Արխիւ
Վրդովմունքով տեղեկացանք, որ հոկտեմբերի 15-ին, Արագածոտնի թեմէն ներս իրաւապահ համակարգի ներկայացուցիչները թեմակալ առաջնորդի, հոգեւոր սպասաւորներու եւ աշխարհական աշխատակիցներու դէմ իրականացուցած են ապօրինի գործողութիւններ, որոնք ուղեկցուած են բացարձակապէս չպատճառաբանուած ու անհիմն խուզարկութիւններով, խաբէութեամբ բերման ենթարկելու, բերման ենթարկուած անձերու գտնուած վայրերը ծածուկ պահելու, փաստաբանական աջակցութիւն ստանալու հնարաւորութենէն զրկելու հակաօրինական դէպքերով։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը երէկ համակուած էր տխրութեամբ՝ նորոգ վախճանեալ տիրահայր Յակոբճան Մաշալեանի յուղարկաւորութեան առթիւ, որ տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայաստանի «Ազատութիւն» ռատիոկայանի լրագրողներուն հետ Պոլսոյ փողոցներուն վրայ ենք եւ կ՚ուզենք անցորդներէն հայ-թրքական յարաբերութեան մասին տեղացի ժողովուրդին կարծիքը լսել. կը կանգնեցնենք կին մը եւ մեզ հետաքրքրող հարցը թրքերէն լեզուով կը փոխանցենք անցորդին։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի պատասխանատուները, որոնք իրեն տեղեկութիւններ փոխանցեցին մօտալուտ ձեռնարկի մասին։
«Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմի ժողովուրդին ու հետաքրքիրներուն բաց ցուցադրութիւններու շարքը երէկ երեկոյեան սկսաւ՝ խորհրդանշական կէտէ մը։
Մինչ Հայաստանի մէջ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութիւնը մտահոգիչ թափով կը խորանայ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը շարունակէ ահազանգ հնչեցնել՝ միշտ յորդորելով սադրանքներու տեղի չտալ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին իսկապէս աննախընթաց կացութիւն մը կը դիմագրաւէ եւ հանգամանքներու ծանրութիւնը կը բազմապատկուի, որովհետեւ սա տեղի կ՚ունենայ հայոց անկախ պետականութեան օրով։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ այժմու իրադրութեան պարագային՝ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ շահերը միահիւսուած:
Դիւանագիտական շաղակրատումներու մթնոլորտին մէջ Դամասկոսի շուրջ բազմակողմանի հաշուարկներ՝ տարածաշրջանի համայնապատկերին վրայ:
Թէեւ Պաղեստինի համաձայնութիւնը ընդհանուր լաւատեսութիւն մը ստեղծած է, սակայն, Մերձաւոր Արեւելքի պարագային հարցականները բազմազան են։ Այս ամբողջին մէջ Սուրիա առանցքային նշանակութիւն ունի։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըքն ու անդամներէն Վոլքան Արատը։
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի շրջանայի նախագահ երկրի՝ Ֆինլանտիայի արտաքին գործոց նախարար Էլինա Վալթոնենը։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան առանձնազրոյց մը ունեցաւ իր պաշտօնակցին հետ, նաեւ սարքեց համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Երեւանի ղեկավարութիւնը այս օրերուն կը հիւրընկալէ Պելժիոյ Մաթիլտա թագուհին, որ Հայաստան կ՚այցելէ՝ որպէս ՄԱԿ-ի Կայուն զարգացման նպատակներու դեսպան։ Յաջորդ տարի ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան համաժողովը (COP17) նախատեսուած է Հայաստանի մէջ։
Մխիթարեան միաբանութեան 325-ամեակին առթիւ կեանքի կոչուեցաւ յոբելենական ծրագիր մը:
Նախաձեռնութեան ոգին կը ցոլացնէր արեւելքն ու արեւմուտքը, նաեւ անցեալն ու ներկան կամրջելու ձգտումը:
Հայաստանի մէջ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութիւնը կը խորանայ ծայր աստիճան մտահոգիչ ձեւով։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ հալածանքները անհաւատալի համեմատութիւններու կը հասնին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները ահազանգ հնչեցուցին, որ այս առաւօտ եպիսկոպոս մը եւ հինգ քահանայ ձերբակալւած է։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդունեց Ֆրանսիսքեան միաբաններ, որոնք այս օրերուն քաղաքս կ՚այցելեն:
Նորին Ամենապատուութիւնը դրուատեց Իսթանպուլի քրիստոնեաներու միջեւ ձեւաւորուած եղբայրական կապերը:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարօ Վարժապետեանն ու գործակից ընկերները։


