Արխիւ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդկային կեանքին մէջ վախերը անբաժան մաս կը կազմեն։ Ամէն մարդ իր ներսիդին որոշ վախեր կը կրէ՝ երբեմն անգիտակցաբար, երբեմն ալ բացայայտ կերպով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեւոր բաներու վրայ խօսելու ժամանակ մարդիկ ընդհանրապէս կը գործածեն վերաբանութիւն կամ նմանութիւն։ Մտքի եւ մտաւոր գործողութիւններու վերբերեալ գաղափարներ, ըմբռնումներ այս կերպով միայն կրնան բացատրուիլ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կոմիտասի երգերը այսօր լսելով ինչքանո՞վ կ՚ազդուի մարդ՝ չեմ գիտեր, սակայն գիտեմ, որ բոլոր անոնք, որոնք Կոմիտասը հարազատ աչքերով տեսնելու, ականջներով լսելու բախտաւորութիւնը ունեցած են, ապրած են աննկարագրելի զգացում մը՝ որ բառերով դժուար թէ կարելի ըլլայ բացատրել:
ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ունեցած ելոյթէն վերջ վարչապետը կը մասնակցի Եւրոխորհուրդի ԽՎ-ի նստաշրջանին:
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի՝ TRIPP ուղին կը կառավարուի Հայաստան-ԱՄՆ երկկողմանի որոշուելիք գործարար մոտելով մը:
Իսթանպուլի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ շահեկան ցուցահանդէս մը, որու պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին համախմբելով հետաքրքիրներ։
Երէկ, Վարագայ Ս. Խաչի տօնին առթիւ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը շաբաթավերջին կեդրոնացած էր Սամաթիոյ վրայ, ուր սարքուեցաւ 2025-2026 շրջանի առաջի սիրոյ սեղանը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ Վարագայ Ս. Խաչի տօնի շաբաթավերջին տեղի ունեցան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնն ու թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանին ի նպաստ հերթական հանգանակութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Տանիքիս պահպարանը թող խաչիդ ձեւը ըլլայ. աչքիս նայուածքին դէմ թող փրկական չարչարանքներուն խորհուրդը դրուի…». (Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Աղօթամատեանէն՝ Բան ՂԱ)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շատ մը գիրքերու մէջ Կոմիտաս Վարդապետի 1915-ի աքսորէն ողջ դուրս գալը բնորոշած են որպէս «փրկութիւն», սակայն, ինչքան ալ երեւոյթին մէջ հակասական թուի, շատ մը մտաւորականներ իրենց աշխատութիւններուն մէջ Կոմիտասի մահը ո՛չ թէ որպէս դժբախտութիւն, այլ «փրկութիւն» որակած են. շատ աւելի երանելի պիտի ըլլար, որ Կոմիտաս այդ աքսորի ընթացքին իր կեանքը կորսնցնէր՝ քան «փրկուէր»:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Անցեալը կեսագործման աղբիւրն է՝ իր պատմագիտական, ընկերաբանական, մշակութային, քաղաքական ու ամենակարեւորը՝ գոյաբանական իմաստներով։ Ան ամէն ինչով կը տոգորէ ներկան ու ապագայի ապաւէնն է:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Գուրգէն Մխիթարեանի կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացնելէ ետք, այսօր մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Մխիթարեանի գրական վաստակէն նշմարներ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացումը ձեւով մը ազդարարեց Սուրիոյ վերադարձը միջազգային բեմահարթակ: Մերձաւոր Արեւելքի ուժերու վերադասաւորման գործընթացին մէջ Դամասկոսի իշխանութիւններուն կողմէ նախաձեռնութիւններ:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Միչիկընի «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» լիսէէն խումբ մը սաներ, որոնք ստացան իր օրհնութիւնը։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան նախընթաց օր այցելեց խմբագրատունս ու մեզի նուիրեց Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ վերաօծման ու պաշտամունքի վերաբացման առթիւ անցեալ գարնան տեղի ունեցած արարողութիւններուն շուրջ պատրաստուած ալպոմ-գրքոյկը։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներու շրջանակներէն ներս, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ մասնակցեցաւ Մեծն 20-եակի (G20) նախարարական հանդիպման։
2025-2026 կրթական շրջանի մեկնարկի փուլին փորձառութեան փոխանակումներ եւ դրական օրինակներով վերապատրաստում:
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի հիւրընկալմամբ՝ պոլսահայ դպրոցական համակարգի հարցերը խոշորացոյցի տակ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Ռուսաստանի մէջ աթոմային արդիւնաբերութեան սկիզբին 80-ամեակին առթիւ կազմակերպուած «Համաշխարհային աթոմային ուժանիւթի շաբթուան» շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպումը։
Փաշինեան Մոսկուայէ վերջ մեկնեցաւ Նիւ Եորք՝ մասնակցելու ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման։
Սպիտակ տան մէջ Էրտողան-Թրամփ հանդիպում. Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վար ջերմ պատգամներ ու բարդ սակարկութիւն: Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները 6 տարուան ընդհատումէ մը վերջ զրուցեցին Օվալաձեւ գրասենեակէն ներս:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կեանքս քու ձե՛ռքդ է միշտ եւ սուրբ Խաչիդ կապած եմ յոյսս, ո՜վ երկնաւոր Թագաւոր, Քու սուրբերուդ բազմութիւնը բարեխօս ունիմ ինծի, դուն՝ որ ներողամիտ ես բոլորի հանդէպ՝ մի՛ մերժեր զիս որ քեզի ապաւինած եմ, այլ պատուական սուրբ Խաչովդ՝ խաղաղութեան մէջ պահէ զիս».