Արխիւ
14 մայիսին նախատեսուած նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, երէկ, արդէն քաղաքական ուժերուն կողմէ թեկնածուական ցուցակները վերջնականօրէն ներկայացուեցան Բարձրագոյն ընտրական մարմնին։ Նախագահական թեկնածուները, ըստ էութեան, արդէն յայտնի են՝ քանի անհատական հիմունքի վրայ են։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Արդեօք կեանքը կ՚արժէ՞ ապրիլ։ Այս հարցման մասին զանազան կարծիքներ յայտնած են կեանքի մասին մտածողներու մեծամասնութիւնը։ Առ հասարակ ստացուած են դրական պատասխաններ։ Մահը ընտրողները քիչ են, որքան գիտենք:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բանականութեամբ օժտուած մարդկային արարածը միշտ պէտք է հնազանդի իր խղճմտանքին ստոյգ դատողութեան։ Այս կը նշանակէ ներդաշնակել եւ հաւասարակշռել բանականութիւնը եւ խղճմտանքը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Առաւօտ կանուխ էր, տակաւին լոյսը ամբողջութեամբ իր տիրակալութիւնը չէր հռչակած երկրի վրայ: Թռչունները տակաւին նոր կը սկսէին իրենց ամէնօրեայ ճռուողիւնը՝ մարդոց ու բնութեան յայտարարելով նոր արշալոյսի մը սկիզը:
ԱՆՈՅՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Հակառակ անոր, որ տօնական օրերու ընթրիքները շատ սիրած եմ միշտ, սակայն, մանկութեանս ամենաերկար թուացող ընթրիքներէն մէկը ինծի համար եղած է Զատիկի ճրագալոյցի պատարագին յաջորդող ընթրիքը, երբ միշտ եղած է իմ շատ սիրած՝ չամիչով փիլաւն ու ձուկը։ Բայց այդ ընթրիքը շատ կ՚երկարէր…
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Կասկած չկայ, որ մեր եկեղեցական տօնացոյցով Սուրբ Զատիկը՝ Սուրբ Յարութեան տօնը հայ ժողովուրդի հոգեհարազատ ու շատ սիրուած եւ ամենէն նշանաւոր տաղաւար տօներէն մէկն է, որ նաեւ Մեծ Զատիկ ալ կը կոչենք:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ուշագրաւ գրութիւն մը ունի Կոստան Զարեան՝ վերտառուած «Հայուն Յիսուսը»։ Միշտ ալ սիրելով կարդացուելիք գրութիւն մը, որ քրիստոնէական հաւատքի ընկալումներէն աւելի՝ կը փորձէ քննել Տիրոջ իսկական կերպարը եւ անոր երակներուն մէջ մտնել արուեստի ընկալումներով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ուրեմն, եղբա՛յրներ, համարձակութիւն ունինք սուրբ տեղը մտնելու Յիսուսին արիւնովը, այն նոր եւ կենդանի ճամբովը՝ որ բացաւ մեզի վարագոյրին մէջէն, որ է իր Մարմինը» (ԵԲՐ. Ժ 19-20)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Ո՞ւր են առաջուան Զատիկները…»:
Այս խօսքը հնութիւն եւ ծերութիւն կը բուրէր, երբ մանուկ էինք, սակայն, ինչքան հասակ առինք, այնքան աւելիով «ծերացանք» եւ մեր կարգին սկսանք փնտռել «առաջուան Զատիկները»:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զանգերը այսօր դարձեալ կը ղօղանջեն Սուրբ Յարութեան աւետիսով։ Շնորհաւո՜ր հայուն Զատիկը…
ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
«Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց, Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»։
Աւելի քան երկու հազար տարիէ ի վեր ո՜վ գիտէ քանի անգամ այս հրաշալի աւետիսը մարդկանց աւետուած է. «Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց, Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Քրիստոնեայ աշխարհը այսօր կը տօնէ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան աւետիսը, որ նոր կեանքի սկիզբը դրաւ իր յաղթահարիչ կնիքով։ Այս պատկառելի աւետիսն է, որ յետ Յարութեան վերակենդանացուց աշակերտները, որոնք Յիսուսի խաչելութեամբ յուսալքուած էին աշխարհի դիմաց։
ՄԵՍՐՈՊ ՎՐԴ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ
Ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ… Հաստատուն կացէք հաւատքին մէջ՝ գիտնալով, որ ձեր եղբայրներն ալ աշխարհի մէջ նոյն չարչարանքները կը կրեն։
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Աւետիսն է նոր կեանքի, զոր անգամ մը եւս կը յայտարարէ Ս. Եկեղեցին եւ անտարակոյս բոլորիս հոգիները կը լեցուին անպարագրելի ուրախութեամբ։ Բառերը բաւական չեն բացատրելու Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդը, զորս կ՚ապրինք խոր հաւատքով, քանզի մեր առջեւ կը բացուի նոր կեանքի արշալոյսը։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Քրիստոսի աշխարհ գալը աննպատակ չէր։ Ան ունէր յատուկ եւ յստակ առաքելութիւն մը։ Եւ այդ առաքելութեամբ մարդկութեան եւ աշխարհին ցոյց տուաւ «ճամբան», որուն միջոցաւ մարդը պիտի հասնի «ճշմարտութեան» եւ անպայմանօրէն «կեանքին»։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Տիեզերքի պատմութեան ամենակարեւոր ու համակ կեանք բուրող աւետիսն է սա, տրուած՝ մահաբոյր վայրի մը առջեւ, որ է գերեզման։ Վայր մը, որ ոմանց համար վերջակէտն է կեանքին։ Վայր մը, որ ոմանց համար կը խորհրդանշէ կորուստը։
ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ
Ահաւասիկ մեր եկեղեցիներու զանգերը զատկական ցնծութեամբ նորէն կ՚աւետեն Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը: Եօթը շաբաթներէ ի վեր աղօթքով, ապաշխարութեամբ, ծոմապահութեամբ, բազմաթիւ եկեղեցիներ տրուած ուխտի այցելութիւններով, ողորմութիւններով, նուիրատուութեամբ եւ նման հոգեւոր վարժութիւններով պատրաստուեցանք Սուրբ Զատկին՝ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան փառաշուք տօնին:
Աւագ շաբթուան արարողութիւնները ընթացքի մէջ են՝ վերանորոգ խորհուրդով։ Երէկ, Աւագ հինգշաբթի եւ այսօր, Աւագ ուրբաթ, հոգեպարար եկեղեցական արարողութիւնները անբացատրելի զգացումներ առթեցին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներուն։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աւագ ուրբաթ օրը եկեղեցւոյ կեանքին ամենէն սրբազնագոյն, նուիրական եւ միաժամանակ ամենածանր օրն է։ Այդ օրուան ընթացքին է, որ կը կատարուին մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ձերբակալութիւնը, չարչարանքները, խաչելութիւնը, մահն ու թաղումը։
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։ Թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն սաներ մասնակցեցան այս հոգեպարար արարողութեան, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։