Արխիւ
Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւնները կը շարունակուին Քիշինեւի մէջ:
Խուսափիլ առաւելապաշտութենէ:
ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել անհրաժեշտ կը նկատէ, որ Երեւանի եւ Պաքուի ղեկավարութիւնները համարձակ որոշումներ առնեն:
Վերընտրեալ ղեկավարը յառաջիկայ շրջանի յաւակնոտ նպատակներուն եւ սկզբունքներուն վերաբերեալ վճռական պատգամներ կու տայ հանրային կարծիքին:
Հանրապետութեան նախագահի երդումը՝ շաբաթավերջին:
Էրտողան. «Աւելի յանձնառու պիտի ըլլանք մեր անմիջական շրջակայքի տագնապներու լուծման ուղղութեամբ եւ պիտի ջանանք, որ մեր տարածաշրջանէն ներս վերահաստատուին խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը»:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի ընտանիքէն Յակոբ Կէօքչէն եւ Ժիրայր Աքմերճանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի տեղեկացուցին, որ այս շաբաթավերջին կը նշուին դպրաց դասու հիմնադրութեան 132-րդ եւ երգչախումբի կազմութեան 87-րդ կրկնակ տարեդարձները։
Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին ուղարկուած շնորհաւորականները երէկ արձագանգ գտան «Անատոլու» գործակալութեան թողարկումներուն մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի տնօրինութեամբ նոր դերաբաժանում մը կատարուած է պոլսահայ հոգեւորականաց դասու անդամներու պաշտօնավայրերու պարագային։ Պատրիարքարանի դիւանը երէկ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց այս ուղղութեամբ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ժամանակը ո՛չ մէկուն մասին կը խօսի։ Սակայն բոլորը կը խօսին վերջինիս մասին։ Աւելին՝ վերջերս գանգատելու սկսած ենք ծերուկ իմաստունէն. Ժամանակը չի բաւեր... ակնթարթի մը պէս անցաւ... օրը, ամիսը, տարին, մանկութիւնը, պատանեկութիւնը, երիտասարդութիւնը, մեր կեանքը ինչպէս անցաւ՝ չհասկցանք...
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1905)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ֆիզիքական կրթութիւնը: Երեխան գրկելու, պառկած տեղէն վերցնելու կերպը: Խնամք լսողութեան ու տեսողութեան վերաբերեալ: Մտաւոր եւ բարոյական կրթութիւն: Ճիչի իմաստը: Նմանողական բնազդը: Վերջին խօսք:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աղօթքը, իրապէ՛ս անհրաժեշտութիւն մըն է մարդկային կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար։ Արդարեւ, Յիսուս կոչ կ՚ուղղէ աղօթելու եւ «արթուն մնալու»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աշխարհի մէջ տղամարդուն դերը անուրանալի է եւ ինչու չէ տեղ մը անհրաժեշտ, որովհետեւ աշխարհը շատ բան կը պարտի ստեղծագործ տղամարդոց:
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի վարիչ Հիքմէթ Հաճիեւ երէկ Պրաթիսլաւայի մէջ մասնակցեցան փանելի մը։
Իսրայէլի նախագահը պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Ատրպէյճան. կարեւոր բանակցութիւններ:
Եիցաք Հերցոկ եւ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ կ՚անդրադառնան երկկողմանի համագործակցութեան օրակարգի հարցերուն:
Սկիւտարի Ս. Խաչ դպրեվանքի հիմնադրութեան 70-ամեակը, անցեալ շաբաթավերջին հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններով նշուեցաւ Նիւ Ճըրզիի մէջ՝ Նիւ Եորքի շրջանի Ս. Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Օննիկ Ֆէնէրճիի։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Յովհաննէս Կիւմիւշեանի հիմնած «Կիւմիւշեան» հիմնարկի վարչութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Էյիւպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Սայաթ Մուրատօղլուի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
«Բարեկամ» խմբակը վերջերս այցելութիւն մը տուաւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Գալայճըին, որ կը հանդիսանայ իր բարերարներէն։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի սկսի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը, որուն պիտի մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին։ Այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահ Էրտողանը շնորհաւորեց վերընտրուելու կապակցութեամբ։
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակութեան ենթակայ Լիէժի ծուխը վերջերս ունեցաւ Ուղղափառ Եկեղեցիէն բարձրաստիճան հիւր մը։ Այսպէս, հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան ընդունեց Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պելժիոյ Աթենակորաս Մետրապոլիտը։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիմագրաւած առկայ հարցերը բոլոր հարթութիւններու վրայ ուշադրութեան առարկայ կը դառնան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ Նուիրապետական աթոռներու գահակալներն ալ զգայնութեամբ կը հետեւին իրադարձութիւններուն, որոնք ունին նուրբ նշանակութիւն։