Արխիւ
Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան կոմիտէի տասնվեցերորդ նիստը:
«Պրիւքսէլ Երեւանի հետ կապերը պիտի զարգացնէ՝ հաշուի առնելով ԵԱՏՄ-ի անդամակցութիւնը»:
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի գլխաւորութեամբ երէկ Չանքայայի ապարանքին մէջ տեղի ունեցաւ բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւն մը՝ անվտանգութեան նիւթերու շուրջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ահմէտ Տավուտօղլու այս առթիւ հրահանգած է, որ յառաջիկայ ձմրան եւս ահաբեկչութեան դէմ գործողութիւնները շարունակուին անընդհատ։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ տեսակցեցաւ Պէյրութի Հայկազեան Հայագիտական համալսարանի վերատեսուչ Փոլ Հայտոսթեանի հետ, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Նախագահ Սարգսեան զրոյցի ընթացքին առաջին հերթին Հայկազեան համալսարանի 60-ամեայ յոբելեանին կապակցութեամբ շնորհաւորութիւններ յղեց Հայտոսթեանին։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սուրբ Խաչ դպրեվանքէն խումբ մը սաներ, որոնց կ՚ուղեկցէր վարժարանի երիտասարդ կրթական մշակներէն Նարօտ Եանըքօղլու։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Լիտիա Սաթըլմըշ, Ծիլա Պոյաճեան, Յակոբ Պոյաճեան, Փիլիպպոս Հէրկէլ, Ռոյ Մերքէզօղլու, Օննիկ Թաւուքճու եւ Սասուն Եըլտըրըմ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ՝ մասնակցելու համար ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր համաժողովի 38-րդ նստաշրջանին, որուն շրջագծով նախատեսուած է նաեւ իր ելոյթը։
Երէկ, ՆԱԹՕ-ի Երեւանի տեղեկատուութեան կեդրոնին մէջ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային անվտանգութեան եւ սպառազինութիւններու վերահսկման վարչութեան պետ Սամուէլ Մկրտչեան եւ Կովկասէ ներս ՆԱԹՕ-ի կապի սպայ Ուիլիըմ Լահիւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մկրտչեան այս առթիւ նշեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ խաղաղապահներու տեղակայման հարցը կրնայ քննարկուիլ բացառապէս կողմերու միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումէն վերջ։
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին հարցաքննութեան շրջագծով միշտ կ՚ապրուին նոր իրադարձութիւններ։ Ծանօթ է, որ ներկայիս յաւելեալ հարցաքննութիւն մը կ՚իրականացուի՝ բացայայտելու համար հանրային պաշտօնեաներու պատասխանատուութիւնները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինչպէս յաճախ կ՚ընենք, դարձեալ թղթատեցինք Հայ Մամուլի հին էջերը՝ ուր նկատեցինք հետաքրքրական տողեր, որոնք կը փափաքինք բաժնել մեր սիրելի ընթերցող բարեկամներուն հետ՝ բաղդատելու համար ներկան եւ անցեալը։
Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան կոմիտէին հերթական նիստը:
Այս առաւօտ սկսած բանակցութիւնները կը գլխաւորեն Կարէն Ճշմարիտեան եւ Կունար Վիկանտ:
ԵՄ յանձնառու է շարունակելու հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ:
Երեւան ուշադրութիւն կը հրաւիրէ սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներու անվտանգութեան ուղղեալ սպառնալիքներուն վրայ՝ հասցէական ու ճիշդ ժամանակով յայտարարութիւններու ակնկալութեամբ միջազգային հանրութեան կողմէ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ տեսակցեցաւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի հետ:
Չանքայայի ապարանքին մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ անվտանգութեան հարցերով բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւն մը: Թուրք զինեալ ուժերը Հիւսիսային Իրաքի մէջ լուրջ հարուածներ հասցուցին ահաբեկչական լծակներուն:
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի նորահաստատ սանուց միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները երէկ այցելեցին խմբագրատունս՝ բազմակողմանի տեղեկութիւններ փոխանցելով իրենց ծաւալած աշխատանքին շուրջ։ Միջոցէ մը ի վեր արդէն շրջանառութեան մէջ կը գտնուէր այս միութեան հիմնադրութեան վերաբերեալ լուրը։ Ներկայիս արդէն պաշտօնապէս հիմնուած է Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սանուց միութիւնը, որու հիմնական նպատակները կը համարուին մէկ կողմէ շրջանաւարտներու համախմբումը, իսկ միւս կողմէ ալ այս վարժարանը բաց պահելու առաջադրութեամբ տրուած պայքարին զօրակցիլը։
Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ երէկ հիւրընկալուեցաւ կրթական աշխարհի յայտնի տեսաբաններէն մին՝ Ֆլորիտայի Պետական համալսարանի դասախօսներէն Փրոֆ. Ճոն Քելըր։ Այս վերջինը կրթական կեանքէ ներս կը համարուի իսկական հեղինակութիւն մը։ Ան համաշխարհային մակարդակով համբաւ ձեռք բերած է շնորհիւ իր հնարած ARCS ուսուցման դրութեան, որ կը վերաբերի կրթադաստիարակչական միջավայրի մէջ աշակերտներու կեդրոնացումը առաւելագոյն մակարդակի հասցնելու։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը այս օրերուն կ՚այցելէ Եգիպտոս։ Այս ուղեւորութեան ընթացքին ան կը նախագահէ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի գործադիր վարչութեան ժողովին։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ հանդիպում մըն ալ կ՚ունենայ Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ գահակալ՝ Թաւատրոս Պատրիարքին հետ։
Հայաստանի Տաւուշի մարզի Դիլիջան քաղաքին մէջ վերջերս Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախագահեց նոր կառուցուելիք եկեղեցիի մը հողօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութեան։ Այս եկեղեցին պիտի կառուցուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Դիլիջանի քաղաքապետարանի, «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամի եւ «Դիլիջանի զարգացման հիմնադրամ»ի համատեղ ջանքերով։ Եկեղեցաշինական ծրագրի բարերարներն են Ռուբէն Վարդանեան, Գագիկ Ադիբէկեան, Մաքսիմ Աթաեանց եւ Արմէն Կարապետեան։
Այսօր Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան տարեդարձն է։ Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աստուածակառոյց ու Առաքելահաստատ գահուն վրայ ան կը դիմաւորէ իր 16-րդ տարին՝ որպէս հայ ժողովուրդի ընդհանրական ու պատուական հայրապետը եւ որպէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ թիւ մէկ սպասաւորը։
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
ԳՈՀԱՐ-ի աւանդավէպը սկսաւ հիւսուիլ թուականէս շուրջ քսան տարիներ առաջ, երբ 1996 թուականին Տիկին Գոհար Խաչատուրեան այցելեց Հայաստանի հիւսիսային շրջանները, որոնք 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժին պատճառով ենթարկուած էին քանդումի: Տեսնելով շրջանի ժողովուրդին ահաւոր թշուառ վիճակը, ազնուասիրտ հայուհին որոշեց աշխատանքի նոր առիթներ և եկամուտի աղբիւրներ ստեղծել անոնց համար:
ԳՈՀԱՐ սիմֆոնիք նուագախումբ-երգչախումբի Պէյրութի մէջ ունեցած վերջին համերգաշարին արձագանգները կը շարունակուին։ Այս մթնոլորտին մէջ, երէկ, ԳՈՀԱՐ-ի շուրջ երկուհարիւր անդամ-անդամուհիները այցելեցին Անթիլիաս, ուր հիւրընկալուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Փրոֆ. Ալպերթ Խառատեան լոյս ընծայեց «Արեւմտահայ մամուլն իր պատմութեան աւարտին» խորագրեալ գիտական գործ մը:
Աշխատասիրութեան մէջ վերարտադրուած են նաեւ Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ հայկական անկուսակցական պարբերականներուն ազգային ու հասարակական բովանդկութեան հիմնական կողմերը:
Միջին Արեւելքի հոգեւոր առաջնորդները տարածքաշրջանի տագնապալի իրադրութեան մթնոլորտին մէջ անմիջական շփման մէջ կը մնան իրարու հետ։ Այսպէս, Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր պետերու հանդիպում, որուն ներկայ էին Միջին Արեւելքի հոգեւոր պետերը եւ իրենց ներկայացուցիչները։



