Արխիւ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 6, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետին առաջին արտասահմանեան ուղեւորութեան լոյսին տակ:
Սուրբ Աթոռի համար առաջնայինը Մերձաւոր Արեւելքէ ներս արդար ու կայուն խաղաղութեան մը հաստատումն է, թէեւ Վատիկանի խօսոյթին մէջ չկայ ընդգծուած բառապաշար: Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապի այցելութիւնը այժմ կ՚արժեւորուի՝ տարածաշրջանի տագնապալի իրավիճակի համայնապատկերին վրայ՝ մանաւանդ, որ Լիբանան նոր փուլի մը ընդառաջ կը գտնուի:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 6, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յիսուս կը պատուիրէ, որ միա՛յն իմաստուն անձեր կը գործադրեն, մեծութիւնը չչափել մեր շահածովը եւ ունեցածովը, այլ անով՝ որ մենք կու տանք։ Արդարեւ, քանի հոգի ասկէ դար մը յետոյ պիտի յիշուի, երբ այսօրուան մեծատուները եւ համբաւ ունեցողները թառամին մթութեան մէջ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 6, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այս աշխարհի մէջ տրամաբանութիւն պէտք չէ փնտռել, որովհետեւ այդ մէկը փնտռելը ինքնին անտրամաբանական է, իսկ եթէ այդ մէկը փորձէք փնտռել Հայաստանի մէջ, ապա… ձեր մտային եւ հոգեկան առողջութիւնը քայքայուած է եւ գուցէ անբուժելի ախտով մը կը տառապիք: 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 6, 2025

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Աստուածաբանական եւ ընկերաբարոյական նիւթեր. Բ. հատոր», Բերիոյ հայոց թեմի բարեջան առաջնորդին՝ Տ. Մակար արք. Աշգարեանի թարգմանական արգասիքի պտուղներէն մէկն է, որ լոյս տեսած է 2025-ին, Հալէպ: 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 5, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Տէ՛ր թող այս տարի ալ մնայ. ես իր շուրջի հողը կրկին կը փորեմ եւ պարարտացուցիչ կը դնեմ։ Այս ձեւով թերեւս պտուղ տայ, ապա թէ ոչ՝ գալ տարի կտրէ զայն». (ՂՈՒԿ. ԺԳ 8-9)։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 5, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդկային պատմութեան մէջ քաղաքականութիւնը միշտ ալ նկատուած է «վտանգաւոր», որովհետեւ իւրաքանչիւր քայլ ու որոշում կրնայ վիճակագրական ըլլալ եւ հասարակ խօսքն անգամ կրնայ զէնքի վերածուիլ:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 5, 2025

Տարուան վերջին ամիսը արդէն իր հետ բերած է Ամանորի ոգեւորութիւնը։ Թէեւ տակաւին բաւական երկար ժամանակ մը կայ մինչեւ Կաղանդ, սակայն, համայնքէն ներս բարձր տրամադրութիւնը գետի նման վարարիլ սկսած է։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 5, 2025

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Էրօլ Արա Չընարն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 5, 2025

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Ներկայ էր նաեւ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 5, 2025

Երէկ յետմիջօրէին, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան հիւրընկալուեցաւ Կլոպալ յարաբերութիւններու ֆորումին (GIF-GRF) կողմէ:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 5, 2025

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքին կարեւոր նախաձեռնութիւնը:
Ծրագրի մեկնարկը բնորոշեց երէկուայ առցանց ծաւալուն քննարկումը՝ բազմակողմանի կարծիքի փոխանակումներու մթնոլորտին մէջ:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 5, 2025

Երէկ, դէպի Եւրոպա կարճատեւ ուղեւորութեան ծիրէն ներս, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունուեցաւ Մարսէյլի քաղաքապետ Պենուա Փայայի կողմէ։ Վեհափառ Հայրապետը նախ մեկնեցաւ Ժընեւ, ուր կեցութիւնը տեւեց օր մը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 5, 2025

Հայաստանի Քննչական կոմիտէի շէնքէն ներս Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը՝ կալանքի պահանջով ձերբակալեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետը:
Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան կը բանտարկուի 7 տարուայ վաղեմութեամբ կասկածի մը հետքով: Գործողութիւնը վրայ հասած է, երբ Վեհափառ Հայրապետը կը գտնուի արտասահմանի մէջ:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 5, 2025

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու քսանեօթ անդամներ երէկ հանդէս եկան ուշագրաւ յայտարարութեամբ մը, որով անվերապահ զօրակցութիւն յայտնեցին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նկատմամբ:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 5, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

2008 թուականին Գերմանիոյ մէջ նկարահանուած է «Ալիքը» (Die Welle) ժապաւէնը, որու բուն նիւթն է հասարակութեան մէջ լիազօրութիւններու չարաշահումը, զանգուածային հետեւողականութիւնը եւ բռնապետութեան գործադրման ահռելի դիւրութիւնը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2025

Նախարար Հաքան Ֆիտան. «Սեւ ծովու պարագային Թուրքիոյ դիրքորոշման արդար ու տեղին ըլլալը վերահաստատուած է»:
Եւրոմիութեան պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտի նախաձեռնութիւնները բաց պէտք է ըլլան ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներու համար:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2025

Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակէ օրակարգի վրայ մնալ բոլոր հարթութիւններու վրայ։ Այս ամբողջին մէջ Թուրքիա-Հայաստան ցամաքային սահմանի բացումը ունի առանձին նշանակութիւն։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2025

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հոգիս իր հանդիպած գարնան,
Ծաղիկներ քաղեց անհամար,
Վարդերը գգուեց, համբուրեց,
Որպէսզի ծնին երազներս անհամար։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2025

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ծնող զաւակ փոխյարաբերութիւնը մեր օրերուն կարելի է ըսել վերածուած է նուրբ արուեստի մը, որու, ցաւօք, ծնողներու մեծամասնութիւնը չեն տիրապետեր կամ չեն ուզեր տիրապետել: 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայ հրապարակագիր, ազգային-քաղաքական գործիչ Շաւարշ Միսաքեան գրութիւն մը ունի՝ «Քիչիկ մը գիտեմ» խորագրով։
Զայն կարդալով՝ կը փոխադրուինք սփիւռք, անցեալ դարու կէսեր, երբ սփիւռքի մանաւանդ արեւելեան համայնքներուն մէջ տակաւին կենսունակ էր հայերէնը, հայկական կեդրոններուն մէջ ներկայ էր լեզուին անվարան վստահութիւնը ու հայ բառը ամէնուր շունչ էր, ուրախութիւն, պատկանելիութեան հնչուն ձայն։ 

Էջեր