Արխիւ
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը միշտ կը շարունակուի՝ Ռուսաստանի խաղաղապահներուն կողմէ երաշխաւորուած Արցախով հանդերձ։ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի աղբիւրները երէկ օրուան տեւողութեան սահմանային բախումներուն կապակցութեամբ իրերայաջորդ յայտարարութիւններով հանդէս եկան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երիտասարդ մը անցեալ օր ախորժակով իր տարօրինակ երազներէն մին կը պատմէր. այդ պահուն նկատեցի իր երազներէն աւելի տարօրինակ բան մը՝ իմ երազ չտեսնելուս պարագան: Կարծելով աւելի քան մէկ երկու տարիէ երազ չեմ տեսներ:
Տիարպաքըրի ՀՏՓ-ական երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէն ներս հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան հարցը։
Պատրիարքարանի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սպասաւորներէն Առլէն Տեմիրհան ենթարկուած է յարձակման ու վիրաւորուած։ Այս ցաւալի եւ մտահոգիչ դէպքին կապակցութեամբ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան հեռաձայնով կապ հաստատած է Առլէն Տեմիրհանի մօր՝ Արշալոյս Տեմիրհանի հետ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի անունով զօրակցութեան եւ արագ ապաքինման մաղթանքներ փոխանցելէ վերջ, փոխանորդ տէր հայրը տեղեկութիւններ ստացած է անոր առողջական վիճակին շուրջ։
Երեւանի մէջ յառաջիկայ շրջանին պիտի բացուի Hard Rock Cafe մը։ Մօտաւոր ապագային ան պիտի սկսի գործել, մինչ նախընթաց օր զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն համար կազմակերպուեցաւ ծանօթացման հաւաքոյթը։
Ատրպէյճանի Կրթութեան նախարար Էմին Ամրուլլաեւ յայտարարեց, որ յաջորդ ուսումնական տարիէն սկսեալ երկրի դպրոցներէն ներս պիտի սկսի թրքական պատմութեան եւ թրքական աշխարհագրութեան առարկաներու դասաւանդումը։
Երեւանի մէջ այս աշնան նախատեսուած է Կլոպալ նորարարութեան ֆորում (GIF) մը, որու գլխաւոր բանախօսը պիտի ըլլայ յայտնի գիտնական ու գործարար եւ ազգային բարերար Նուպար Աֆէեան։ Այս վերջինը, միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի Գիտութեան եւ թեքնոլոժիներու հիմնադրամի (FAST) համահիմնադիրն է։
Քուէյթահայ գործարար եւ ազգային բարերար Կիրակոս Գույումճեան այս շրջանին կ՚այցելէ Երեւան, ուր «Արմէնփրէս»ի սրահին մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը։ Ան հայ իրականութենէն ներս բազմակողմանի գործունէութիւն կը ծաւալէ եւ այդ ամբողջին մէջ սկիզբ դրած է «Գնեցէ՛ք Հայաստանէն» նախաձեռնութեան։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը աւարտեց դէպի Չեխիա աշխատանքային այցելութիւնը:
Արարատ Միրզոյեան հերթական անգամ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի հայ ռազմագերիներու վերադարձի հարցին:
ԱՄՆ կը ջանայ օգնել Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հասնելու համար:
Ըստ պետական քարտուղարութեան բանբեր Փրայսի, Ուաշինկթըն յաջողած է յառաջընթացի հասնիլ Երեւանի եւ Պաքուի հետ:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին արդէն ժամադրուած են հերթական անգամ։ Օգոստոսի 5-ին անոնք պիտի տեսակցին Սոչիի մէջ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Հայաստան այժմ կը նմանի արգելակները կորսնցուցած հանրաշարժի մը, որ մեծ արագութեան տակ կը սլանայ դէպի... Դէպի մահ, դէպի խաւար, դէպի ինքնաոչնչացում:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Հովիւ Եդեմի Հայոց» ծածկանունով Կարապետ Քհնյ. Գալֆայեանը «Հայկական զրոյցներ» խորագրով գիրքը հրատարակած է 1944-ին, Լոս Անճելըս: Հատորին նախաթերթիկէն կը տեղեկանանք, որ գիրքին վաճառքէն գոյացած հասոյթը յատկացուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Էջմիածին» հանդէսին:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1903)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ամուսնութիւնը չափազանց պատասխանատու գործ է:
Իւրաքանչիւր ամուսնացող պարտաւոր է հարիւր անգամ կշռել այս խնդիրը, ծանր եւ թեթեւ ընել, տեսնել, թէ արդեօք ինք ընդունա՞կ է առողջ երեխաներ արտադրելու, թէ ոչ:
Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ նոր հանդիպման մը հեռանկարը ուրուագծուած՝ հորիզոնին վրայ:
Երեւանէն միշտ կը բարձրաձայնուի, որ հայկական կողմը կը հրաժարի «Զանգեզուրի միջանցքի» մասին բանակցելէ:
Առանձին, մայր բնութեան ծոցին մէջ՝ մարդը... Երբեմն այնքան թեթեւ, երբեմն ալ մտքերով այնքան ծանր, որ կարծես անշարժունակ կը դառնայ։ Զանգուածին մէջ միսմինակ է մարդ երբեմն, իսկ երբեմն ալ առանձնութեան պահերու խոհերը զինքը կրնան առաջնորդել երեւակայական բազմութիւններու մէջ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ոմանց կը թուի, թէ հայ ազգի, հայոց պետականութեան համար ներկայ անորոշ ու խիստ վտանգաւոր ժամանակաշրջանին՝ հայոց եկեղեցին, հոգեւորականութիւնը մատնուած են անգործութեան: Չարաչար կը սխալինք: Եկեղեցին ու հոգեւորականութիւնը օր ու գիշեր կը տանին քրտնաջան աշխատանք:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Կասկած չկայ, որ ինծի նման շատ շատեր նոյն զգացումը կրնան ունենալ: Այսպէս, կը պատահի, որ օր մը որոշած ես ներկայ գտնուիլ հրապարակային նախաձեռնութեան մը, պարահանդէսի մը, հարսանիքի, պսակի եւ կամ՝ յուղարկաւորութեան:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ կը պատահի այն մարդուն, որ իր ունեցուածքով, բերք ու բարիքով Տէրը կը պատուէ:
Պատասխան. Տէրը պիտի պատուէ քու ստացուածքովդ եւ քու բոլոր բերքերուդ երախայրիներով եւ քու շտեմարաններդ առատութիւնով պիտի լեցուին ու հնձաններէդ նոր գինին դուրս պիտի թափի (Առ 3.9-10):
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Եթէ մեր նախահայրերուն դրած օրէնքներն ու կանոնները համեմատենք մեր առօրեայ կեանքին հետ՝ վստահ կրնանք ըլլալ, որ բոլո՛րս ալ ձախողած ենք, իսկ կրօնական օրէնքներու պարագային՝ արժանի գեհենի: