Արխիւ
Եկեղեցւոյ դէմ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու կողմէ չընդհատուող հալածանքները վերջին օրերուն արտայայտուեցան անօրինակ նոր դրսեւորումներով։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ հրատարակիչ, խմբագիր ու գրող Ռոպէր Քոփթաշի գրական աշխարհէն ներս վերելքը կը շարունակուի։ Շուրջ տարի մը առաջ «Իլէթիշիմ» հրատարակչութենէն լոյս տեսած «Unufak» վէպը արդէն արժանացած է կարեւոր մրցանակի մը։
Երեւանի նորաձեւութեան շաբաթէն կը ցոլանան ուշագրաւ դրուագներ։ Գեղարուեստի, մշակոյթի եւ ընկերային նոր հոսանքներու խաչաձեւման կէտին վրայ կը բիւրեղանան արդի կենցաղի դրսեւորումներ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ամէն անգամ, որ փողոցներու մէջ ցուցարարներ տեսնեմ, կամ հանդիպիմ, կամ այդ մասին կարդամ եւ լսեմ, անպայման ողորմած հօրս այս մասին իր օրինակելի պատումները կը վերյիշեմ: Հայրս, մեզի զանազան առիթներով եւ հպարտօրէն պատմած էր, թէ «Ֆրանսան, երբ Իսքէնտէրունը Թուրքիոյ յանձնեց...»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեր պատմութեան ամենէն մթոտ ժամանակաշրջաններէն մէկն է որ կ՚ապրինք:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ճէյն Կուտոլը՝ անգլիացի գիտնականը, մարդաբանը, բնապահպանը, բարոյախօսը եւ սեւակապիկներու մեծ մասնագէտը, հեռացաւ կեանքէն իննսունմէկ տարեկանին՝ իր ժամանակին քանդելով գիտութեան սահմանները եւ նուաճելով սիրտեր։
Մասեացոտնի թեմի առաջնորդն ու հոգեւոր սպասաւորները երէկ այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին: Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը պատգամեց ըլլալ կենդանի քարոզութիւն՝ որպէս քաջ ու նուիրեալ հովիւներ:
Սիրելի Արա,
Սրտանց կը շնորհաւորեմ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 118-րդ տարեդարձը։
Անգարայի ղեկավարութիւնը որոշած է բարձր պատուի մը արժանացնել ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսը։ Թուրքիոյ կարեւորագոյն մրցանակներէն մին պիտի շնորհուի իրեն։
Փարիզի Խաղաղութեան 8-րդ ֆորումի շրջանակներէն ներս Փաշինեան-Մաքրոն հերթական հանդիպում: TRIPP-ի նշանակութիւնը կը բիւրեղանայ` աշխարհի վրայ առկայ մատակարարման շղթայի տագնապի լոյսին տակ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ այս առաւօտ հանդիպում մը ունեցան Հարաւային Քորէայի Պուսան քաղաքին մէջ։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի տանտիրութեամբ Պեշթեփէի համալիրէն ներս շքեղ երեկոյթ: 29 Հոկտեմբերի տօնին Անգարայի մէջ Պատրիարքական Աթոռը ներկայացուց Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Իւրաքանչիւր ծառ իր պտուղէն պիտի ճանչցուի». (ՂՈՒԿ. Զ 44)։ Ծառը իր տեսակին համեմատ պտուղ կ՚արտադրէ. բնական իրողութիւն մըն է ասիկա։ Ուստի, եւ ծառին տեսակը եթէ լաւ է՝ լա՛ւ պտուղ կ՚արտադրէ, եթէ գէշ է, արտադրութիւնն ալ բնականաբար անոր համեմատ կ՚ըլլայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հաւատացէ՛ք, որ Հայաստանի քաղաքականութեան եւ եկեղեցի-իշխանութիւն յարաբերութեան մասին գրել չենք ուզեր, սակայն, շատ մը երեւոյթներ այնքա՛ն անհանդուրժելի կը դառնան, որ կամայ թէ ակամայ մենք մեզի դարձեալ կը գտնենք այս նիւթին մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Հռոմի մէջ մասնակցեցաւ «Քրիստոնեաներու աղօթք»ին, որ տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ Քոլոսէումի մէջ։ Այս աղօթքը բնորոշեց Ս. Էճիտիօ միաբանութեան տարեկան հաւաքի եզրափակիչ փուլը։
Էսաեանի աշխարհատարած սաները համակուած վարժարանի հիմնադրութեան 130-ամեակի հրճուանքով:
Էսաեանցիներու աւանդական բաժակի օրը սերունդներու միասնականութեան տօնախմբութեան մը վերածուեցաւ:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Ֆրիտրիխ Նիցչէի «Ջրադաշտ»ին մէջ կան այսպիսի տողեր. «Ամենացածրաձայն արտասանած բառերը անոնք են, որոնք փոթորիկ կը յառաջացնեն։ Մտքերը, որոնք կը քայլեն աղաւնիի քայլերով, կ՚իշխեն աշխարհի վրայ»։ Սա այդպէս է։
Հայկազեան համալսարանի հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելենական շրջանին բացառիկ տարեդարձ:
Պէյրութի մէջ կազմակերպուած հաւաքով արժեւորուեցան հաստատութեան գործունէութեան զանազան երեսակները:
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան կը պատրաստուի աշխատանքային այցելութիւն մը տալ Մոսկուա։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ ուղեւորութիւնը նախատեսուած է նոյեմբերի 5-ին։
Հայաստան քննարկելի օրակարգ չի համարեր Ատրպէյճանի կողմէ յառաջ քշուած նախապայմանը:
Երեւանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ խտացեալ շփումներ կ՚ընթանան՝ TRIPP նախաձեռնութեան հեռանկարներուն շուրջ: