Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Աշխարհի՝ իրարմէ հեռու երկու վայրերու մէջ այսօր միլիոնաւոր մարդիկ հրաժեշտ կու տան երկու արուեստագէտներու, զանազան մեծութեան երկու աստղերու, որոնք կեանքէն հեռացան երկու օրուան տարբերութեամբ: Անոնք են՝ իտալացի աշխարհահռչակ դերասանուհի՝ Ճինա Լոլոպրիճիտա եւ վրացի ականաւոր դերասան, երգիչ՝ Վախթանգ Քիքապիծէ:

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեր սիրելի ընթերցողներու ազնիւ ուշադրութեան կ՚ուզենք յանձնել, որ յունուար 2023-էն սկսեալ, թերթիս պատուարժան խմբագիրին՝ տիար Արա Գօչունեանին կարծիքը առնելէ եւ քաջալերանքը ստանալէ ետք, նոր յօդուածաշարքի մը պիտի սկսինք, որ պիտի կրէ ԱԿՆԱՐԿ ենթախորագիրը, ուր պիտի փորձենք անդրադառնալ հայկական իրականութիւնը՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ յուզող հարցերու եւ երեւոյթներու:

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի «Համապատում»ը ծանօթ է բոլորիս։ «Համապատում»ի նախաբանը անգամ մը եւս կարդալ, կը յուսամ, այնքան օգտակար պիտի ըլլայ, որքա՛ն ամբողջ գիրքը կարդալը։

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Սփիւռքի մէջ տարածուած է այն համոզումը, որ մեր Հայաստանի հայորդիները ծոյլեր են եւ անոնց մեծագոյն հաճոյքը գինեմոլութիւնն է: Հայաստանի մէջ տիրող աղքատութիւնը եւս շատ շատեր կը վերագրեն գինեմոլութեան այդ ախտին:

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2023

CRR-ի մէջ, Հարպիյէ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ բացառիկ համերգ մը։ Բառին բուն իմաստով արտասովոր ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին սրահը բերնէ բերան լեցուցած երաժշտասէրները ունեցան անմոռանալի ապրումներ։

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2023

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան մարմինը գումարեց հերթական ժողովը:
Մարտի 12-ին նախատեսուած քուէարկութեան օրը վեց հայահոծ կէտի վրայ քուէատուփեր զետեղուած պիտի ըլլան:

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2023

Արցախի պաշարումը կը շարունակուի աւելի քան ամիսէ մը ի վեր՝ մարդասիրական բոլոր ծանր հետեւանքներով։ Առկայ հրատապ մթնոլորտին մէջ երէկ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հանդէս եկաւ ուշագրաւ յայտարարութիւններով։

Չորեքշաբթի, Յունուար 18, 2023

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի անվտանգութեան հարցին մէջ անհրաժեշտ է միջազգային ներգրաւուածութիւն։

Չորեքշաբթի, Յունուար 18, 2023

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյին Ամիր Ապտուլլահիանը։ Օրուան տեւողութեան հիւր նախարարը այցելեց նաեւ Պեշթեփէի համալիրը, ուր ընդունուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 18, 2023

Էսաեան վարժարանի մէջ Նոր տարուայ եւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ տեղի ունեցաւ տօնական փայլուն հանդէս մը։ Ի տարբերութիւն մեր համայնքային բազմաթիւ դպրոցներէն՝ Էսաեանի մէջ հանդէսը տեղի ունեցաւ տարեմուտի առաջին օրերուն։

Չորեքշաբթի, Յունուար 18, 2023

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքէն խումբ մը լուսանկարիչներ հանդէս կու գան նոր նախաձեռնութիւնով մը՝ ստեղծելով «Պոլիս լուսատու» հարթակը։ Այս խմբաւորումը կը նախատեսէ մէկտեղել պոլսահայ արհեստավարժ կամ սիրող լուսանկարիչներ եւ կեանքի կոչել համատեղ նախագիծեր։

Չորեքշաբթի, Յունուար 18, 2023

Երէկ սկսաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ուղեւորութիւնը դէպի Երուսաղէմ, ուր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօրուընէ սկսեալ կը նշէ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը՝ ըստ Հին տոմարի։

Չորեքշաբթի, Յունուար 18, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար Առակագիրը կը գրէ. «Խրատ սիրողը գիտութիւն կը սիրէ, բայց յանդիմանութիւն ատողը անմիտ է» (Առ 12.1):
Պատասխան.
Ճշմարտութեան եւ ուղղութեան մէջ քալողներուն համար խրատը համազօր է հարստութեան կամ թանկարժէք գոհարեղէնի, որովհետեւ խրատը կը դիտարկեն որպէս առաւել հզօրացման եւ ճշմարտութեան ու ուղղութեան մէջ ամրանալու միջոց, որով նաեւ իրենց գիտութիւնը կ՚աւելցնեն եւ զայն կը ծառայեցնեն յանուն իրենց շրջապատի օգուտին ու բարիքին, եւ միաժամանակ՝ Աստուծոյ փառքին համար:

Չորեքշաբթի, Յունուար 18, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սահակեան. «Կոյր պէտք է ըլլալ՝ այս բոլորին մէջ չտեսնելու համար Ռուսաստանի առնուազն անկարողութիւնը, եթէ չըսենք յանցաւոր անգործութիւնը։ Երեւան ինչի՞ պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքները երաշխաւորելու համար։ Արցախը զոհաբերելով անկարելի է ապագայ ունենալ»:
«Ամբողջ աշխարհի խաղաղութիւնը կառուցուած է հակակշիռներու հիման վրայ։ Հայաստան կրնայ այդ ճարտարապետութեան մաս դառնալ ու ո՛չ թէ անպիտան գոյութիւն աշխարհի վրայ»:
Ներքին քաղաքական ազդակները կը նուազեցնեն երկրի պաշտպանունակութիւնը։ 44-օրեայ պատերազմը կանգնած է այստեղ, ուր բոլոր իտէալ պայմանները կան յաջորդին համար:

Չորեքշաբթի, Յունուար 18, 2023

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ան ամէն անգամ ծածուկ կը բանայ գաղտնարանը: Սեւ արկղի մը մէջ պահած է իր բոլոր բացթողումները: Ոմանց համար ակնյայտ, շատերու համար անհաւատալի:

Չորեքշաբթի, Յունուար 18, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Պետրոս Դուրեան, ծնած է 1851 թուականին, Սկիւտար եւ մահացած՝ շատ երիտասարդ՝ 1872-ին նոյն թաղը։ Ան եղած է ամենասիրելի դէմքերէն Հայ գրականութեան՝ իր դժբախտութեամբ, հանճարով, իր ժամանակի Պոլիսը հարազատօրէն արտայայտելու փաստով։

Չորեքշաբթի, Յունուար 18, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վերջերս ականատես եղայ երեւոյթի մը. եօթը տարեկան մանուկի մը մայրը խստութիւն բանեցնելով կը փորձէր արդէն իսկ 4 ժամ դաս ընող իր մանուկը համոզել ժամ մը եւս դասերուն տրամադրել, որուն դիմաց մանուկը բարձրաձայն լալով կ՚առարկէր:

Երեքշաբթի, Յունուար 17, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ Աթոռներու յարաբերութիւններուն տեսակէտէ յատկանշական փուլ. գահակալներու անդրանիկ ժամադրութիւն Սուրբ Ծնունդի առթիւ:
Մարդկային կապերու գծով ճկունութեամբ Սահակ Պատրիարք կրնայ դեր խաղալ եւ Նուրհան Պատրիարքը երկխօսութեան առաջնորդել այն կողմերուն հետ, որոնք  տարակարծիք են անոր հետ:

Երեքշաբթի, Յունուար 17, 2023

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Զրոյցի ընթացքին նախարարը եւ ընդհանուր քարտուղարը առաջնահերթօրէն քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ստեղծուած մարդասիրական տագնապին մանրամասնութիւնները՝ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով։

Երեքշաբթի, Յունուար 17, 2023

Անգարա-Ուաշինկթըն օրակարգին կուտակուած բարդ խնդիրներուն շուրջ բարձր մակարդակի վրայ քննարկման հնարաւորութիւն:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Էնթընի Պլինքըն կ՚անդրադառնան՝ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ բազմաբնոյթ նիւթերու:

Էջեր