Արխիւ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2022

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր, շաբաթ, 29 հոկտեմբեր 2022-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ յիշտակի տօնը՝ Ընդհանրական Սուրբ Եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն՝ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետին: Անցեալ շաբաթ օր, նոյն Հայրապետին տօնը նշուեցաւ, այս անգամ Սուրբ Եկեղեցւոյ Տասներկու Սուրբ Վարդապետներուն հետ միասին:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2022

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Եւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը արդէն 115 տարեկան է։ Այո՛, անշուշտ, ուրախ ենք։ Յոբելեանը կ՚առթէ բարձր տրամադրութիւն։ Տարեդարձի օրով տխրութիւն կ՚ըլլա՞յ։ Յուզումն ու յոյսը պատած են մեր էութիւնը։ Կ՚ալեկոծի մեր ներաշխարհը՝ մինչ պահ մը մենք մեզի թոյլ կու տանք տարուիլ մեր գործի զգացական երեսակներով։ Մարդկայի՞ն, արդա՞ր. է՜հ այլեւս...

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2022

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երբ առողջութեան վատ պայմաններու բերմամբ միջոց մը հեռու մնալու պարտաւորուեցանք ակամայ, մէկ բան մեր միտքը կը զբաղեցնէր. ԺԱՄԱՆԱԿ-ը դարձեա՞լ եւ այո՛, հիմա երբ ԺԱՄԱՆԱԿ դարձեալ է, ապա ուրեմն կը մնայ մեզի ըսել. ԺԱՄԱՆԱԿ-ը մի՛շտ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանէն բիւր մղոններ հեռու լոյս կը տեսնէ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը, բայց ամենօրեայ ներկայութիւն է հայրենի հողին վրայ: Հայաստանով ապրող, շնչող եւ հայեացքը դէպի մեր չքնաղ հայրենիքը յառած 115-ամեայ թերթը բազում տօնական օրեր ունեցած է նաեւ Հայաստանի մէջ եւ տակաւին պիտի ունենայ…

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2022

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Պէյսայտի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հոգիւ Տ. Աբրահամ Քհնյ. Մալխասեանի յոբելեանը, որուն առթիւ կազմակերպուեցաւ մասնաւոր երեկոյթ մը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2022

ՍԱՀԱԿ Բ.
ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

Ժողովուրդի մը համար գիր ունենալու առանձնաշնորհումը կարեւոր մասնայատկութիւն մըն է։ Որքա՜ն մեծ երջանկութիւն է, որ մենք ազգովին զրահաւորուած ենք Մեսրոպեան սուրբ աւանդի զրահներով, որոնց կը պարտի մեր ժողովուրդը իր մշակութային անկախութիւնը։

 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Դժբախտաբար, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր եղբայրները՝ Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեանները 1908 թուականին հրատարակած իրենց առաջին թիւին մէջ ոչ մէկ ակնարկ ըրած են օրաթերթի անուան կապակցութեամբ, սակայն կարելի չէր ուրիշ անուանում մը տալ օրաթերթի մը, որ պիտի յաղթահարէր ժամանակն ու ժամանակի դժուարութիւնները եւ պիտի յաջողէր իր կեանքին աւելի քան դար մը ընթացք տալ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2022

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ժամանակը աղբիւր է, որ հնարաւոր չէ դադրեցնել, շրջել, տեղափոխել, գնել, փոխարինել: Բազմաթիւ մտածողներ մարդու երջանկութիւնը կը կապեն ժամանակի գնահատման, իսկ «աղէտը»՝ ժամանակ կորսնցնելու հետ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը նահապետական ընթացքը կը շարունակէ՝ թեւակոխելով իր գործունէութեան 115-րդ տարին:
Գրելն ու խօսիլը դիւրին են այս մասին, բայց պահ մը միայն եթէ մտաբերենք այն պայմանները, որոնցմէ անցնելով լոյս աշխարհ կու գան հայերէն թերթերն ու պարբերականները, ապա վստահ եմ, թէ շատեր իրենց գլխարկները հանելով իրենց գլուխները պիտի խոնարհեցնեն այդ անծանօթ եւ անյայտ նուիրեալներուն տարած աշխատանքին ի յարգանք:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2022

Հայ մամլոյ նահապետը այսօր մրցանիշ մը եւս կը սահմանէ իր գոյութեան ոդիսականին մէջ՝ որպէս աշխարհի երիցագոյն հայերէն օրաթերթը, որ կը հրատարակուի անընդհատ:
Յարատեւ արտադրութիւն եւ յամառ դիմադրութիւն:
Գօչունեան եղբայրներուն աւանդը կը վերանորոգուի դարերու խաչմերուկին:
Յոբելեանը առիթ կը դառնայ մէկ կողմէ անդրադառնալու հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու առաքելութիւնն ու դերակատարութիւնը արդի հայեացքով ընկալելու կարեւորութեան, իսկ միւս կողմէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ առաջնահերթութիւններուն շուրջ հասարակաց յայտարարներ ձեւաւորելու անհրաժեշտութեան:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2022

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ այցելեց Վատիկան, երէկ ընդունուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին կողմէ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2022

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման նպատակով տարուած միջնորդական աշխատանքը այս շրջանին զերծ չի մնար Ռուսաստան-Արեւմուտք մրցակցութենէն։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2022

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հոկտեմբերի 31-ին պիտի տեսակցին Սոչիի մէջ:
«Ի հեճուկս եռակողմանի աշխատանքային խումբին մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն, Պաքուի կողմէ ինչ-որ միջանցքի մասին յայտարարութիւններ կը կատարուին, Մոսկուայի մէջ ալ կան անհասկնալի մարդիկ, որոնք կը փորձեն այդ պատումը զարգացնել, նախագահին, արտաքին գործոց նախարարին եւ փոխ-վարչապետին կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն, ստորագրուած փաստաթուղթերուն»:
Խորհրդարանի ամպիոնէն. «Անկեղծ պէտք է ըսեմ՝ կը փափաքիմ, որ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրուի մինչեւ տարեվերջ։ Թշնամանքը եւ ընդհանրապէս իրավիճակը պէտք է կառավարուի»:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան համար թեկնածու հանդիսացած դեղին խումբի ներկայացուցիչները։ Զրոյցի ընթացքին անոնք ներկայացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ տեղեկութիւններ տուին իրենց ծրագիրներուն շուրջ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ տեսակցեցաւ Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Քարամանի եւ գործակից ընկերներուն հետ։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն եւ անդամներէն Մինաս Գաբուսուզը, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարպիս Պալմումճուն։ Ներկայ էր նաեւ Ղալաթիոյ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2022

Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ համայնքային կարգ մը վարժարաններու տնօրէններուն եւ մարզանքի ուսուցիչներուն հետ։ Վարչութիւնը ներկայիս կը նախատեսէ նոր նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ՝ երիտասարդ մարզիկներ հասցնելու ճանապարհին։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2022

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Իմ երկրորդ աշակերտը՝ Էրիքը, Արցախի Մարտունիի շրջանէն է: Ան նոյնպէս շատ կը սիրէ իր հողն ու ջուրը, պատերազմի մասնակից է: Պատերազմէն վերջ որոշեց սորվիլ թրքերէն:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

1908-ին, Օսմանեան կայսրութեան սահմանադրութեան վերընդունման տարին, մայրաքաղաք վերադարձողներուն մէջ էր նաեւ Երուխան՝ Երուանդ Սրմաքէշխանլեան, որ 1896-ին, համիտեան հալածանքներուն հետեւանքով, ստիպուած Պոլիսէն դէպի Պուլկարիա, ապա Եգիպտոս հեռացած էր:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2022

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1904)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խոլերան միշտ բազմաթիւ զոհեր կը տանի աղքատ մարդոց շրջանակէն, որովհետեւ աղքատ մարդիկ վատ կերպով կը կերակրուին, աշխատանքէն ուժասպառ կը դառնան եւ հաւաքուած են խոնաւ եւ կեղտոտ բնակարաններու մէջ:

Էջեր