Արխիւ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2022

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին համար երէկ կատարուած ընտրութեան արդիւնքը իսկապէս պատմական է։ Կանխաւ պէտք է արձանագրել, որ համայնքը շահած է այս ընտրութենէն։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2022

Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ այս շրջանին ուսման համար կը գտնուի Նիւ Եորքի Ս. Ներսէս ընծայարանին մէջ, երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագ մատոյց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդանիստ Ս. Վարդան Մայր տաճարի երդիքին տակ, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2022

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Շրջապատուած ըլլալով ինքնաքննադատութեան անսահմանութեամբ՝ մենք բաւարար չափով գիտե՞նք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ինքնասիրութիւնը: Այս հարցի շուրջ խորհելու ժամանակ յիշենք Մէյսթըր Էքհարթի խօսքերը. «Եթէ մէկ ուրիշը ձեզմէ աւելի քիչ ​​կը սիրէք, ապա իրական յաջողութիւն չէք ունենար դուք ձեզ սիրելու հարցին մէջ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Օրեր առաջ Հայաստանի Կոտայքի մարզի Պռոշեան գիւղին մէջ, 5-րդ փողոցի 12-րդ նրբանցքի վրայ դրուեցաւ պոլսահայ արձակագիր, հանրային գործիչ, նշանաւոր մտաւորական Զապէլ Եսայեանի արձանը: Այն գրողին առաջին արձանն է Հայաստանի մէջ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2022

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Իրական դէպքէ մը առնուած է պատմուածը։
Ֆրանսացի ազնուական մը Լոնտոն կ՚երթայ մասնագէտ բժիշկ Dr. Forbes Winslow-ը տեսնելու։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հաւանաբար մեզմէ իւրաքանչիւրին համար սեւամորթ մարդոց տարբեր ըլլալը կը թուին. քիչ մը տարօրինակ ու արտասովոր. հաւանաբար մենք ալ իրենց համար տարբեր ու արտասովոր ըլլալ կը թուինք՝ հակառակ այն ճշմարտութեան որ մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնը պարզապէս արտաքին է եւ ո՛չ ներքին:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2022

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդկային հոգեբանութիւնը տարօրինակ է։ Ամէն մարդ յարգը եւ պատիւը իրեն յարմար կը կարծէ, մանաւանդ երբ առաւելութիւն մը ունի ուրիշներուն նկատմամբ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ո՞վ ստեղծեց այն սուտը որ, «տղամարդը չի լար». ո՞վ է հեղինակը այս թիւր զրոյցին եւ ինչո՞ւ չի լալ: Ինչո՞ւ վախնալ լալէն՝ երբ Տէրը Յիսուս Քրիստոս ի՛նք եւս լացաւ:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2022

Փաշինեան. «Ատրպէյճան մտադիր է Հայաստանի նոր տարածքներ գրաւել, ինչ որ պէտք է կանխել»:
Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները՝ Միրզոյեան, Լաւրով եւ Պայրամով երէկ հանդիպում մը ունեցան Աստանայի մէջ: Քրեմլին եռակողմանի նոր գագաթաժողով մը կազմակերպելու հետամուտ:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2022

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Տպաւորութիւններ եւ դիտարկումներ՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան՝ Երեւանի մէջ կազմակերպուած 92-րդ ընդհանուր ժողովի աշխատանքի լոյսին տակ - 3
44-օրեայ պատերազմի հետեւանքները եւ հայ իրականութենէն ներս յառաջացծ տագնապը կու գան ապացուցանել, թէ պետական կայունութիւնը անուրանալի գործօն մըն է նաեւ սփիւռքի հայապահպանման:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2022

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Պոլիսէ այնքան հեռու Նիւ Եորք քաղաքին մէջ, երբ պահ մը կը թղթատէի պոլսահայ կեանքի մասին որոշ իրադարձութիւններ, առաջին հերթին տեսայ համայնքային շրջանակներու ծանօթ նուիրեալ սպասաւորներէն օր. Նուարդ Յակոբեանի մահուան լուրը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Կիպրահայ տքթ. Անդրանիկ Աշճեանի հետ ունեցանք շահեկան հարցազրոյց մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք սոյն հարցազրոյցին սղագրութիւնը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր, շաբաթ, 15 հոկտեմբեր 2022-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ չորս Աւետարանիչներուն՝ Սուրբ Մատթէոսի, Սուրբ Մարկոսի, Սուրբ Ղուկասի եւ Սուրբ Յովհաննէսի տօնը:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2022

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երկու երկիրներու ղեկավարները կը գտնուէին Աստանայի մէջ, ուր մասնակցեցան Ասիոյ համագործակցութեան եւ փոխադարձ վստահութեան ուղղեալ նախազգուշական միջոցներու խորհրդաժողովին։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2022

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Տպաւորութիւններ եւ դիտարկումներ՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան՝ Երեւանի մէջ կազմակերպուած 92-րդ ընդհանուր ժողովի աշխատանքի լոյսին տակ - 2
Հայ իրականութեան մեծագոյն բարենպատակ կառոյցի աշխարհատարած ցանցը կ՚առաջնորդուի մեծ պատկերին վրայ կեդրոնանալու ռազմավարութեամբ՝ մօտաւորէն մինչեւ հեռահար ապագայի համար:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2022

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի նախագահութեամբ Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ նախընթաց օր երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որ ձօնուած էր Վատիկանի Բ. ժողովի բացման 60-ամեայ յոբելեանին։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2022

ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս ոգեկոչուեցան արքունի ճարտարապետներ Պալեան երախտաշատ գերդաստանի անդամները։ Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ոգեկոչումը՝ Պալեաններու յուշարձան-դամբարանին առջեւ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2022

Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր հանդէս մը տեղի ունեցաւ՝ Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ։ Սահակեան-Նունեան վարժարանի նախակրթութեան եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Պելինտա Մխճըօղլուի ողջոյնի խօսքով սկսաւ հանդէսը, որու ծրագիրը գործադրուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2022

Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Անտառին մէջ ձայնս չեմ լսեր,
Նոյնիսկ եթէ անտառը հրէշին սովէն դատարկուի...
Եւ յաղթուած կամ յաղթական զօրքը վերադառնայ,
Տարբերութիւն չունի ուր,
Անյայտ մահացածներուն աճիւններուն վրայ 
Կամ զօրանոցներուն մէջ 
Եւ կամ՝ գահ բարձրանայ:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2022

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Սէրը... սէրը՝ կեանքը միշտ լուսաւոր կողմով տեսնելն է: Արդեօք սէրը այս տիեզերքի ամենաթանկագին ու սուրբ զգացումներէն գլխաւորը չէ՞:

Էջեր