Արխիւ
Ապրիլի 24-ին առթիւ երէկ երեկոյեան ժամը՝ 19.15-ին հերթական անգամ սգահանդէս մը տեղի ունեցաւ Թաքսիմի հրապարակին վրայ:
Թուրքիոյ մէջ հասարակական շրջանակներուն վերաբերմունքը հետզհետէ կը խրախուսէ հայկական հարցին շուրջ հարցաքննական միտքը:
Երէկ երեկոյեան Իսթանպուլի Ֆրանսական պալատին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին նուագներով հանդէս եկաւ հռչակաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունի։ Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Միւրիէլ Տոմենաքի եւ ամուսնոյն՝ Օլիվիէ Պուքէի տանտիրութեամբ կազմակերպուած այս երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Հայ Կաթողիկէից Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան։
Գումգաբուի մէջ երէկ ոգեկոչուեցան Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերը։ Ապրիլի 24-ին առթիւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց, պատարագեց եւ քարոզեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իրականին, աննշան եւ սովորական երեւոյթներ եթէ խորհիք, շատ աւելի մեծ գաղափարներ կրնան ստեղծել։ Ամէնօրեայ, ընթացիկ կան այնպէս պատահարներ՝ որոնք իրենց տեսնուածէն շատ աւելի վեր իմաստներ ունին։ Եթէ մէկը շրջահայեաց է, հաճոյք կ՚առնէ ամէն մէկ իրադարձութենէն իմաստ մը քաղելէ, կը տեսնէ ու կը խորհի անոնց վրայ եւ կ՚ընդլայնէ իր մտային հորիզոնը եւ կ՚ընդարձակէ միտքը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր Պատրիարքարանի մէջ հիւրընկալեց հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու խումբ մը ներկայացուցիչներ։ Ընդհանրապէս Հայաստանէն, նաեւ Սփիւռքէն այս լրագրողներու խումբը քաղաքիս մէջ կը գտնուի հետեւելու համար Ապրիլի 24-ի ոգեկոչումներուն։
“Sayın Aram Ateşyan,
Türkiye Ermenileri
Patrik Genel Vekili
Ermeni vatandaşlarımız için özel bir anlam taşıyan bu günde, Birinci Dünya Savaşı şartlarında hayatını kaybeden tüm Osmanlı Ermenilerini bir kez daha saygıyla anıyor, çocuklarına ve torunlarına taziyelerimi sunuyorum.
Երէկ Չանաքքալէի պատերազմի հարիւրերորդ տարելիցին առթիւ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն մը, որուն մասնակցեցան աշխարհի բազմաթիւ պետութիւններու ղեկավարները կամ անոնց կողմէ բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի տանտիրութեամբ տեղի ունեցաւ Չանաքքալէի ոգեկոչման արարողութիւնը։
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Արեւոտ ու զուարթ առտու մըն էր 1915 Ապրիլ 12-ի առաւօտը։
Մայրաքաղաքը կ՚արթննար սովորականին պէս անփոյթ ու ժպտուն։
Բարեկամս Սահակ-Մեսրոպի հետ շատ կանուխ, արեւին մէջէն կը քալէինք Բանկալթիի շիտակէն։
ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ
Չէ՛, սգահանդէս մը չէ այսօրուանը։ Ողբ ու կոծ, լաց ու արցունք տեղ չունին հոս։ Տխրութիւնը համակած է, անշուշտ մեր բոլոր էութիւնը, բայց այո տխրութիւնը մեծավայելուչ, պատկառազդեցիկ, հպարտ տխրութիւն մըն է եւ ո՛չ թէ գլխիկոր տխրութիւն մը։
24 Ապրիլ 1915… 24 Ապրիլ 2015… Հարիւր տարի, 100-րդ տարելից… Մեծ եղեռնէն դար մը անց, այսօր համայն հայութիւնը կ՚ոգեկոչէ իր բիւրաւոր նահատակները, կը վերյիշէ զոհերը, որոնց դէմ գործուած ոճիրը յաջորդած տասնամեակներուն պայմանաւորեց մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւններուն սահմանումները, բնորոշումը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Աշխարհի բազմաթիւ քրիստոնէական եկեղեցիներուն զանգերը հնչեցին ի յիշատակ հայոց նահատակներուն:
2015-ի ոգեկոչումները կը կատարուին զգացականութեան եւ տրամաբանութեան առաւելագոյնս համընկման մթնոլորտին մէջ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ պատմական արարողութիւնով մը սրբադասեց Մեծ եղեռնի բիւրաւոր նահատակները
Անմարմին զինուորներու օրհներգութիւն։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Սրբալոյս Միւռոնով հանդիսաւորապէս օծեցին սրբապատկերները, մինչ հնչեցին շարականի տպաւորիչ մեղեդիները։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի փառաշուք հանդիսութիւններուն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան, նաեւ քոյր եկեղեցիներու պետեր, համաքրիստոնէական ընտանիքի ներկայացուցիչներ։
«Խորհուրդ խորին» եւ «Սուրբ Սուրբ» շարականներու երգեցողութեան պայմանաւորած մթնոլորտին մէջ, ժամը՝ 19.15-ին 100 անգամ ղօղանջեցին Մայր Տաճարի զանգերը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ պատմական արարողութիւնով մը սրբադասեց Մեծ եղեռնի բիւրաւոր նահատակները։
Ապրիլի 24-ին ընդառաջ, երէկ յետմիջօրէին, Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի «Ս. Խաչ» եկեղեցւոյ մէջ եւս տեղի ունեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն մը։ Ներկայիս Պիթլիսէն, Մուշէն, Սասունէն, Տիարպաքըրէն եւ յարկից այլ շրջաններէն խումբ մը հայեր պտոյտի մը ձեռնարկած են դէպի արեւելք՝ երբեմնի հայաբնակ գաւառները։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկուան Սրբադասման արարողութեան ընթացքին հանդէս եկաւ հետեւեալ պատգամով, զոր կը ներկայացնենք արեւմտահայերէնի վերածելով։
«Իսկ եթէ նախատիցի՛ք եւս վասն անուանն Քրիստոսի, երանելի՛ էք, զի …Աստուծոյ Հոգին ի վերայ ձեր հանգուցեալ է»
(Ա ՊԵՏ. Դ 14)
2015 թուականի մթնոլորտին մէջ, Ապրիլի 24-ին առթիւ Իսթանպուլի մէջ եւս տեղի ունեցան ոգեկոչման արարողութիւններ։ Ծանօթ է, որ քանի մը տարիէ ի վեր հասարակական կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ 1915-ի զոհերը կ՚ոգեկոչուին նաեւ Թուրքիոյ մէջ։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան բացառիկ հարցազրոյց մը տուած է «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին, որու թղթակիցը Ճանսու Չամլըպէլ այս օրերուն կը գտնուի Երեւանի մէջ։ Այսօր «Հիւրրիյէթ»ի մէջ գրեթէ ամբողջ էջ մը յատկացուած է այս հարցազրոյցին, որու ամբողջական տարբերակը զետեղուած է նաեւ թերթի համացանցային կայքէջին վրայ։
Երեւանի մէջ, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մօտ այս առաւօտ Ապրիլի 24-ին առթիւ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման պատմական արարողութիւն մը։ 2015-ի մթնոլորտին մէջ այս արարողութիւնները ունեցան պատմական նշանակութիւն։
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «1915-ի դէպքերուն վերաբերեալ հայոց բոլոր պնդումները անհիմն են»:
Թուրքիա հայկական հարցին շուրջ սկսած է վերստին շեշտադրել իր վաղեմի մօտեցումները: Նախագահը այսօր դարձեալ հանդէս կու գայ յայտարարութիւնով մը:
Պետական աւագանին այսօր ոգեկոչման համար Չանաքքալէ կ՚այցելէ միջազգային հիւրերուն մասնակցութեամբ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով Հայաստան մեկնած Ղպտիներու Պատրիարքը հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Դեղագործութիւն ուսանելէ վերջ հոգեւոր ասպարէզ նետուած Տ.Տ. Թեւադրոս Բ. մասնագիտացած է փոքրիկներուն կրօնական ուսում ջամբելու նիւթին վրայ: Նորին Սրբութիւնը, որ համաքրիստոնէական ընտանիքէն ներս ունի լուրջ համբաւ, նոր սերունդը կը նտակէ եկեղեցւոյս զարթօնքին գրաւականը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իրարու հարցնենք սիրելինե՜ր. իր ամբողջ կեանքի ընթացքին անարդարութիւններու, անիրաւութիւններու չենթարկուած մէկը կա՞յ արդեօք։ Ամէն մարդ, քիչ կամ շատ չափով, դիմաւորուած է անիրաւ ու անարդար դէպքերու հետ։
