Արխիւ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2025

Պէյօղլուի գաւառապետ Աթաքան Աթասոյ երէկ հիւրընկալեց փոքրամասնութիւններու շրջանակներէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, ան Պէյօղլուի շրջանի փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու, զանազան միութիւններու կամ մարզակումբներու վարչայիններուն հետ մէկտեղուեցաւ նախաճաշի սեղանի մը շուրջ, ուր ներկայ էր նաեւ իր կողակիցը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հաղորդակցական գործառոյթը, ինչպէս արդէն ծանօթ է, կարեւորագոյն տեղ կը գրաւէ մարդու կեանքին մէջ։ Մարդը իր բնոյթով ընկերային էակ մըն է եւ առանց հաղորդակցութեան կարելի չէ երեւակայել անոր լիիրաւ մասնակցութիւնը հասարակութեան կեանքին։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2025

ԱՆՊԱ ՄՈՒՍԱ
Հայացուց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեր այսօրուան եւ յառաջիկայ շաբաթներուն այս սիւնակով մեր սիրելի՛ ընթերցողներուն արաբերէնէ թարգմանաբար պիտի ներկայցնենք Ղպտի քոյր Եկեղեցւոյ երէց սերունդի հոգեւորականներէն՝ Անպա Մուսայի՝ Մովսէս Եպիսկոպոսի, որ Ղպտի եկեղեցւոյ երիտասարդութեան բաժանմունքի տնօրէնն է:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Թերացումներ, պարտականութեան անտեսումներ՝ զանցառումներ բնական են մարդուս համար, քանի որ ան թերութիւններ, տկարութիւններ ունի եւ անկատա՛ր է։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հին յոյն պատմիչ Հերոդոտոս իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը յայտնէ հետեւեալ տարօրինակ ու հակասական միտքը. «Յաճախ կը պատահի մարդու կեանքին մէջ, որ դժբախտութիւնը երջանկութիւն կը բերէ». դժբախտութիւն ու երջանկութիւն.

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2025

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ շաբաթավերջին կազմակերպուած՝ երկրորդ «Ուսուցիչէ ուսուցիչ» աշխատաժողովին ժամանակ ծաւալուած քննարկումներու առանցքին էին հայոց լեզուի եւ մշակոյթի փոխանցման հարցերը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2025

Մեծ կղզիի մէջ շաբաթավերջին բացուեցաւ՝ «Իշխանաց կղզիները նկարահանածներ» խորագրեալ լուսանկարչութեան խրախճանք մը։ Կղզեաց թանգարանէն ներս կեանքի կոչուեցաւ ձեռնարկը, որու քիւրաթէօրն էր Ալպերթօ Մոտիանօ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2025

ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ունեցած ելոյթէն վերջ վարչապետը կը մասնակցի Եւրոխորհուրդի ԽՎ-ի նստաշրջանին:
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի՝ TRIPP ուղին կը կառավարուի Հայաստան-ԱՄՆ երկկողմանի որոշուելիք գործարար մոտելով մը:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2025

Իսթանպուլի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ շահեկան ցուցահանդէս մը, որու պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին համախմբելով հետաքրքիրներ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2025

Երէկ, Վարագայ Ս. Խաչի տօնին առթիւ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2025

Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը շաբաթավերջին կեդրոնացած էր Սամաթիոյ վրայ, ուր սարքուեցաւ 2025-2026 շրջանի առաջի սիրոյ սեղանը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ Վարագայ Ս. Խաչի տօնի շաբաթավերջին տեղի ունեցան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնն ու թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանին ի նպաստ հերթական հանգանակութիւնը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2025

Շաբաթավերջին, Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր աշխատաժողով մը, որ առիթ հանդիսացաւ թրքահայ կրթադաստիարակչական օրակարգի զանազան երեսակներու քննարկման։ Կրթական մշակներու մեծ հաւաք մըն էր այս մէկը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2025

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Երեւանի մէջ ուսանած տարիներուս, իւրաքանչիւր տարուան սեպտեմբերի 26-ին, կափ-կարմիր վարդեր գնած՝ Կոմիտասի անուան պանթէոն կ՚երթայի. Կոմիտասի ծննդեան օրն է սեպտեմբերի 26-ը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Օսմանեան կայսրութեան մէջ եղած են հայ եւ ծագումով հայ գեղանկարիչներու բազում անուններ, որոնք իրենց մշակութային ժառանգութիւնը ձգած են համայնքի, կայսրութեան եւ նաեւ՝ համաշխարհային արուեստի պատմութեան մէջ, սակայն ժամանակի ընթացքին անոնց շատերուն անունները աստիճանաբար մոռացութեան ուղին բռնած են։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մարդկային կեանքին մէջ վախերը անբաժան մաս կը կազմեն։ Ամէն մարդ իր ներսիդին որոշ վախեր կը կրէ՝ երբեմն անգիտակցաբար, երբեմն ալ բացայայտ կերպով։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոգեւոր բաներու վրայ խօսելու ժամանակ մարդիկ ընդհանրապէս կը գործածեն վերաբանութիւն կամ նմանութիւն։ Մտքի եւ մտաւոր գործողութիւններու վերբերեալ գաղափարներ, ըմբռնումներ այս կերպով միայն կրնան բացատրուիլ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կոմիտասի երգերը այսօր լսելով ինչքանո՞վ կ՚ազդուի մարդ՝ չեմ գիտեր, սակայն գիտեմ, որ բոլոր անոնք, որոնք Կոմիտասը հարազատ աչքերով տեսնելու, ականջներով լսելու բախտաւորութիւնը ունեցած են, ապրած են աննկարագրելի զգացում մը՝ որ բառերով դժուար թէ կարելի ըլլայ բացատրել:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2025

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Միչիկընի «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» լիսէէն խումբ մը սաներ, որոնք ստացան իր օրհնութիւնը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2025

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան նախընթաց օր այցելեց խմբագրատունս ու մեզի նուիրեց Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ վերաօծման ու պաշտամունքի վերաբացման առթիւ անցեալ գարնան տեղի ունեցած արարողութիւններուն շուրջ պատրաստուած ալպոմ-գրքոյկը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2025

ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներու շրջանակներէն ներս, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ մասնակցեցաւ Մեծն 20-եակի (G20) նախարարական հանդիպման։

Էջեր