Արխիւ
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ երկու ղեկավարները անդրադարձան Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններու ընթացքին։
Շիրակի թեմակալ առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան բանտի ճաղերու ետին պիտի մնայ երկու տարի:
Հայաստանի դատական մարմինները հասարակութեան խիղճը կը վիրաւորեն եկեղեցի-իշխանութիւն հակադրութեան մէջ:
Այսօր, հոկտեմբերի 3-ին, դատարանը՝ շարունակելով ոտնահարել արդարադատութեան հիմնարար սկզբունքները, Գերաշնորհ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը դատապարտեց երկամեայ ազատազրկման։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն աշակերտներու խումբ մը։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանն ալ ներկայ էր հանդիպման։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան ընդունեց ծանօթ հնահաւաք, հնագէտ ու գործարար Ռաֆֆի Փորթագալն ու դուստրը՝ Մայան:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Անկախութեան տօնին առթիւ վարչապետ Փաշինեանի ուղերձին մէջ յատկանշական էր 4-րդ հանրապետութեան հռչակման յիշատակումը, ինչ որ պիտի բանայ խաղաղութեան դարաշրջան։ 3-րդ Հանրապետութեան առաջին օրէն պատերազմ տիրած է երկրին մէջ։
Երեւանի «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ անմոռանալի ձեռնարկ մը, որ խոր տպաւորութիւն գործեց երաժշտասէրներուն վրայ։ Այսպէս, համերգով մը հանդէս եկաւ Փարիզի Նոթրը-Տամի տիտղոսաւոր երգեհոնահար Վենսան Տիւպուա հանդէս եկաւ բացառիկ համերգով մը։
Պատրիարքական Աթոռոյ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան լուրջ հոգեկան եւ մարմնական առողջական պատճառներու բերմամբ տեղի տուած է անբաղձալի, անընդունելի գայթակղութեան հետեւանքի։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Թարապիոյի պանդոկին մէջ մասնակցեցաւ պաշտօնական ընդունելութեան մը, որ ձօնուած էր Գերմանիոյ վերամիաւորման օրուան։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդու հոգին ունի երկու մեծ կարիք՝ սէր եւ ազատութիւն։ Այս երկուքն են, որ կ՚ընծայեն կեանքը իմաստով, գոյնով եւ ճշմարտութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ՝ որ ճշմարտութիւն կը սիրեն, ճշմարտութիւն կը փնտռեն եւ կ՚ըսեն, թէ՝ «մենք գիտենք ճշմարտութիւնը կեանքի մէջ, պէտք է որ հասկնանք Յիսուս Քրիստոսի խօսքին ուժը եւ արժէքը», որ միշտ պատրա՛ստ է մեզ պաշտպանել եւ նեցուկ կանգնիլ մեր նեղութիւններուն մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կոմիտասը մօտէն ճանչցողներէն մէկը նկարիչ եւ արուեստագէտ Փանոս Թէլէմէզեանն էր, որ եզակի բախտը ունեցած էր Պոլսոյ մէջ Կոմիտասի դրացին դառնալու։ Թէրլէմէզեանի յուշերը կարեւոր են, որովհետեւ ան Կոմիտասի հետ կազմակերպած է համերգներ, եղած են մտերիմներ եւ նոյնիսկ Ֆրանսայի հոգեբուժարան այցելելով Թէրլէմէզեան փորձած է Կոմիտասի մէջ արթնցնել հին յիշողութիւններ:
Արարատ Միրզոյեան. «Պաքու յառաջ կը քշէ որոշ նախապայմաններ, Երեւան չի բաժներ այդ օրակարգը»:
«Խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրումով հանդերձ, Ատրպէյճան հետամուտ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան»:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Օր մը Կոմիտաս Վարդապետ իր աշակերտներէն Վահան Տէր-Առաքելեանն ու Մ. Քրիսճեանը իր մօտ կը կանչէ, որպէսզի անոնց հետ փորձ ընէ մի քանի օրեր ետք համերգի ընթացքին հնչելիք «Ծիրանի ծառ» ժողովրդական մեներգը:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Անգարա-Երեւան կարգաւորման հոլովոյթին մէջ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչի Մարգարայի անցակէտով Հայաստան հասնիլն ու իր պաշտօնակիցին հետ հանդիպում ունենալը քանի մը ուշագրաւ ուղղութիւն կը փոխանցէ:
Թարգմանիչներու միջազգային օրուան առթիւ նախընթաց օր Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ մը։ Այսպէս, Մատենադարանի երդիքին տակ կազմակերպուած՝ «Թարգմանիչներ՝ վստահելի ձայներ յարափոփոխ աշխարհի մէջ» խորագրեալ ասուլիսը առիթ դարձաւ այս ոլորտի կարեւորութեան, դերակատարութեան, զարգացման հեռանկարներու եւ այժմ դիմագրաւած մարտահրաւէրներու քննարկման։
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Վարդան Մատթէոսեան նախընթաց օր մասնակցեցաւ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի առցանց լսարանին, որ 80-րդ էր իր նմաններու շարքին։
Հայ Երուսաղէմի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու մթնոլորտին մէջ, Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները վերահաստատեցին իրենց զօրակցութիւնը՝ ի նպաստ Հայոց Պատրիարքութեան եւ հրատապ միջամտութեան կոչ ուղղեցին։
Նիկոլ Փաշինեան-Իլհամ Ալիեւ հանդիպում՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 7-րդ գագաթաժողովի շրջանակէն ներս:
Հայաստանի վարչապետը խորհրդարանի ամպիոնէն յայտնեց, որ Սպիտակ տան մէջ, անցեալ օգոստոսին յայտարարուած օրակարգը պիտի չտապալի:
Գատըգիւղի ընտանիքը այս շրջանին խանդավառուած է «Ապագայ» մանկապատանեկան երգչախումբի ստեղծումով։ Թաղի նոր սերունդի ներկայացուցիչները ներգրաւուած են այս ծրագրին, որ յառաջ պիտի տարուի համակրելի արուեստագէտ Հրանդ Ճիզմէճեանի մականին ներքեւ։