Արխիւ
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի միջեւ ծագած տագնապը կարգաւորուեցաւ համայնքին տեսակէտէ իսկական յաղթանակով. անոնք յառաջիկայ Երեքշաբթի միասնաբար պիտի ուղեւորուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ տեսակցելու համար Վեհափառ Հայրապետին հետ։
Եւ ճգնաժամը շրջանցուեցաւ։
Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ խումբ մը ազդու ազգայիններու մասնակցութեամբ, Պատրիարքարանի մէջ երէկ երկու սրբազանները ունեցան հանդիպում մը եւ արդիւնքին օրինակելի զոհողութեամբ ու յանձնառութեամբ որոշեցին՝ մէկ կողմ թողուլ անձնական հարցերը, բնականոնացնել իրենց յարաբերութիւնները, դարձեալ համագործակցիլ հաւաքական շահերու գիտակցութեամբ ու պատասխանատուութեամբ։
Անցումային բարդ շրջանի պայմանները փոփոխութեան պիտի չենթարկուին եւ մօտալուտ հանրաքուէէն վերջ դիմում պիտի կատարուի պատրիարքական ընտրութեան համար։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Յագեցեալ օր մը ապրեցաւ երէկ մեր համայնքը։ Վերջին շուրջ ինն տարուան՝ պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ իրադարձութիւններու ամբողջին մէջ բեկումնային նշանակութիւն ունեցաւ երէկուան օրը։
Պատրիարքարանէն ներս վերջին օրերուն ծագած տագնապէն վերջ, այս առաւօտեան այգաբացը յարաբերաբար աւելի լաւատես եղաւ թրքահայութեան տեսակէտէ։ Այս առումով արդար գնահատանքի արժանի են՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որոնք արդարացուցին ակնկալութիւնները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամբողջ մարդկային պատմութեան ընթացքին, բոլոր դրութիւններու կողմէ, թէ՛ բարոյապէս, թէ՛ կրօնական տեսակէտով արգիլուած է մարդ սպաննելը։ Ուստի Տասը Պատուիրաններուն հինգերորդն է՝ «Մի՛ սպաններ» (ԵԼՔ. Ի 13)։
Հիւսիսային Գալիֆորնիոյ մէջ աւելի քան 180 հազար մարդիկ հեռացուեցան իրենց տուներէն, երբ Միացեալ Նահանգներու ամենէն բարձր ամբարտակի յորդման ջրանցքը առատ անձրեւներուն պատճառով տկարացաւ:
RFI միջազգային ֆրանսական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդում պատրաստած է այն մասին, թէ Ֆրանսայի մէջ բնակող հայերը ո՞վ կ՚ուզեն տեսնել իբրեւ երկրի յաջորդ ղեկավար:
Քաղցկեղէ տառապող երախաներու դարմանման ուղղեալ բարեգործական խանդավառ համերգ:
Ձեռնարկը կազմակերպուեցաւ Առաջին տիիկին Ռիթա Սարգսեանի հովանաւորութեամբ, «Նուրիէ՛ կեանք» հիմնարկին կողմէ:
Հայաստանի Գրողներու միութիւնը վերջերս յանձնեց այս տարուան «Հրանդ Մատթէոսեան» մրցանակը։ Գրողներու միութեան նախկին նախագահ, մեծանուն արձակագիր Հրանդ Մատթէոսեանի յիշատակին ձօնուած այս մրցանակը հաստատուած է 2005 թուականին։
Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի յայտարարեց, որ իր երկրի եւ Ռուսաստանի միջեւ յարաբերութիւնները կը գտնուին «ռազմավարական համբերութեան» դրութեան մը մէջ։ Իր խօսքերով, սա ունի իր բարդ կողմերը եւ Թիֆլիզի ղեկավարութիւնը միջազգային բոլոր հարթակներու վրայ կը խօսի այս մասին։
Երեւանի Մատենադարանի նոր տնօրէնի նշանակման սպասումները կը շարունակուին։ Տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր-Ղեւոնդեան վերջերս անդրադարձաւ այս գործընթացին։
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան յայտարարեց. «Մենք ինչ որ ընենք, պէտք է ընենք խելացութեամբ։ Տարածքաշրջանը, հարեւանութիւնը, փոխադրութեան լոժիսթիքը եւ ամէն ինչը կը պարտադրեն, որ մենք ըլլանք խելացի եւ կիրթ։ Այս իսկ պատճառով մեր հիմնական դրամագլուխը մարդն է եւ ան պէտք է ըլլայ գրագէտ, խելացի, հաշուարկելու ընդունակութեամբ»։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Լրագրող, հրապարակագիր Թաթուլ Յակոբեանի հիմնած Հայկական ուսումնասիրութիւններու ԱՆԻ կեդրոնը Երեւանի «Արթպրիճ» սրճարան-գրախանութին մէջ նախընթաց օր հանդիպում մը կազմակերպած էր, ընթերցասէրներուն համար։ Այս առթիւ Թաթուլ Յակոբեան ներկայացուց իր աշխատասիրութեամբ վերահրատարակուած «Ազգ եւ հայրենիք» հատորը, որ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան առաջին վարչապետ՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի գիրքն է:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Սառցաշիթերէն կաթիլ-կաթիլ ջուր կը հոսի:
Արեւուն ջերմութենէն կը հալի սառը,
ձիւնածածկերը կը խտանան,
կը բարակնան հետզհետէ,
ձիւնէն յագեցած հողը ծիլեր կ՚արձակէ,
կը փսխէ կարծես ջուրէն, սառէն խեղդուած
կոկոններ կը գոյանան ձնծաղիկներու:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուածադիր զգացում մըն է «ներողամտութան ոգի»ն մարդուն մէջ։ Քրիստոս իր ամբողջ կեանքին մէջ կ՚ուզէ արթնցնել այս զգացումը մարդուս մէջ՝ իր քարոզներով, խրատներով եւ առաքելութեամբ, որ թմրած եւ անզգայացած էր, մարդիկ օտարացած էին ներողամտութեան ոգիին։ Քրիստոնէութեամբ, ներողամտութիւնը ստացաւ նոր նկարագիր եւ իմաստ՝ որով հետզհետէ օժտուեցան մարդիկ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Տարեսկիզբին, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցած սուրբ ծննդեան աւանդական ընդունելութեան ընթացքին, համայնքային վարիչներու եւ բազմաթիւ հոգեւորականներու ներկայութեամբ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ այժմ արդէն հրաժարեալ՝ այդ պահու դրութեամբ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան փոխանակեցին դրուատալից խօսքեր։ Երկուքն ալ անդրադարձան պատրիարքական ընտրութեան հարցին։
Արամ Սրբազան կրնայ հրաժարիլ:
Ինչպէս երէկ հաղորդած էինք, այսօր, երեկոյեան ժամերուն, Գումգաբուի մէջ, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի կ՚ունենայ շատ կարեւոր համայնքային ժողով մը։ Թէեւ VADİP-ի ձեւաչափին մէջ նախատեսուած է այս ժողովը, սակայն մասնակցութիւնը կ՚ըլլայ լայնախարիսխ։
«Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի նախաձեռնութեամբ երրորդ տարին ըլլալով Տաթեւ համայնքին մէջ Տեառնընդառաջի տօնը առանձնայատուկ կերպով նշուած է:
Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան դատարկած է Պատրիարքարանի սենեակը ու երէկուան դրութեամբ մեկնած՝ Պաքըրգիւղի հօրենական բնակարանը:
Կրօնական ժողովի հրաժարեալ ատենապետը յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին. «Եկեղեցի չեմ երթար՝ կրնայ սխալ հասկցուիլ, բայց հրաժարականս չեմ պաշտօնականացուցած»:
Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանի հրաժարականին զուգահեռ՝ համայնքային շրջանակները լուծում մը կը փնտռեն առկայ ճգնաժամին եւ թափ կը ստանայ պատրիարքական ընտրութեան հարցը:
Վաղը՝ Գումգաբուի մէջ կարեւոր ժողով:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Պետրոս Շիրինօղլու երէկ խորհրդակցեցան հեռաձայնով առկայ կացութեան շուրջ: