Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երբեւէ մտածա՞ծ էք, որ անարդարութեան դիմաց լուռ մնալը անմարդկութիւն է այնքան՝ ինչքան այդ անարդարութիւնը կեանքի կոչելը եւ կամայ թէ ակամայ բոլորս ալ այդ վիճակին մէջ կը գտնուինք, որովհետեւ անմարդկային անարդարութիւններ օրական դրութեամբ կը կատարուին եւ մենք կը շարունակենք մնալ անտարբեր:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երէկ անծանօթ մը ուզեց կարծիքս լսել Հայաստանի իրավիճակին մասին եւ ուզեց գիտնալ դրակա՞ն են անոնք՝ թէ ոչ ժխտական: Պատասխանս յստակ էր՝ թէեւ այն չէր ինչ ինք կ՚ուզէր լսել.
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի երդիքին տակ Ամանորի ընդառաջ տեղի ունեցաւ աւանդական քէրմէս մը, որ առիթ դարձաւ արտասովոր խանդավառութեան։ Երկօրեայ ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ դպրոցի հոգաբարձութեան ջանքերով։
Հանգուցեալ Թադէոս Կիւնթէրի յիշատակին կազմակերպուած միջմիութենական նարտի մրցաշարքը այս տարի եւս համայնքային շրջանակներէն ներս արժանացաւ մօտիկ հետաքրքրութեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին համար կազմակերպուած տարեկան հանգանակութեան, որ տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։
Համայնքային ընտրութիւններու գործընթացը երէկ շարունակուեցաւ՝ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի կազմը վերանորոգելու համար տեղի ունեցած քուէարկութեամբ։ Ընտրութենէն յաջողութեամբ դուրս եկաւ Կապոյտ ցուցակը, որ ընտրապայքարի մէջ մտած էր Կանաչ ցուցակին հետ։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց երգչախումբը երէկ մասնակցութիւն բերաւ այս տարուան «Երգչախումբերու մարաթոն»ին։ «Աթաթիւրք» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երգչախումբը հանդէս եկաւ խմբավար Սիպիլ Արսէնեանի մականին ներքեւ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի սիրուած ու յարգուած դէմքերէն Տիգրան Պարըն։
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջերս Լիւքսեմպուրկի Ս. Միշել եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ գիտաժողովի մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մոսկուայի «ոտքերուն տակ ապակիներ», իսկ Նիկոլ Փաշինեան դարձած է անդրդուելի ռուսամէտ:
Հարաւային Կովկասի կտրուածքով Ռուսաստան այժմու կացութեամբ յայտնուած է ոչ-նախանձելի դրութեան մը մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս տարի լրացաւ 120-ամեակը հայ երգչուհի, կրթական, մշակութային գործիչ, Մշոյ աշխարհի դուստր եւ «Տարօնի սոխակ» Արմենուհի Գեւոնեանի (ծնեալ՝ Տէր-Կարապետեան):
Արգասաւոր կեանք ապրած հայուհին կեանքէն հեռացած է 100 տարեկանին, ուստի 2022 թուականը նաեւ անոր մահուան 20-րդ տարին է:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ներկայ դարաշրջանին բոլորս ունինք որոշ նպատակներ եւ անոնց հասնելու համար կը փորձենք զանազան մեթոտներ, կ՚անցնինք տարբեր ճանապարհներով։
Եթէ ապրէինք հինգհարիւր տարի առաջ, նոյնիսկ նախապատմական ժամանակներուն, «նախնական» ըլլալու պայմանը կը վերագրուէր նախորդ դարաշրջանին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Res. no verba». գործ եւ ո՛չ խօսք։ Կան մարդիկ, որոնք շատ կը խօսին, բայց ոչինչ կ՚ըսեն, կան ալ մարդիկ՝ որոնք կը խօսին, բայց ոչինչ կ՚ընեն։
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու անդամները արժեւորեցին թրքահայ կեանքի իրադարձութիւնները:
Եկեղեցական համագումարը կոչ ուղղեց, որպէսզի Պէյօղլուի եւ Պիւյիւքտէրէի թաղային խորհուրդներու ընտրութեան համար քուէատուփեր զետեղուին նաեւ Ֆէրիգիւղի եւ Սամաթիոյ եկեղեցիներու շրջափակէն ներս՝ չխոչընդոտուի ժողովրդավար ոգին եւ խրախուսուի ընտրողներու մասնակցութիւնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ի զուր չէ, որ Երուսաղէմի սրտին վրայ գոյացած է «Հայկական թաղամաս» անունով մկրտուած եւ մեծ մասամբ հայերով բնակուած պատմական հատուածը։
Երկար դարերու պատմութիւն եւ մեծ անցեալ ունին սաղիմահայերը ու արհեստի եւ արուեստի կերտիչներ են։
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 37.14-38:
Պօղոս առաքեալին Թեսաղոնիկեցիներուն ուղարկած 2-րդ նամակէն 1.1-12:
Ղուկասի Աւետարանէն 14.12-24:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հաւատարիմ վկան հոգիներ կ՚ազատէ». (ԱՌԱԿ. ԺԴ 25)։ «Ճշմարտութեան վկան սուտ չի խօսիր». (ԱՌԱԿ. ԺԴ 5)։
Առակախօսին այս երկու խօսքերը ներքին կապ մը կը հաստատեն «հաւատարմութեան» եւ «ճշմարտութեան» արժէքներուն միջեւ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բարեկամներէս մին, որ եօթ տարեկան աղջնակ մը ունի, յայտնեց, թէ արգիլած է աղջկան օգտուիլ արհեստագիտութեան «բարիք»ներէն եւ ժամանակ անցընել համացանցի վրայ զանազան ժապաւէններ դիտելով։
Անմահական Արամ Խաչատուրեանի յիշատակին ձօնուած նախաձեռնութիւնը արդէն տասն տարեկան:
Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ բացման համերգով հանդէս եկաւ Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը:
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հանդիպում մը ունեցան Պիշքեքի մէջ, ուր կը գտնուէին Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթաժողովին առթիւ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին երկու ղեկավարները ուշադրութիւն կեդրոնացուցին տարածաշրջանային հարցերու վրայ։