Արխիւ
Թուրքիա եւ Իրաք շփումները կը խորացնեն՝ ՓՔՔ-ի դէմ պայքարի բարդ ու ծաւալուն օրակարգով:
Հաքան Ֆիտանի, Եաշար Կիւլէրի, Իպրահիմ Քալընի եւ Միւնիր Քարալօղլուի համատեղ Պաղտատ այցելութիւնը:
Սեփական թղթակցութիւն.-
Երէկ երեկոյեան, Երեւանի մէջ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կեդրոնատեղիի դահլիճէն ներս առիթն ունեցայ մասնակցելու ԿՈՄԻՏԱՍ՝ երաժիշտ եւ բանաստեղծ խորագրեալ համերգին, որ կ՚ընդգրկէր մեծ Վարդապետի մշակումները եւ Վահան Արծրունիի՝ «Կոմիտաս՝ տասը յայտնութիւն» երգաշարը, գրուած՝ Կոմիտաս Վարդապետի բանաստեղծութիւններուն հիման վրայ:
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ խորհրդակցութիւններ:
Անգարա եւ Մոսկուա բաղդատեցին իրենց տեսակէտները՝ Հարաւային Կովկասի իրադրութեան կապակցութեամբ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Արեւագալի արարողութեան նախագահեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր համախմբուած էին հոծ թիւով հաւատացեալներ։ Նորին սրբազնութիւնը խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։
Զուիցերահայ յայտնի գործարարը ընդունուեցաւ Հայաստանի նախագահին եւ վարչապետին կողմէ:
Վահէ Կապրաշ Վահագն Խաչատուրեանին եւ Նիկոլ Փաշինեանին ներկայացուց իր նախաձեռնութիւններուն մանրամասնութիւնները:
Թուրքիա-Իրաք առանցքի աշխուժութիւնը մինչեւ յաջորդ ամսավերջ պիտի հասնի գագաթնակէտին:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան 12 տարուան ընդհատումէ մը վերջ առաջին անգամ պիտի այցելէ Պաղտատ:
Անգարա Ուաշինկթընին տեղեկացուցած է, որ կը խրախուսէ Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացը:
Լուիս Պոնօ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ: Մոսկուայի բանբերները հետզհետէ կը սաստկացնեն հակազդեցութիւնները: Իլհամ Ալիեւ կրկնեց աջակցութիւնը տարածաշրջանային խաղաղութեան օրակարգին ի նպաստ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի երեսուներկրորդ օրն է:
Պօղոս Ադրիանապոլսեցի Պատրիարքը պահքի ինչութիւնը հետաքրքրական կերպով կը ներկայացնէ, ըսելով, թէ՝ «պահքը միայն Աստուծոյ փառքին համար պէտք է ըլլայ»:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այսօր կրկին,
Արեւելեան հեքիաթի նման,
Վախիս ձայներէն հիւսուած բառերովս,
Առանց աւելորդ զարդարանքի,
Կեանքիս նոր էջ մը բանալ փորձեցի։
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
• Այսօր ալ մեր կեանքին մէջ, եթէ երբեք երբեմն կը վիրաւորուինք Եկեղեցւոյ մէջ, այդ վիրաւորանքը ո՛չ թէ վիրաւորելու համար է, ցաւցնելու համար է, այլ՝ ուղղելու համար, շիտակ ճամբան ցոյց տալու համար է: Եւ երանի՜ անոնց, որոնք կը գտնեն այդ ուղղութիւնը իրենց կեանքին մէջ եւ չեն ըսեր, վա՛ղը կը նայինք թէ ինչ կ՚ըլլայ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Կորուսեալ ծննդավայր Խարբերդի Հիւսէյնիկ գիւղի պատկերները ապրեցնելով իր գրականութեան մէջ՝ գրող Բենիամին Նուրիկեանը նոր ընկալումներ բերած է կարօտի գրականութիւն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ո՜րչափ դժուար է Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել անոնց՝ որ հարստութիւն ունին… Ո՜րչափ դժուար է Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել իրենց հարստութեան յուսացողներուն։ Դիւրին է որ ուղտը ասեղին ծակէն անցնի, քան թէ հարուստը Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնէ…». (ՄԱՐԿ. Ժ 23-25)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կասկածէ վեր է, որ Երուանդ Օտեան հայ գրականութեան մեծագոյն դէմքերէն մէկն է՝ իր «Փանջունի»ով, «Ազգային բարերար»ով, «Թաղականին կնիկ»ով եւ այլ գործերով, որոնք երկար ժամանակ իրենց յատուկ տեղը պիտի ունենան գրականութեան մէջ: Սակայն պէտք է ըսել, որ Օտեանի գրական առաջին քայլերը, իր իսկ վկայութեամբ, ձախողութեան շրջան մըն էր։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) համամիութենական ու համագործակցութեան յանձնախումբի անդամները։
Անգարա-Թիֆլիզ-Պաքու առանցքին վրայ եռակողմանի ձեւաչափով բարձր մակարդակի քննարկումները յառաջիկայ օրերուն թափ պիտի ստանան։ Այսպէս, Թիֆլիզի ղեկավարութիւնը պիտի հիւրընկալէ Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներուն եռակողմանի հանդիպումը։
Հայաստանի Լեզուի կոմիտէն կ՚ազդարարէ «Հայերէնը ոչ-հայախօսներու համար» ծրագրի մեկնարկը:
Դւոյեան. «Նախագիծը պէտք է ստեղծուի ԵԽ լեզուներու իմացութեան եւ գնահատման ընդհանուր շրջանակի հիման վրայ»:
Փաշինեան. «Հայաստան պէտք է օրակարգ ունենայ Թուրքիոյ հետ ու զայն չընկալէ Ատրպէյճանի միջոցաւ»:
«Երեւան-Պաքու գործընթացին մէջ իրականութիւնը այն է, որ Անգարայի ներկայութիւնը տեսանելի եւ զգալի է»:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութեան պահպանումը Թուրքիոյ առաջնահերթութիւններու շարքին կը գտնուի։
Երէկ երեկոյեան, նախագահ Էրտողան ելոյթ մը ունեցաւ՝ ԱՔ կուսակցութեան կողմէ դիւանագիտական շրջանակներուն համար կազմակերպուած Իֆթարի սեղանին ընթացքին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Անգարայի մէջ մասնակցեցաւ՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի բարձր հովանաւորութեամբ կազմակերպուած Իֆթարի սեղանի մը։
«Արաս» հրատարակչատան գործունէութիւնը կը տեսակաւորուի ԵՄ-ի կողմէ հովանաւորուած ծրագրով մը:
Նորաստեղծ «Եսայեան» միութեան հանրութեան պաշտօնական ներկայացման առթիւ երէկ մամլոյ ասուլիս մը տեղի ունեցաւ: