֆրան­սա­հայ աշ­խա­հարհռ­չակ եր­գիչ Շարլ Ազ­նա­ւուր նա­խըն­թաց ե­րե­կո­յեան հա­մեր­գով մը հան­դէս ե­կաւ Պրիւք­սէ­լի մէջ։ 91-ա­մեայ մե­ծա­նուն ա­րուես­տա­գէ­տը հեր­թա­կան ան­գամ կա­խար­դեց իր ունկն­դիր­նե­րը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ֆրանսահայ երգիչը կ՚ոգեկոչուի մահուան 30-ամեակին առթիւ՝ իր կատարումներով պայմանաւորուած համակրանքով ու յարգանքով:
Անոր կողմէ հիմնուած «Մարքալ» ձեռնարկութիւնը այսօր եւս գոյութիւն ունի եւ յառաջ կը տարուի իր ժառանգներուն ջանքերով:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2015

Փա­րի­զի ա­հա­ւոր ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձակ­ման պատ­ճա­ռած ցնցու­մի մթնո­լոր­տին մէջ՝ Ֆրան­սա­յի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լանտ ե­րէկ յայ­տա­րա­րեց, որ ամ­բող­ջու­թեամբ պէտք է վե­րաց­նել «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մը։ Ֆրան­սա­յի քա­ղա­քա­պետ­նե­րուն հետ մաս­նակ­ցած հա­մա­գու­մա&s

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2015

Պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ Սէն Փե­թերս­պուրկ գտնուող Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեան Ռու­սաս­տա­նի հիւ­սի­սա­յին մայ­րա­քա­ղա­քի նա­հան­գա­պետ Կէոր­կի Փոլ­թաւ­չեն­քո­յի հետ մաս­նակ­ցած է հայ ազ­գա­յին դա­սա­կան ե­րաժշ­տա­կան դպրո­ցի հիմ­նա­դիր, մեծ եր­գա­հան Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տի յու­շար­ձա­նի բաց­ման հանդի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2015

Հայաստան-ԱՄՆ Միջկառավարական տնտեսական յանձնաժողովին նիստը:
Պատուիրակութիւնները կը քննարկեն երկկողմանի գործակցութեան զարգացման հեռանկարները:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2015

«Թուրքիոյ եւ Յունաստանի գործակցութիւնը կրնայ փոխել ամբողջ Եւրոպայի հաւասարակշռութիւնները»։
Էրտողան եւ Տավուտօղլու երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեցին Ալեքսիս Ցիփրասը, որ այցելեց նաեւ Ֆենէր։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

26-րդ գու­մար­ման Թուր­քիոյ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի եր­դի­քին տակ ներ­կա­յա­ցուած է չորս կու­սակ­ցու­թիւն եւ ե­րես­փո­խան ընտ­րուած ե­րեք հա­յազ­գի ա­նուն­նե­րը կը պատ­կա­նին տար­բեր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու։ Այ­սինքն, խորհր­դա­րա­նի չորս կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէն ե­րե­քի խմբակ­ցու­թեան շար­քե­րէն ներս յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի գտնուի թրքա­հայ մէ­կա­կան ե­րես­փո­խան։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2015

Պոլսահայ վաստակաւոր խումբ մը կրթական մշակներ երէկ ապրեցան հաճելի օր մը՝ վայելելով իրարու անմիջականութիւնը:
Թրքահայ ուսուցչաց միութիւնը հաւաքոյթ մը կազմակերպեց դէպի Եըլտըզի ճեմապարտէզի Մալթայի ապարանքը:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ու­նե­ւոր ըլ­լալ, հա­րուստ ըլ­լալ, բայց չկորսնց­նել չքա­ւո­րի, աղ­քա­տի ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը… գի­տուն ըլ­լալ, սա­կայն  պա­հել ան­գէ­տի հա­մես­տու­թիւ­նը եւ խո­նար­հու­թիւ­նը։ Եւ ի­րա­պէս ե­րա­նե­լի՜ է այն հա­րուս­տը՝ որ չէ՛ կորսն­ցու­ցած աղ­քա­տի ազ­նուու­թիւնն ու ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը, եւ դար­ձեալ ո՜ր­քան գնա­հա­տե­լի է եւ վստա­հե­լի այն գի­տու­նը՝ որ կը պա­հէ ան­գէ­տի հա­մես­տու­թիւ­նը եւ խո­նար­հու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​26-րդ գու­մար­ման Թուր­քիոյ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վը ե­րէկ պաշ­տօ­նա­պէս աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կեց նո­րըն­տիր ե­րես­փո­խան­նե­րու երդ­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով։ Ե­րէկ գու­մա­րուած խորհր­դա­րա­նը մեծ նե­րուժ մը ու­նի՝ մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին երկ­րի կա­յու­նու­թիւնն ու զար­գա­ցու­մը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու տե­սան­կիւ­նէն։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015

Հա­յաս­տա­նի տղոց եւ աղջ­կանց ծան­րա­բար­ձու­թեան հա­ւա­քա­կան­նե­րը Քա­զա­նէն (Ռու­սաս­տան) մեկ­նե­ցան Հիուս­թըն (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ):

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015

«Արեւելք» կայքէջի վրայ կը կարդանք.-
Հա­լէ­պա­հայու­թեան հա­մար պատ­մա­կան եւ ո­գե­ղէն ար­ժէք ու­նե­ցող Սրբոց Քա­ռաս­նից Ման­կանց ե­կե­ղե­ցին հա­կա­ռակ ծանր ա­ւե­րա­ծու­թեան կը շա­րու­նա­կէ մնալ կան­գուն: «Ա­րե­ւելք» այս մա­սին տե­ղե­կու­թիւն ստա­ցաւ Հա­լէ­պի իր աղ­բիւր­նե­րէն:

Էջեր