Արխիւ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
2020 թուականի հոկտեմբերի 18-ին Արցախի Մատաղիս գիւղին մէջ, 44-օրեայ պատերազմի օրերուն զոհուեցաւ հայրենի երիտասարդ արուեստաբան, Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի գիտաշխատող Աւետիս Աւետիսեան: Աւետիսը ռազմաճակատ մեկնած էր կամաւոր: Ան 34 տարեկան էր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Paulo Coelho (1947) աշխարհահռչակ վիպագիրը սապէս կ՚ըսէ. «Մէկու մը ընծայուած ամենաթանկագին նուէրը ժամանակն է. այն որ կարելի չէ վերագտնել կամ վերստանալ»։ Արդարեւ, կ՚ըսուի, թէ ժամանակը թանկագին է. քանի որ անիկա վատնել մեծ վնաս կը պատճառէ մարդուս։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր ազգը քանդողները, թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ անտարակոյս կուսակցութիւն ըսուած չարիքն է, որովհետեւ անոնք իրենց գոյութիւնը ազգին բարօրութեան ծառայեցնելու փոխարէն իրենց ուրոյն շահերուն կը ծառայեցնեն:
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ առաջին դասարաններու ընթերցման տօնը մեծ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ։
Ուսուցչուհի Տօնարա Պէպուրեանի սաները հանդէսի ընթացքին խմբերգներով եւ բանաստեղծութիւններով փառաբանեցին Մեսրոպեան այբուբենը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Էսաեան վարժարանի շրջանաւարտները յաջորդ շաբաթավերջին վերստին պիտի համախմբուին եւ այս ուղղութեամբ կազմակերպչական աշխատանքները ընթացքի մէջ են։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութիւնը վերջին օրերուն կազմակերպեց ճատրակի մրցաշարք մը, որ երէկ հասաւ իր աւարտին։ Միջվարժարանային եռօրեայ այս մրցաշարքը արդէն 16-րդ անգամ տեղի ունեցաւ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Ռոնի Մուրատօղլու կրթական կեանքէն ներս փայլուն նուաճումներ արձանագրելով՝ կ՚արժանանայ բարձր գնահատանքի։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Պրիւքսելի հանդիպումէն բխած Շարլ Միշելի յայտարարութեան հիմնական նորութիւնը՝ Հայաստան-Ատրպէյճան տարածքային ամբողջականութիւններու փոխադարձ ճանաչումին առընթեր, թուանշաններով տարածքներու յստակացումն էր:
Կալաթասարայի պատմական նամակատան երդիքին տակ եզակի եւ յատկանշական ձեռնարկ մը:
«Արաս»ի կողմէ հրատարակուած «Pulun Kanadında İstanbul’dan Dünyaya» հատորին ծանօթացման հաւաքոյթը փայլուն անցաւ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Վլատիմիր Փութին եւ Իլհամ Ալիեւ այսօր ժամադրուած են Մոսկուայի մէջ:
«Մենք կը ջանանք, թէ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ունենանք կալուածաթուղթ մը, որու անունն է պետութիւն՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններով»:
Ըստ Արարատ Միրզոյեանի, ամենաէական հարցերու պարագային կողմերը տակաւին բաւական հեռու են համաձայնութենէն:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ամէն առիթով, միշտ ալ տարբեր հիացմունքով կը վերյիշեմ Թումանեանի հայ գիրքին նուիրուած, յստակ խորք ու մեծ իմաստ ունեցող խօսքերը։ Որովհետեւ, յատկապէս այս օրերուն, կը զգամ, որ գիրքը ու մանաւանդ հայ գիրքը, վտանգաւոր տագնապ մը կ՚ապրի։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու Ատրպէյճանէն խումբ մը լրագրողներ հիւրընկալելու ժամանակ անդրադարձաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ան այս առթիւ հերթական անգամ անդրադարձաւ «Նեմեսիս»ի յուշարձանի հարցին։
Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ վաղուան եռակողմանի գագաթաժողովին ընդառաջ հայ իրականութենէն ներս համատարած մտահոգութիւն եւ անհանգստութիւն:
Եկեղեցւոյ կողմէ վերջնագիր:
Երեւան-Ստեփանակերտ հակադրութիւնը ջուրի երես կ՚ելլէ:
Հայաստանի ղեկավարութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը հետզհետէ կը զրկուի հանրային յենարանէ: Իշխանական ճամբարի երեսփոխանները կը ջանան մեղմել վարչապետին արտայայտութիւնները:
«Դատապարտելի եւ անընդունելի են խաղաղութեան պատրուակով հիմնաւորուած միակողմանի զիջումները»:
Կը տեղեկանանք, որ այս ուրբաթ համայնքային հինգ լիսէներու աշակերտութեանց համար նախատեսուած է պտոյտ մը։ Երբ 2022-2023 կրթական շրջանը կը մօտենայ իր աւարտին, Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներէն Լենա Ենիեորկանի նախաձեռնութեամբ նախատեսուած է շրջագայութիւն մը՝ դէպի Վոսփորի Եւրոպական ափի մեր եկեղեցիները։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրնկալեց՝ Հայաստանի դպրոցներէն ներս ուսուցանուող «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի ողիմպիականներու մրցանակակիր աշակերտները։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովը, որու ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Վերջերս անդադար ուղեղիս մէջ կը դառնայ Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի «Պոէտն ու մուսան» երգիծական բանաստեղծութեան հետեւալ տողերը.
Փողի քսա՜կը, փողի քսակը,
Բարձրացնում է մարդու հասակը։
Գեղեցկացնում է հրէշ-տգեղին,
Սրբագործում է գարշն ու աղտեղին…
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1905)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կրկնապատուաստ. պատուաստին պահպանող զօրութիւնը երթալով կը նուազի, եւ 8-10 տարի ետք կը կորսուի, այնպէս որ 8-10 տարի առաջ պատուաստուածները կրնան ծաղիկով հիւանդանալ, ինչպէս չպատուաստուածները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հանդուրժողութիւնը կ՚ենթադրէ երկայնամտութիւն, ակամայ համակերպում, տոկալու, դիմանալու՝ կրելու հոգեկան ուժ։ Հանդուրժողութիւնը հետեւանք է մտածումի ազատութեան, ուստի ամէն անձ միւսէն տարբեր խորհելու իրաւունք ունի եւ ահաւասիկ, այս կէտին հանդուրժողութիւնը կարեւորութիւն կը ստանայ եւ մարդկային փոխյարաբերութիւններու համար անհրաժեշտ կը դառնայ։
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ