Արխիւ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017

Արեւելեան գործընկերութեան եւ Վիշեկրատեան քառեակի նախարարներուն ժողովը:
Նալպանտեան խօսեցաւ տարածքաշրջանային կայունութեան եւ զարգացման խթանման շուրջ:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017

ՈՒԷՖԱ եւ ՖԻՖԱ համատեղ ներդրումներ կ՚ընեն Հայաստանի մարմնամարզի զարգացման համար:
Ֆութպոլի նոր ակադեմիոյ շինարարութեան աշխատանքները յառաջիկայ Հոկտեմբերին պիտի հասնին իրենց աւարտին:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը վեր­ջին օ­րե­րուն Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ըն­դու­նեց Ե­րե­ւա­նի «Մխի­թար Հե­րա­ցի» պե­տա­կան բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նի ու­սա­նող­նե­րը, հա­մա­նուն Ա­ւագ դպրո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին վի­րա­ւո­րուած զի­նուոր­ներ։ Խում­բը Մայր Ա­թոռ այ­ցե­լեց Պե­տա­կան բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սուչ Ար­մէն Մու­րա­տեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն ԶԻ­ՊԷՉ-ի ըն­տա­նի­քին հա­մար կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Ս. Զատ­կի խրախ­ճանք մը։ Հո­գա­բար­ձու­թեան ան­դամ­նե­րէն Կար­պիս Փո­լա­տի ներ­կա­յու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հա­ւա­քոյ­թը, ո­րու կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը ի­րա­կա­նա­ցուե­ցան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րու­հի Սիլ­վա Թրի­քա­յի կող­մէ։ Կար­պիս Փո­լատ զատ­կուան կար­միր հաւ­կիթ­ներ յանձ­նեց ԶԻ­ՊԷՉ-ի ա­շա­կերտ­նե­րուն, ո­րոնք հա­ճե­լի ժա­մանց ու­նե­ցան ի­րենց պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն ներ­կա­յու­թեան։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017

Շէօր­լի Կիպ­սըն եւ իր ա­մու­սի­նը Հե­րի­սըն կը բնա­կին մայ­րա­քա­ղաք Ո­ւա­շինկ­թը­նի հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան շրջա­նը։ 1997 թուականին, ա­նոնց քսանեօթ տա­րե­կան ոս­տի­կան մանչ զա­ւա­կը՝ Պրա­յն, ոս­տի­կա­նա­կան իր ինք­նա­շար­ժին մէջ նստած՝ կը սպան­նուի, են­թար­կուե­լով դա­րա­նի մը (ambush):

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Հան­րա­կառք բարձ­րա­ցայ ու ա­հա տուն կ՚եր­թամ: Լաւ է ա­զատ տեղ մը կայ, կը նստիմ գո­նէ, թէեւ այդ­քան ալ հե­ռու չէ տունս, բայց կար­ծես յոգ­նե­ցայ ոտ­քի կե­նա­լէն, այս­պէս խոր­հե­լով, ժպտե­լով, գո­հա­ցած ու ե­կե­ղեց­ւոյ շա­րա­կան­նե­րէն յա­գե­ցած նստայ հան­րա­կառ­քի ա­զատ նստա­րա­նին վրայ: Բայց ա­հա, չար սա­տա­նան կար­ծես իր գոր­ծը պի­տի տես­նէ, զիս ժպտուն տես­նել չի սի­րեր կ­­՚ե­րե­ւի. կողքս նստած մի­ջին տա­րի­քի տղա­մարդ մը, ձեռ­քիս ծաղ­կեպ­սակն ու փուն­ջը տես­նե­լով կը հարց­նէ.

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Ամ­բողջ մարդ­կու­թեան պատ­մու­թիւ­նը կը վկա­յէ միա՛յն մէ­կու մը անձ­նուի­րու­թեան՝ որ իր կեան­քը զո­հած է բո­լոր մարդ­կու­թեան հա­մար։ Ար­դա­րեւ, Յի­սուս իր կեան­քը զո­հեց հա­մայն մարդ­կու­թեան փրկու­թեա­նը հա­մար, հա­մայն մարդ­կա­յին ցե­ղին հա­մար՝ խա­չին վրայ, որ ա­պա ե­ղաւ մարդ­կու­թեան փառ­քը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017

Շիշ­լի մար­զա­կում­բի վար­չու­թիւ­նը Ս. Զատ­կի առ­թիւ խրախ­ճանք­ներ կազ­մա­կեր­պեց իր ձմրան դա­սըն­թացք­նե­րուն մաս­նա­կից ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Շիշ­լիի դա­սըն­թացք­նե­րը տե­ղի կ՚ու­նե­նան թէ՛ ա­կում­բի հա­ւա­քա­տե­ղիի մար­զաս­րա­հին եւ թէ Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի «Եդ­քին Պէր­պէ­րօղ­լու» մար­զաս­րա­հին մէջ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ տօ­նե­ցին Ս. Զատ­կի մօ­տա­լուտ գա­լուս­տը:
Ե­րեք­շաբ­թի ա­ռա­ւօտ վար­ժա­րա­նի հան­դի­սաս­րա­հը գե­ղեց­կօ­րէն զար­դա­րուած՝ սի­րով կը դի­մա­ւո­րէր իր Զատ­կի հիւ­րե­րը:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2017

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը վեր­ջերս հեր­թա­կան ան­գամ յա­ջո­ղու­թիւն մը ար­ձա­նագ­րե­ցին ճատ­րա­կի մէջ։ Այս­պէս, դպրո­ցի խում­բը ա­խո­յեան հան­դի­սա­ցաւ «Տար­րիւ­շա­ֆա­քա» կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն կող­մէ վեր­ջերս կազ­մա­կերպուած ճատ­րա­կի մրցա­շար­քի ար­դիւն­քին։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2017

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ս. Զատ­կի հան­դէս մը։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս նա­խակր­թա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րուն հա­մար ա­ռանձ­նա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ այս ձեռ­նար­կը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2017

Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ պատ­րաս­տուած, սա­կայն Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի կող­մէ մեր­ժուած հա­մա­ձայ­նու­թեան նա­խա­գի­ծը, ո­րուն մա­սին զա­նա­զան լու­րեր հրա­պա­րա­կուե­ցան վեր­ջին օ­րե­րուն հա­մայն­քա­յին մա­մու­լին մէջ։ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան ե­րէկ հրա­պա­րա­կեց այդ ձա­խո­ղած նա­խագ­ծի ամ­բողջ բո­վան­դա­կու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2017

Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան վերջնականօրէն մերժեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի առաջարկած համաձայնութիւնը:
Ընտրեալ-տեղապահը այսօր կը վերադառնայ Մարսէյլէն ու կը մասնակցի Աւագ շաբթուան արարողութիւններուն:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2017

​Բան­կալ­թիի խաչ­մե­րու­կին վրայ ներ­կա­յիս բա­ցուած է նոր ճա­շա­րան մը, որ կը կո­չուի «Փա­շա տէօ­նէր»։ Շատ բա­նուկ կէ­տի մը վրայ բա­ցուած այս ճա­շա­րա­նին սե­փա­կա­նա­տէ­րերն են՝ Տա­րօն Թո­րոս, Սե­ւան Սել­վի­լէր եւ Սե­լա­հատ­տին Չա­լըշ­քան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2017

Ե­րէկ, Տիար­պա­քը­րի մէջ պա­տա­հե­ցաւ սաս­տիկ պայ­թում մը։ Քա­ղա­քի Անվտան­գու­թեան տնօ­րէ­նու­թեան յա­ւե­լեալ ծա­ռա­յու­թեան շէն­քին մէջ պա­տա­հե­ցաւ այս պայ­թու­մը, ո­րու հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուե­ցաւ ե­րեք ոս­տի­կան։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը նախ հա­ղոր­դե­ցին, որ այդ պայ­թու­մը պա­տա­հած էր՝ զրա­հա­պատ ինք­նա­շար­ժի մը նո­րո­գու­թեան ըն­թաց­քին։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2017

Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն վերջ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ սկսած են Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան (ՀՀԿ) եւ Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան (ՀՅԴ) մի­ջեւ։ ՀՅԴ­-ի խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Ար­մէն Ռուս­տա­մեան ե­րէկ խորհր­դա­րա­նին մէջ լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ժա­մա­նակ յայտ­նեց, որ եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կած են հա­մա­խո­հա­կան իշ­խա­նու­թիւն մը կազ­մե­լու հա­մար։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2017

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց Միխէյիլ Ճանելիծէն:
Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւններուն մէջ վերջին տարիներուն արձանագրուած են շօշափելի զարգացումներ:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2017

ՃՀՓ­-ի Իս­թան­պու­լի մաս­նա­ճիւ­ղի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ե­րէկ պահ­քի սե­ղան մը սար­քեց քա­ղա­քիս փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հա­մար։ Շիշ­լիի «Մա­րիոթ» պան­դո­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հա­ւա­քոյ­թը, որ ան­ցաւ հա­ճե­լի մթնո­լոր­տի մը մէջ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2017

Սի­րե­լի­ներ,
Ինչ­պէս ծա­նօթ է, մե­րազն ժո­ղո­վուր­դին, 3 Ապ­րիլ 2017-ին Իս­թան­պու­լի Պատ­րիար­քա­րա­նին մէջ խորհր­դակ­ցա­կան հան­դի­պում մը ու­նե­ցանք Բարձշ. Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նին հետ, ո­րուն մա­սամբ ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ Գերշ. Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան եւ Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նո­ցի Հո­գա­բար­ձու­նե­րու Խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Պրն. Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​«Ուղ­ղամ­տու­թիւն» ա­հա­ւա­սիկ մո­գա­կան, հմա­յիչ բառ մը, որ շա­տեր կը սե­փա­կանց­նեն, ի­րենց կը վե­րագ­րեն զայն։ Ո­մանք ալ, դժբախ­տա­բար, հեգ­նա­կան քմծի­ծա­ղով մը կը դի­մա­ւո­րեն ուղ­ղամ­տու­թիւ­նը եւ զայն կը նոյ­նաց­նեն ան­ճա­րա­կու­թեան հետ։

Էջեր