Արխիւ
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աւազանի անունով Գէորգ: Ծնած է 16 մայիս 1868-ին Զէյթունի մօտակայք գտնուող Մարաշ (Եարփուզ) գիւղին մէջ, քահանայի ընտանիքի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ալփիստանի Ազգային վարժարանէն ներս:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Վարչապետ Փաշինեանի ասուլիսի հիմնական պատգամը, անշուշտ, այն էր, որ Հայաստան պատրաստ է Ատրպէյճանին տարածքներ յանձնել Տաւուշի մարզին մէջ, քանի որ անոնք «մերը չեն»: Ճիշդ է, սա ուղիղ չէ ըսուած՝ ուղերձը քօղարկուած էր (…) հաստ շերտի տակ եւ այդ շերտը նիկոլական զանգուածին համար գուցէ եւ միանգամայն համոզիչ է:
Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ հաստատած է իրեն յարակից հեռուստակայան մը, որուն պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ։
Հայաստանի կառավարութեան «Ակադեմական քաղաք» նախաձեռնութիւնը հակազդեցութիւն կը ստեղծէ:
Երեւանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցի ուսանողութիւնը շարժման անցած է՝ տեղափոխութեան հեռանկարին դէմ:
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը կը պատրաստուի այցելել Ֆրանսա։ Այս ուղեւորութիւնը երգչախումբին տեսակէտէ կարեւոր զուգադիպութիւններու առիթ պիտի հանդիսանայ։
Հաքան Ֆիտան. «Հայաստան եւ Ատրպէյճան շատ մօտ են խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման»:
Թուրքիա համընդհանուր աջակցութիւն կ՚ակնկալէ Զանգեզուրի ուղիի բացման համար: Միրզոյեան յայտնեց փոխըմբնման մակարդակի բարձրացման մասին: Յաջորդ շաբաթ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթոլթենպերկ կ՚այցելէ Երեւան:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն հիւրեր։ Այսպէս, Նորին Ամենապատուութեան ներկայացան Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Ասպետ Թաթուլեան եւ Միքայէլ Հավլուճեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որ կը վերաբերի Արցախի գերեվարուած ռազմաքաղաքական ղեկավարներու հիմնական իրաւունքներու ոտնահարման դէպքին։
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ խորհրդակցութիւններ:
Անգարա եւ Մոսկուա բաղդատեցին իրենց տեսակէտները՝ Հարաւային Կովկասի իրադրութեան կապակցութեամբ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Արեւագալի արարողութեան նախագահեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր համախմբուած էին հոծ թիւով հաւատացեալներ։ Նորին սրբազնութիւնը խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի երեսուներրորդ օրն է:
Սեւեռիոս Անտիոքացին կը գրէ. «Սէրը պահեցողութեան պսակն է, առանց որուն պահեցողութիւնը դատարկ ու անարդիւնք կը թուի. ուստի պէտք է աշխատինք խոնարհ ու համեստ ըլլալ բոլորին նկատմամբ:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց «Իյի» կուսակցութեան կողմէ Կղզեաց քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Այշէ Կիւլնուր Շաքիրը, որուն կ՚ընկերանային կուսակցութեան Կղզեաց մասնաճիւղի վարչայինները։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց սանուց եւ համակիրներու միութեան նախաձեռնութեամբ վերջերս կազմակերպուեցաւ փինկ-փոնկի մրցաշարք մը։ Իր նմաններու շարքին երրորդն էր այս նախաձեռնութիւնը, որուն մասնակցեցաւ 18 մարզիկ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հայերէնս...
Լեզուիս մարմին եւ ոգի տուող,
Իմ հարազատս՝ անխարդախ.
Աշխարհի հայութեան բերնին մէջ,
Միշտ կը փնտռեմ քեզ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Իւրաքանչիւր արարածի հասարակաց բնակավայրն է երկիր մոլորակը։ Հակառակ բանականութեամբ օժտուած ըլլալուն՝ ալարկոտ, որկրամոլ ու ծոյլ բնաւորութեամբ մարդկութիւնը դարեր շարունակ իր հանգստութեան ու քմահաճոյքին համար գորշացուցած է բնութեան երանգապնակի հարուստ գոյները եւ արագօրէն կ՚ընթանայ դէպի կործանում։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երկնային եւ երկրային՝ հոգեւոր եւ աշխարհային գործերու իրարմէ զատ գործածութիւնը յաճախ հարց եղած է մարդկային-ընկերային կեանքի պատմութեան ընթացքին։ Հոգեւո՞րը թէ աշխարհայինը առաջնակարգ է, այս հարցով զբաղած են ընկերաբաններ, հոգեւորականներ, քաղաքագէտներ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երուանդ Օտեան պատանի տարիքին հազիւ գրել ու կարդալ կը սորվի, փոքր թերթ մը կը պատրաստէ, որուն մէջ կը սկսի գրի առնել խոհարարին եւ սպասուհիին միջեւ տեղի ունեցած վէճերն ու կռիւները, կը գրէ օրուան ճաշացուցակը, ինչպէս նաեւ այցելուներուն ցանկը, ընտանեկան պտոյտները եւ այլն:
- Շուները երկար բաժանումէ մը ետք իրենց տիրոջ հետ միանալու պահուն ուրախութենէն կու լան։
- Երբ արու թեւատը սիրահարուի, ամբողջ ծովափը կը շրջի՝ իր սիրելի էգ թեւատին ամենագեղեցիկ քարը մատուցելու համար։
Անասուններու ապաստարանները կարեւոր դեր կը խաղան անոնց բարեկեցութեան համար եւ կը ձգտին անօթեւան անասուններուն ժամանակաւոր կամ մշտական ապաստան տրամադրել։ Անասուններու ապաստարանները նաեւ կ՚իրականացնեն հանրային իրազեկման աշխատանքներ՝ անասուններու պահպանման եւ անոնց ապահովութեան վերաբերեալ։
Ելեկտրոնային գործիքներու պաստառներու դարաշրջանին նոր սերունդի մօտ ընթերցանութեան հանդէպ սէրը կ՚անհետանայ։ Լեհաստանէն լուսանկարիչ Իվոնա Փոտլասինսքա աշխարհը կը շրջի եւ կը յաւերժացնէ այն հմայքի պահերը, երբ երեխաները կը սուզուին գիրքերու էջերուն մէջ։