Արխիւ
Համայնքային շրջանակները շուարումի մատնուեցան Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութենէն ամիսներ անց արձակուած դատավճռին պատճառով::
Ատենապետ Աքսել Թոփալեանի եւ ընկերներուն ի նպաստ ժողովրդական ամուր կամքը կը վիճարկուի՝ ընդվզեցուցիչ միջամտութիւններով:
Իսթանպուլի 12-րդ քաղաքացիական առաջին ատեանին երէկուան որոշումը կ՚ենթադրէ մասամբ չեղարկել քուէարկութեան արդիւնքը: Օրինական ճանապարհը բաց է վերաքննիչ դատարան դիմելու համար:
Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան եւ դատական իշխանութիւններուն միջեւ յառաջացած տարակարծութիւնը ռումբի ազդեցութիւն գործեց թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս:
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Ատրպէյճեանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ այս առաւօտ բանակցութիւններու ձեռնարկեցին սահմանի վրայ, ինչ որ երկար ընդհատումէ մը վերջ առաջին ուղղակի շփումը կը նշանակէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ։
Եգիպտոսէն ղպտի յայտնի գործարար Նակիպ Սավիրիսի վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Կեցութեան օրերուն ան այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հիւրընկալուեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ գիրի ու մշակոյթի նուիրեալ վաստակաշատ խմբագիր Շաւարշ Միսաքեանի խմբագրականները կը կարդացուին՝ պատմական յօդուածներու նման: Անոր հրապարակագրական ինքնահաստատումը կը սկսի 1908 թուականին, երբ Զապէլ Եսայեանի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Վահրամ Թաթուլի հետ կը ձեռնարկէ Պոլսոյ «Ազդակ» շաբաթաթերթի հրատարակութեան։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանն ու Լեւոն Սրկ. Գույումճեանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք տեղեկացուցին, որ Պէյօղլուի ընտանիքը որոշած է մեծարել վեթերան շարականագէտ Նշան Սրկ. Չալկըճեանը։
Հայորդեաց տուներու այս տարուան մրցանակակիր սաները այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, որ նոր սերունդի ներկայացուցիչները հասակ առնեն եւ մասնակցին բարօր երկրի կերտման:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Սիրոյ արտայայտութիւնները հիներուն մէջ: Անոր դերը ամուսնութեան խնդիրին մէջ: Հաճոյանալու բաղձանքը, իբրեւ բնազդային զգացմունք: Արդի հասարակութեան հայեացքը սիրոյ վրայ: Հարուստ հարսնցուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Այս սիւնակներուն մէջ յաճախ կը յիշենք հպարտութիւնը եւ կը խորհրդածենք այդ մասին։ Կարելի է առարկուի, որ հպարտութեան մասին այսքան շատ խօսիլ կ՚արժէ՞, թէ ոչ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կազզէի պատերազմական գործողութիւնները շարունակուեցան գրեթէ մէկուկէս ամիս։ Աւարտը տակաւին երեւելի չէ, սակայն, կայ համեմատական դադար ու ատոր կողքին՝ գերիներու եւ բանտարկեալներու փոխանակում։ Փաստօրէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Քաթարի եւ Եգիպտոսի համընդհանուր ճիգերով կարելի եղաւ հասնիլ այս կարճատեւ հրադադարին, որ, դժբախտաբար, եւ ըստ առկայ պատկերին ու երկու կողմերու պատասխանատուներու յայտարարութիւններուն՝ դեռ վերջնական չէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ներկայ աշխարհը որքան ալ «ազատութիւն» քարոզէ եւ փորձէ համոզել, թէ իւրաքանչիւր մարդ ազատ է իր որոշումները առնելու մէջ, անուրանալի է ընտանիքի անդամներուն դերը կողակիցի ընտրութեան մէջ, ինչ որ շատ անգամ կը փրկէ եւ կամ ամբողջութեամբ հակառակը՝ կը քանդէ ճշմարիտ սէրը:
Հայաստանի Պարի պետական անսամպլը կը թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 65-ամեակը։ Այս յոբելեանը կը բնորոշուի Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս նախատեսուած փառաշուք ձեռնարկով, որ տեղի պիտի ունենայ դեկտեմբերի 28-ին։
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ քաղաքական կամքի դրսեւորման պարագային խաղաղութեան պայմանագիրը կրնայ կնքուիլ երկու շաբթուան ընթացքին։ Ըստ իրեն՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է սկզբունքային գրեթէ բոլոր հարցերու շուրջ։
ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պրիւքսէլի մէջ:
Հաքան Ֆիտան եւ Էնթընի Պլինքըն Կազզէի վիճակը արժեւորեցին՝ Նիւ Եորքի այսօրուան քննարկումներուն ընդառաջ:
Իսթանպուլի մէջ այս օրերուն կը տիրէ խստաշունչ եղանակ։ Քաղաքը ազդեցութեան տակ է սաստիկ փոթորիկի մը, որուն վրայ կը հասնի նաեւ տեղատարափը։ Այս բոլորը բաւական կը դժուարացնեն առօրեան, նաեւ պատճառ կը դառնան որոշ վտանգի։
«Եոլճու» թատերախումբը երէկ Անգարայի հանդիսատեսին յաջողութեամբ ներկայացուց «Կոմիտաս»ը:
Խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ Պէյօղլուի Լուսաւորիչ երգչախումբին յաղթարշաւը կը շարունակուի:
Համաեւրոպական տօնավաճառին գծով կը ներկայացուին հայ վարպետներու ընտիր ձեռագործերը:
Հայաստան այս տարի առաջին անգամ կը մասնակցի Ս. Ծնունդի առթիւ կազմակերպուած աւանդական ձեռնարկին:
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր երէկ Պաքուի մէջ եռակողմանի բանակցութիւններու մասնակցեցաւ՝ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Ճուանշէր Պուրչուլածէի հետ։
Իսրայէլ-Պաղեստին արիւնալի իրադարձութիւնները միջազգային օրակարգի թիւ մէկ նիւթը մնալ կը շարունակեն։ Իսրայէլի կառավարութեան եւ «Համաս»ի միջեւ հաստատուած քառօրեայ հրադադարը թէեւ այս առաւօտ պիտի աւարտէր, սակայն միջնորդ երկիրներու ջանքերուն շնորհիւ երկարաձգուեցաւ եւս երկու օր։
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր, նահատակ լրագրող Հրանդ Տինքի ոճրագործը՝ Օկիւն Սամաստ պիտի դատուի քրէական ատեանի մէջ։ Ծանօթ է, որ ան վերջերս բանտէն ազատ արձակուած էր, սակայն Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութիւնը անմիջապէս նոր մեղադրական մը պատրաստած էր անոր համար։
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին նախաձեռնութեամբ սկիզբ առած «Զարմանազան» ծրագիրը կը շարունակուի յաջողութեամբ եւ յառաջիկայ տարի պիտի ընդլայնուի անոր աշխարհագրութիւնը։