Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Jeremy Bentham, մօտաւորապէս երկու դար առաջ ապրած իմաստասէր մը՝ ընդհանրապէս ճանչցուած է իբրեւ «չար մարդ» մը։ Բայց ի՞նչ է «չար մարդ»ու եւ «բարի մարդ» ըլլալու ստուգանիշը։ Մարդիկ ընդհանրապէս փոխանակ իրապէս «բարի» ըլլալու, «բարի երեւել»ու կ՚աշխատին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Օրական դրութեամբ կը հանդիպինք բազմատասնեակ մարդոց՝ որոնց ով ըլլալը չենք գիտեր եւ կը փորձենք անոնց դէմքէն հետեւութիւններ ընել անոնց ինչպիսի մէկը ըլլալու կապակցութեամբ. յաճախ ոմանց վտանգաւոր կը նկատենք, իսկ ուրիշներ՝ բարի եւ այդ հետեւութեան հիման վրայ է որ կը շարունակենք մեր ճամբան՝ ամբողջովին համոզուած:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանը յառաջիկայ օրերուն կը հասնի Հայաստան եւ Վրաստան։ Ֆաթիմա Տիրամայրը միշտ հոն է, ուր ժողովուրդները խռովայոյզ օրեր կ՚ապրին:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1904)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խոլերան վարակիչ մեծ զօրութիւն ունի: Այս պատճառով ալ ան այդպէս արագ կ՚անցնի գիւղէ գիւղ, քաղաքէ քաղաք, եւ կարճ ժամանակուան ընթացքին սարսափելի համաճարակ կը դառնայ, այսինքն՝ կը հեղհեղէ համակ երկիրներ ու պետութիւններ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ շատ տարիներ առաջ, Ռուս-ֆինլանտական պատերազմին, քաղաքի մը մէջ եօթը ռուս զինուորներ գերի կ՚իյնան ֆինլանտացիներու ձեռքը։ Ռուս գերիները, յաջորդ օրը արդէն, արեւածագին պիտի գնդակահարուէին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մի քանի օրեր առաջ ամուսնացած եւ զաւակի տէր կին մը մտահոգուած հարց տուաւ. «Եթէ ամուսնոյս դաւաճանեմ դժոխք կ՚երթա՞մ...». ըսի չեմ գիտեր, բայց եթէ այդպէս ըլլայ վստահ եղիր աշխարհին կէսը պէտք որ հո՛ն ըլլայ անպայմանօրէն:
Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) շրջանակներէն ներս այս օրերուն Աստանայի մէջ տեղի կ՚ունենան կարեւոր հանդիպումներ, որոնք, միեւնոյն ժամանակ, հարթակ կը հանդիսանան նաեւ Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ քննարկելու համար։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Տպաւորութիւններ եւ դիտարկումներ՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան՝ Երեւանի մէջ կազմակերպուած 92-րդ ընդհանուր ժողովի աշխատանքի լոյսին տակ - 1
«ԱՊՐԻ-Հայաստան» կիրառական քաղաքական հետազօտութեան ապակուսակցական կեդրոնը առկայ մարտահրաւէրներուն դիմաց կ՚որոնէ ազգակերտումի՝ այժմու ժամանակներուն յարիր թարմ մօտեցումով մը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Չորս տարի ապրելով Պոլիս, ամէն անգամ իմ հայեացքը կը սեւեռուէր Շիշլիի հայաշատ Քուրթուլուշ պողոտայի քանի մը շէնքերու պատերուն հայատառ գրուած հետեւեալ արտայայտութեան. «Ո՞ւր էիր Աստուած»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուած մարդուս միշտ լաւագոյնը կու տայ, քանի որ Ան լաւագոյնը կը կամենայ իր արարածներուն համար։ Աստուած կատարեալ է, եւ կ՚ուզէ որ մարդիկ ալ կատարեալ ըլլան։ Արդարեւ Աստուծոյ բոլոր արարչագործութիւնը ծրագրուած է լաւագոյնին եւ կատարեալին իրականացման։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Չեմ գիտեր նման ուսումնասիրութիւն կատարուած է թէ ո՛չ, սակայն ինքնավստահ ձեւով կրնամ ըսել, որ աշխարհի վրայ չկայ աւելի տարօրինակ, աւելի զարմանալի ժողովուրդ՝ քան հայ ազգը. ազգ՝ որ ամէ՛ն օր ունի զարմանալի նորութիւն մը, մէկը միւսէն տարօրինակ, մէկը միւսէն զարտուղի:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Օրէ օր հարցերու տեղատարափը կը բազմանայ, իմ գործերն ալ հետը: Այլեւս Զաւէնիկը կը հետաքրքրէ ամէն բան:
Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու դեսպանները համաձայնութիւն գոյացուցին, որպէսզի Հայաստան ուղարկուի քաղաքացիական առաքելութիւն մը, որ պիտի տեղակայուի Ատրպէյճանի հետ սահմանի երկայնքով՝ վստահութիւնը ամրապնդելու եւ սահմանազատման աշխատանքներուն նպաստելու համար։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռուստակայանի մը տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարեց, որ Փրակի մէջ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը դրական կը համարուի։ Նոյն հարցազրոյցին մէջ նախարարը Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանին ուղղեալ դրական ժեսթեր նկատած է օդային մարզի բացումն ու ուղիղ թռիչքներուն սկսիլը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արեւելքի Ասորի Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս-պատրիարք Մար Աւա Գ. Ռոյէլին։ Երկու հոգեւոր պետերը ողջագուրուեցան ջերմօրէն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըչեանը։ Այս վերջինը Կիլիկեան Աթոռի Յունաստանի թեմի առաջնորդական փոխանորդն է եւ, միեւնոյն ժամանակ, Արեւմտեան Թրակիոյ հոգեւոր հովիւը։ Հայր սուրբին ընկերացաւ Քոմոթինիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի փոխ-ատենապետ Թադէոս Գասպարեան։
Օրթագիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան ընդառաջ Սպիտակ ցանկի ներկայացուցիչները երէկ խմբագրատունս այցելեցին:
Մատակարար մարմնի գործող կազմի ատենապետ Իսքէնտէր Շահինկէօզ եւ գործակից ընկերները շաբաթավերջի քուէարկութեան սեմին ի ցոյց կը դնեն իրենց գործունէութեան հաշուեկշիռը:
92-րդ ընդհանուր ժողովին Կեդրոնական վարչութեան նախագահին ելոյթը. «ՀԲԸՄ կը յատկանշուի իր ստեղծարար ոգիով, կենսունակութեամբ եւ ապագային յարած բնոյթով»:
«Դիմակայելու պատրաստ ենք առկայ մարտահրաւէրներուն դիմաց, որովհետեւ կը քաջալերենք նորարարութիւնը, համահունչ ենք զանազան սերունդներու պահանջներուն եւ քայլ կը պահենք յարափոփոխ ժամանակներուն հետ»:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Մարդ արարածը իր անհատական եւ հաւաքական կերպարներով եւ իր ծագումէն ի վեր տեւաբար ապրած է, աշխատած ու ստեղծագործած՝ այսպէս կոչուած վասն ապագայի: Այդ փոքր ու մեծ ապագան եղած է անձնական, ընկերային, պետական ու միջազգային ծրագիրներու կատարման առարկան եւ շարժիչ ուժը:
ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Անցեալ տարի չկրցայ տասանորդ տալ, տնտեսական ծանրաբեռնուածութեանս եւ դրամի կարիք ունենալուս պատճառով: Ի՞նչ պէտք է ընեմ: Հնարաւո՞ր է զիս ազատել տասանորդ տալու պարտաւորութենէն: