Արխիւ
Գուգարաց թեմի առաջնորդը՝ Պատրիարքարանի իրադարձութիւններուն շուրջ:
Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան խստիւ կը քննադատէ Կրօնական ժողովի կողմէ որդեգրուած դիրքորոշումը:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ ամերիկահայ համայնքի նոր սերունդի ներկայացուցիչներէն Տքթ. Շէյտա Մելքոնեան վերջին շրջանին կ՚արձանագրէ յարատեւ վերելք ու որպէս հոգեբան՝ մանաւանդ Լոս Անճելըսի շրջանէն ներս կը դասուի իր ոլորտի յառաջատար մասնագէտներու շարքին։ Շէյտա Մելքոնեան ուսում ստացած է հեղինակաւոր համալսարաններու մէջ եւ ներկայիս կը ծաւալէ բազմակողմանի գործունէութիւն
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին տարուան ընթացքին ունի պահեցողութեան զանազան առիթներ, որոնք տարբեր անուանումներ ունին, ինչպէս՝ Օրական, Քառասնորդական, Յիսնակաց, Նաւակատեաց, Առաջաւորաց եւ Շաբաթական։
Նախքան մանրամասութիւններուն անցնիլը, փորձենք հասկնալ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ պահք եւ ինչո՞ւ հաւատացելը պէտք է պահք պահէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ո՛վ որ ծարաւ է՝ թող ինծի գայ եւ խմէ։ Ով որ ինծի կը հաւատայ, ինչպէս Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ.- Անոր սիրտէն կենսատու ջուրի գետեր պիտի բղխին», (ՅՈՎՀ. Է 37-38)։
Տաղաւարահաց տօնը, գաւառներու ժողովուրդը իրարու մօտ էր բերած, անոնք եկած էին կրօնական հանդիսութիւններու մասնակցելու, եւ կեանքը կը շարունակէր իր սովորական ընթացքը վրաններու տակ։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Երկնքի ու երկրի ստեղծումէն ետք, տակաւին բուսական ու կենդանական աշխարհը գոյութեան չեկած, Աստուծոյ առաջին արարքը կ՚ըլլայ մարդը ստեղծել։ Ադամամարդի ստեղծումէն ետք, Աստուած չ՚ուզեր մարդը լքել եդեմին մէջ, այլ կ՚ուզէ անոր օգնական արարածներ տալ։ Հետեւաբար, կնոջ ստեղծումէն առաջ կենդանիներ կը ստեղծէ։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը մասնաւոր յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։
Պետրոս Շիրինօղլու. «Բոլորս դաս քաղենք Պատրիարքարանի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններէն եւ իրարու դէմ չտրամադրուինք հաշուեյարդարի համար»։
Աշխարհի մէջ գրեթէ ամէն երկրէ ներս կը տօնուի Սիրահարներու օրը։ Այս տօնին առթիւ մարդիկ կը գնեն զանազան նուէրներ, իրենց սիրած անձերուն նուիրելու համար։
Այս տարի ամերիկացի սպառողները Ս. Վալընթայնի օրուան առթիւ նուէրներու ձեռքբերման համար ծախսերը աւելցուցած են մինչեւ մրցանշային մակարդակ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահոց շրջանի ամենակարեւոր ապրումն է «զղջում»ը, որ հետեւա՛նքն է ներհայեցողութեան, ինքնաճանաչութեա՛ն։ Արդարեւ, այս շրջանը առիթ մըն է անդրադառնալու ամէն մէկը իր ներաշխարհին եւ հոն փնտռելու եւ գտնելու՝ այն ամէն ինչ որ կ՚արատաւորէ, կ՚ապականէ հոգին եւ արդէն պղտոր միտքը՝ աւելի եւս պղտորութեան եւ անորոշութեան կը մատնէ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն տարածքաշրջանային ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Այս ամբողջէն ներս նախատեսուած են նաեւ իր շփումները Թուրքիոյ մէջ։
Թրքահայ ուսուցչաց միութեան նորընտիր վարչութիւնը երէկ հիւրընկալեց համայնքային վարժարաններու տնօրէնները։ Ինչպէս ծանօթ է, միութեան նորընտիր վարչութիւնը վերջին շրջանին աշխոյժ թափով յառաջ կը տանի բազմակողմանի շփումներ համայնքային շրջանակներէն ներս։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը երէկ այցելութիւն մը տուաւ Սփիւռքի նախարարութիւն:
Կարէն Կարապետեան. «Լայն հնարաւորութիւններ կան՝ ծրագիրներու մէջ ներգրաւելու համար մեր հայրենակիցները»:
Պուլկարիոյ նախագահ Ռումէն Ռատեւ աւարտեց իր պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Երեւան, ուր հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Ուղեւորութեան ծրագրի շրջագծէն ներս պուլկար ղեկավարը այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր ընդունուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին այսօր կը նշէ Տեառնընդառաջը՝ քառասնօրեայ մանուկ Յիսուսի՝ տաճար ընծայման տօնը։ Այս առթիւ երէկ երեկոյեան Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ՝ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ ազդարարուեցաւ այս կարեւոր տօնը։ Երեկոյեան ժամերգութեան յաջորդեց նախատօնակը, որմէ վերջ տեղի ունեցաւ տարուան առաջին Անդաստանի կարգը։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որ Պատրիարքարանի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն զուգահեռ թողուց տեղապահի պաշտօնը, երէկ հրաժեշտ առաւ քաղաքէս։ Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ իրեն ողջերթ մաղթեցին խումբ մը համակիրներն ու Սուրբ Խաչ դպրեվանքի շրջանակներէն դէմքեր։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ ուշ գիշերին յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Պատրիարքական Աթոռի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Ստորեւ նոյնութեամբ կը հրատարակենք այս լուսաբանութիւնը։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Հիփոքրաթի ուխտեալ հետեւորդները այսօր կը սգան իրենց հանրածանօթ դասակիցներէն Փրոֆ. Տքթ. Յակոբ Կոթողեանի անդարձ մեկնումը։ Հանրածանօթ մորթաբանը, իր ծով փորձառութեամբ եւ գիտութեամբ ծառայեց մարդկութեան, հաւատարիմ մնալով իր ուխտին։
Գարակէօզեան Տան «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցի յարկէն ներս Բարեկենդանը նշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Աշխատանոցի ծրագրերուն մասնակից յիսունութ փոքրիկներ մասնակցութիւն բերին կազմակերպուած խրախճանքին։
Պէզճեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ, Գումգաբուի համանուն սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի առթիւ գեղարուեստական երեկոյթ մը։ Մեներգիչ Ասատուր Պալճեան, դաշնակահար Էտվին Կալիպօղլու, ասմունքող Տիանա Չիլինկարեան ու նոյնպէս մեներգիչ Տիգրան Պեսքիսիզեան ճոխ յայտագիր մը գործադրելով հաճելի ժամանց պարգեւեցին հանդիսատեսներուն։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանը հարցազրոյց մը ըրաւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդին հետ:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան. «Պետութեան համար անձերը կարեւոր չեն եւ ո՞վ ըսաւ, որ ես անընդունելի եմ»:
«Պաքուէն հնչած վերջին յայտարարութիւնները կը վկայեն պատրաստակամութեան պակասի մասին»:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Ղարաբաղեան հարցը պիտի լուծուի, եթէ Ատրպէյճան հրաժարի առաւելապաշտութենէ»: