Արխիւ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Շուէտի եկեղեցւոյ Վեսթերիսի Եպիսկոպոս Միքայէլ Մոկրէնը։ Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ այն մարտահրաւէրներուն, որոնք ներկայիս հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած են։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան հետեւողներուն համար վերջին շրջանին ամենաշատ քննարկուած նիւթերէն մին է «Համաս»ի գործողութեան իրական հետեւանքներն ու անոնց տարողութիւնը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մեր յաճախ պատմութեան գիրքերու մէջ կարդացած նուաճումները կամ հերոսութիւնները տեղի ունեցած են մարդոց հանգստութեան շրջանակներէն ազատուելուն շնորհիւ։ Որեւէ փոփոխութիւն, զարգացում կամ փոխակերպում տեղի չէ ունեցած կանաչ խոտերու վրայ պառկելով ու ձեռնածալ հետեւելով ժամանակի սղաճին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տուեալ օրէնքներու հնազանդութիւնը անշուշտ պարտաւորութիւն մըն է մարդուս համար՝ որ կարելի ըլլայ ընկերային արդարութիւնը եւ ներդաշնակութիւնը ապահովել։ Այսուհանդերձ պէ՛տք է նկատի ունենալ, որ օրէնքը մարդուն համար է եւ ո՛չ թէ մարդը օրէնքին համար։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Կրկին անդրադառնամ իշխանական քարոզչութեան սիրած բառակապակցութեան՝ «5-րդ շարասիւն»: Այդ արտայայտութիւնը կը կիրառուի այն մարդոց համար, որոնք երկրի (քաղաքի) մէջ կը նպաստեն օտարներու կողմէ սեփական տարածքի զաւթման:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայրիկ կը շարունակէ խօսիլ զաւակներուն պարտաւորութիւններուն մասին եւ կարեւորութեամբ կը շեշտէ ծնողք-մանուկ եւ մանուկ-ծնողք փոխյարաբերութեան կարեւորութիւնը. խօսքը ուղղելով զաւակներուն Հայրիկ կ՚ըսէ. «Երբ կը ծերանան եւ կը զառամին ձեր ծնողքը, դուք նոցա որդի մխիթարութեան եւ ցուպ ծերութեան լինիք. ամենայօժար սիրով խնամել, դարմանել եւ երբեք չը տրտմեցուցանել զիրենք»:
Մարզական աշխարհին ուշադրութիւնը երէկ երեկոյեան կեդրոնացած էր ֆութսալի Եւրոպայի լիկի ախոյեաներու եզրափակիչին վրայ, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ։ «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ մրցաշարքի աւարտականը՝ Սպանիայէն «Պարսելոնա»ի եւ «Փալմա»ի միջեւ։
«Արմէնփրէս» գործակալութիւնը շաբաթավերջին արձագանգ հանդիսացաւ «Indian Defense Research Wing»ի հաղորդումներուն։ Այսպէս, Հնդկաստանի կողմէ վերջերս Հայաստանին տրամադրուած ATAGS հրետանային համակարգերը արդիականացուած ու կատարելագործուած են՝ «Bharat Forge»ի կողմէ։
«Քարնեկի» հիմնարկի աւագ փորձագէտ Թոմաս տը Վաալ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ. «Ռուսաստան կը փափաքի իր սահմանապահները տեղակայել Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ»։
Շաբաթավերջին թողարկուած յայտարարութիւններուն մէջ ան դիտել տուաւ, որ Ռուսաստան իսկապէս կը փափաքի մաս կազմել Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման գործընթացին։
Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ ներկայ շաբթուան սկիզբին ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է դէպի Եւրոպա, որու ծրագիրը կ՚ընդգրկէ Ֆրանսան, Սերպիան եւ Հունգարիան։ Ան հինգ տարի վերջ Եւրոպայի մէջ կ՚ունենայ շփումներ, որոնց ընթացքին իրեն կ՚ընկերանայ նաեւ առաջին տիկինը:
Թուրքիա եւ Իրան իսլամական աշխարհի առաջնահերթութիւն կը համարեն Կազզէի պատերազմը:
Նախարար Հաքան Ֆիտան շաբաթավերջին հանդիպումներ ունեցաւ Ամիր Ապտուլլահիանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ Ալմաթիի մէջ նախատեսուած հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ մայիսի 10-ին։ Երկու նախարարներու այս հանդիպման միջոցէ մը ի վեր կը սպասուէր հետաքրքրութեամբ։
Հայաստանի հասարակութեան մէջ կուտակուած հակազդեցութիւնը դուռ կը բանայ ներքին նոր խմորումներու:
«Տաւուշը յանուն հայրենիքի», «Շիրակը յանուն հայրենիքի» եւ այսպէս մարզերով բողոքի երթ դէպի մայրաքաղաք:
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սաները վերջին օրերուն այցելեցին «Ուսողութեան գիւղը», Շիրինճէ։ Խումբը առաջնորդեց տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան։ Աշակերտներուն տեսակէտէ հետաքրքրական էր ծանօթանալ յայտնի մասնագէտ փրոֆ. Ալի Նեսինի հետ, որ ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ անոնց նկատմամբ։
Սահակեան-Նունեան վրժ.ի սաներուն հայերէն թատերական ներկայացումը ծափահարութիւններու արժանացաւ: Պատուոյ հիւրն էր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Իրանի Իսլամական մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան կազմակերպութեան ղեկավար Մուհամմէտ Մեհտի Իմանիփուրի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
-Այս ոլորտը ինծի համար բաւական նոր է։ Հանքարդիւնաբերութեան մասին երբ սկսայ կարդալ, նկատեցի, որ վերջին ժամանակներուն Հայաստանի մէջ շատ կը շեշտուի «Կայուն զարգացում» հասկացողութիւնը։ Կրնա՞ք հակիրճ ձեւով ներկայացնել զայն եւ ան ի՞նչ բանով կապուած է հանքարդիւնաբերութեան հետ։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Թէեւ մեծ մայրս ամէն ջանք թափած էր, որ վեց որբերով գաղթական ելլելէ ետք ընտանիքը չբաժնուի։ Թէեւ հայրս ու քոյրերն ու եղբայրը Կիպրոս՝ Մելգոնեանը աւարտելէ ետք բոլորը հաւաքուեցան Եաֆա, բայց «թէեւ»ները բաւարար չէին, որ դարձեալ պատերազմներ եւ գաղթականութիւն չ՚ըլլար…
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կը շարունակենք ներկայացնել Մուշեղ Եպիսկոպոս Սերոբեանի արգասիքէն հատուածներ:
Մուշեղ Սրբազանի կենսագրութիւնը ներկայացուցած ժամանակ, անդրադարձ կատարեցինք, որ ան եղած է նաեւ Ատանայի թեմի առաջնորդ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անշուշտ, ամէն ոք գիտէ «ըլլալ»ու եւ «ունենալ»ու տարբերութիւնը։ Զոր օրինակ, համակրելի, սիրալիր, կամ անհաճոյ մարդ ըլլալու եւ կամ որեւէ առարկայի տէր ըլլալու, որեւէ բան մը ունենալու տարբերութիւնը։