Արխիւ
Արցախի ճակատի արիւնալի վերջին բախումներուն լոյսին տակ՝ շահագրգիռ դերակատարներուն միջեւ խտացեալ շփումներու մթնոլորտ, դիւանագիտական որոնումներ:
Ըստ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի միակ նպատակն է վերացնել 2020 թուականի հրադադարի յայտարարութիւնը. «Եթէ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գծի անվտանգութիւնը եռակողմանի ձեւաչափի մէջ չապահովուի, ապա պէտք է մտածել յաւելեալ միջազգային դրութիւններու գործարկման մասին»:
Էրտողան եւ Փութին այսօր կրնան Սոչիի մէջ քննարկել ստեղծուած կացութիւնը, որու շուրջ երէկ արժեւորում մը կատարեցին Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Էնթընի Պլինքըն: Արարատ Միրզոյեան լուսաբանեց Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարները: Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդական ջանքերն ալ թափ ստացան:
Յոյն համայնքի հիւանդանոցէն ներս երէկ ահաւոր հրդեհ մը ծագեցաւ. շուրջ ութ տասնեակ պատսպարեալները տարհանուեցան ահ ու սարսափի պայմաններով:
Բարեսիրական կառոյցի համալիրին մէջ մեծ վնաս յառաջացաւ: RUMVADER-ի ներկայացուցիչները իսկոյն ջանքեր գործադրել սկսան տարեցներու անօթեւան մնալը կանխելու առաջադրութեամբ:
Պատմական շէնքը հրոյ ճարակ դարձաւ: Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա եւ գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու այցելեցին դէպքի վայր: Հրշէջ գունդը ժամերով աշխատեցաւ բոցերը զսպելու համար:
Արցախի արիւնալի իրադարձութիւնները լայն արձագանգ ստեղծած են նաեւ միջազգային գետնի վրայ։ Բախումներու սաստկացած մթնոլորտին մէջ երէկ Երեւան այցելեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ, որ ընդունուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։
Թուրքիա-Ռուսաստան-Ուքրայնա-ՄԱԿ առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւնով՝ Սեւ ծովու միջանցքը սկսաւ գործարկուիլ հացահատիկի փոխադրութեան համար:
27 հազար թոն եգիպտացորենով բեռնաւորուած նաւը առաջին անգամ նեղուցներէն անցնելով ուղղուեցաւ դէպի Լիբանան՝ Էրտողան-Փութին Սոչիի վաղուան ժամադրութեան ճիշդ նախօրեակին:
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Հայկական համայնքներու բաժանմունքի կայքէջը դարձած է երկլեզու։ Երկար ամիսներու պատրաստութենէ վերջ արդէն թողարկուած է այս երկլեզու կայքէջը։
Արցախի ճակատէն դարձեալ զոհերու եւ վիրաւորեալներու մասին ահազանգային լուրեր կը հասնին: Ատրպէյճան պաշտօնապէս տեղեկացուցած է, որ իր բանակը ռազմական գործողութիւններու ձեռնարկած է, հարուածային անօդաչու թռչող սարքերով հանդերձ: Ռուսաստան հաստատեց, թէ ո՛ր կողմը հրադադարը կը խախտէ:
Երեւան միշտ անճար, Պաքու միշտ յարձակողական:
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի խօսքով՝ Լաչինի միջանցքին վերաբերեալ պահանջները օրինական չեն: Ստեփանակերտի կողմէ մասնակի զօրահաւաք հռչակուեցաւ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ո՞վ է մարդը…
«Ձեռք բեր անարատութիւն, որպէսզի Սուրբ Հոգին բնակի մէջդ: Ըլլալ հաճելի Աստուծոյ՝ ահաւասիկ երանութիւնդ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Ապրուած կեանքի յուշեր. հոգեշունչ մանրապատումներու ամբողջական հաւաքածոյ» գիրքէն վերջին անգամ այս սիւնակով մատուցած էինք Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի յուշերէն փունջ մը՝ զայն նուիրելով իր 65-ամեակին:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1903)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այստեղ մենք այն բազմաթիւ արատաւորութիւններուն ու հրէշաւորութիւններուն մասին պիտի խօսինք, որ յաճախ սիֆիլիսոտներուն երեխաները կ՚ունենան:
Լաւ հասկնանք, թէ ատիկա ի՛նչ է:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 89 տարի առաջ՝ 1933 թուականին Յունաստանի կառավարութիւնը երեսփոխանական ժողովի մը ընթացքին յառաջ կը բերէ օրինագիծ մը, որով կ՚առաջարկուի արտօնութիւն պահանջել, որպէսզի քննութիւն կատարուի եւ ստուգուի, թէ ուրկէ՛ եւ ի՛նչ միջոցներով հարստացած են քաղաքական դէմքերը, պետական պաշտօնեաները, անոնց կիները, մօտաւոր ազգականներն ու սպաները:
Հայաստանեան լրահոսին մէջ վերջին օրերուն մեծ աղմուկ յառաջացուցած է լուսանկար մը, որ լայնօրէն շրջանառութեան մէջ մտած է նաեւ ընկերային ցանցերու վրայ։ Այսպէս, խնդրոյ առարկայ դրուագը կը ցոլացնէ զբօսաշրջիկ մը, որ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի համայնապատկերին վրայ ինքնալուսանկարահանուած է՝ Թուրքիոյ գորշ գայլերուն բնորոշ շարժումը ընելով։
Հայաստանի մէջ առաջին անգամ տեղի ունեցաւ FemInno նորարարական միջազգային համաժողովը:
Կանանց նախաձեռնութեան մասնակիցները ծանօթացան նաեւ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար թեքնոլոժիներու կեդրոնի գործունէութեան:
Երեւանի Օփերայի բեմին վրայ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ իսկապէս շատ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Այսպէս, շուրջ կէս դար անց հայոց քաղաքամայրին մէջ բեմադրուեցաւ նշանաւոր «Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ»ը։
Հայաստանի բանակի այն զինուորները, որոնք հայրենիքի պաշտպանութեան ժամանակ հաշմանդամ դարձած են, շուրջ տարուան մը աշխատանքով բանեցին «Արեւագորգ»ը։ Այդ հաշմանդամ զինուորներն էին՝ Ռուսլան Թումանեան, Արթուր Յովհաննիսեան, Արթուր Կարապետեան, Նորայր Աւագեան եւ Սէյրան Սողոյեան։
Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան նախընթաց օր շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ, ուր բարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի ղեկավարութեան կողմէ։
Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ խտացեալ շփումներ տեղի ունեցան։ Այսպէս, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Թուրքիա-Էօզպեքիստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ համագործակցութեան խորացման հեռանկարներ:
Թաշքենթի մէջ հանդիպեցան այս երեք երկիրներու արտաքին գործոց, առեւտուրի եւ հաղորդակցութեան նախարարները:
Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական ուսանողներու միութեան, կարեւոր նախաձեռնութիւնը, Լիբանան :
«Սփիւռքահայ երիտասարդը՝ այսօր եւ վաղը» նիւթին շուրջ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ շահեկան խորհրդածութիւններ:
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք երգենք, մենք պարենք» համերգաշարի հերթական երեկոյթը։ Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ այս խանդավառ ձեռնարկը, զոր պատուեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էր կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Տակաւին լոյս աշխարհ չեկած քու անունդ յայտնի էր: Չէ՞ որ դուն կայիր, գոյութիւն ունէիր: Մարդուն կեանքը կը սկսի ո՛չ թէ ծնունդէն, այլեւ արարման օրէն: