Արխիւ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2023

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցան Խաչվերացի աւանդական տօնակատարութիւններ։ Տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որ խօսեցաւ օրուան խրատականը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Խաչվերացի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Յետվերանորոգման աշխատանքներուն, սա այս եկեղեցւոյ առաջին տարեկան անուան տօնախմբութիւնն էր։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ պատարագեց եւ տուաւ օրուան պատգամը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2023

Երեւանի «Բացօթեայ օփերա» համերգներու շարքը աւարտին հասաւ հանդիսաւոր երեկոյթով մը:
Եզրափակիչ փուլի յայտագիրը գործադրուեցաւ իտալացի աշխարհահռչակ խմբավար Ֆապիօ Մասթրանճելոյի մականին ներքեւ:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2023

Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն մասնակցեցաւ ընտրողներուն հազիւ 28.46 տոկոսը:
Տիգրան Աւինեանը քաղաքապետի թեկնածու առաջադրած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացաւ ձայներու 32.57 տոկոսը: Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահը հանդէս եկաւ զարմանալի յայտարարութեամբ:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2023

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նիւ Եորք մեկնած է՝ մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 78-րդ նստաշրջանի բացման փուլի բարձր մակարդակի քննարկումներուն եւ ձեռնարկներուն։ Նոր նստաշրջանի բացման շրջանակին մէջ նախատեսուած են նաեւ Արարատ Միրզոյեանի երկկողմանի շփումները՝ այլ զանազան երկիրներէ գործընկերներու եւ ՄԱԿ-ի պաշտօնատարներու հետ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Արցախէն երիտասարդ պատմաբան Վլատիմիր Տոլուխանեան համոզուած է, թէ նոր նախագահի ընտրութիւնը ոչինչ պիտի փոխէ։ Մինչ Արցախի իրավիճակը կը մնայ ճգնաժամային եւ հարցականներով ծանրաբեռնուած, վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ կարծիքը շօշափեցինք Վլատիմիր Տոլուխանեանի, որուն մօտեցումները կը ներկայացնենք ստորեւ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2023

Պաշարեալ Արցախի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին լուրջ շրջադարձ մը կատարեց։ Ամիսներէ ի վեր Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնը ձեռնպահ կը մնար պաշարումէ դուրս գալու համար ընդունիլ Լաչինի միջանցքէն տարբեր՝ այլընտրանքային ճանապարհ մը, սակայն արդէն վերջին օրերուն իրադրութիւնը փոխուեցաւ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2023

Էրտողան Փաշինեանին առաջարկած է՝ Փութինի եւ Ալիեւի հետ քառակողմանի հանդիպում մը կազմակերպել:
Թուրքիա կ՚ընթանայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացէն ներս կշիռը բարձրացնելու ճանապարհով՝ բանակցութիւններուն ուղղակի ներգրաւուելու համար, երբ Հարաւային Կովկասի մէջ ուժերու վերադասաւորումը անշրջադարձելի է:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր կեանքին մէջ գոյութիւն ունին երեւոյթներ, որոնք գոյութիւն ունեցած են մարդկութեան ամբողջ պատմութեան ընթացքին, այսօր եւս գոյութիւն եւ գուցէ պիտի գոյութիւն ունենան այնքան՝ ինչքան մարդկութիւնը գոյատեւէ երկիր մոլորակին վրայ. եթէ անոնցմէ մէկը պոռնկութիւնն ու սպանութիւնն է, ապա միւսը անպայմանօրէն գողութիւնն է:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Խաչվերաց տաղաւարի տօնին՝ կ՚արժէ վերյիշել Խաչին մեծ զօրութիւնը։ Ուստի, շարականագիրը կ՚երգէ. «Եւ սովաւ յաղթեսցուք անօրէն թշնամոյն»։ Արդարեւ, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ հինգերորդ տաղաւար տօնն է «Խաչվերաց»ը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2023

Հայաստանի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընդառաջ, երէկ երեկոյեան, Երեւանի կեդրոնին տեղի ունեցաւ մեծ հանրահաւաք մը, որուն յաջորդեց նաեւ երթ մը։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս մասնակցեցաւ այս մեծ հանրահաւաքին, որու ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2023

«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի յիշատակին հաստատուած համանուն մրցանակներուն 15-րդը երէկ երեկոյեան յանձնուեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2023

Էսաեան վարժարանի լիսէի բաժնէն աշակերտներ երէկ շրջագայութիւն մը կատարեցին Պէյօղլուի մէջ։ Այսպէս, անոնք այցելեցին պատմական թաղամասի զանազան եկեղեցիները։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2023

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Պուէնոս Այրէսի «Մարի Մանուկեան» վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2023

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Ահաւասիկ հասած ենք Խաչվերացի տաղաւարին։ Տարւոյն հինգ տաղաւարներէն վերջինը, որուն տօնակատարութեան կեդրոնական տեղը կը գրաւէ Խաչը, Խաչեալը եւ Խաչի խորհուրդը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2023

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Հարցը միշտ հրատապ եղած է, սակայն արագ զարգացող արհեստագիտութիւններու այս ժամանակաշրջանին աւելի սուր բնոյթ ստացած է: «Պի.Պի.Սի.» անդրադարձած է այս երեւոյթին:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղը Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ Տաղաւար տօներէն հինգերորդը՝ Խաչվերացը, Սուրբ Խաչի տօնը:
Այսօր մեր ընթերցողներուն պիտի ներկայացնեմ փունջ մը Աստուածաշնչական համարներ եւ Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերու գրութիւններէն հատուածներ՝ նուիրուած Սուրբ Խաչին:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2023

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսականները կը շարունակեն անմիջական ուշադրութեամբ հետեւիլ՝ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրադարձութիւններուն եւ Հայաստան-Ատրպէյճան առկայ լարուածութեան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2023

Աշխարհահռչակ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակին առթիւ Իսթանպուլի մէջ նախատեսուած պատմական ձեռնարկներուն թուականը կը մօտենայ:
Եզակի ժամադրութիւն:
Երաժշտասէրները անհամբերութեամբ կը սպասեն յաջորդ հինգշաբթի՝ սեպտեմբերի 21-ի երեկոյեան CRR-ի բեմին վրայ ողջունելու համար Երեւանէն «Խաչատուրեան» եռեակն ու Իսթանպուլի Ֆիլհարմոնիի միութեան սենեկային նուագախումբը, որոնք եզրափակիչ փուլին միասնաբար պիտի մեկնաբանեն մեծանուն վարպետին «Սուսերով պար»ը: Սրահին մէջ պիտի ցուցադրուի նաեւ առասպելական վարպետին ճանապարհորդութիւններուն վերաբերեալ գծաֆիլմ մը:
Շահան Արծրունի հանգամանալից զեկուցումով եւ Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյի դաշնամուրով հանդէս պիտի գայ՝ պաշտօնական հիւրերուն առջեւ:
Հանդիսաւոր համերգը պիտի զուգադիպի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 32-րդ տարեդարձին: Նախապատրաստական աշխատանքները թափով ու բծախնդրութեամբ յառաջ կը տարուին՝ ՍԾՏՀԿ-ի մօտ մշտական ներկայացուցչութեան վերահսկողութեան ներքեւ, կարգադիր յանձնախումբի ջանքերով:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2023

Իտալիոյ նախկին վարչապետ, Եւրոյանձնաժողովի նախկին նախագահ Ռոմանօ Փրոտի, որ այս օրերուն կը գտնուի Հայաստանի մէջ, ուր Երեւանի Պետական համալսարանին կողմէ պատուոյ տոքթորի կոչման արժանացած է, վերջին օրերուն հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։

Էջեր