Արխիւ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2022

Շիշլի մարզակումբը այս տարի իսկական յաղթարշաւ մը կ՚իրականացնէ։ Ակումբի զանազան խումբերը ցարդ բաժակներ, մետայլներ եւ ախոյենութիւններ նուաճած են։ Մինչ այդ, Գնալը կղզիի մէջ կը շարունակուին նաեւ ակումբի ամառնային դասընթացները, որոնք պատանի եւ երիտասարդ մարզիկներու անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնան։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2022

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտնեց, որ Հայաստան կը ձգձգէ Զանգեզուրի միջանցքի հարցով ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումը։
Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած Դեսպաններու խորհրդաժողովին համար Անգարա այցելած Ճէյհուն Պայրամով միեւնոյն ժամանակ ընդգծեց, որ իր երկիրը յամենայնդէպս փոխադրական հաղորդակցութիւն պիտի հաստատէ Նախիջեւանի հետ։ 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2022

«Euronews» համաշխարհային յայտնի հեռուստակայանը վերջերս առանձնապէս անդրադարձաւ Հայաստանի գինեգործութեան բնագաւառին եւ աւանդութիւններուն։ Ներկայիս միջազգային լրահոսին մէջ Հայաստան թէեւ առաւել չափով հրատապ քաղաքական օրակարգին վերաբերեալ խնդիրներով կը յիշատակուի, սակայն, «Euronews»ի այս հաղորդումը կազմած է բացառութիւն։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2022

ԵԱՀԿ-ի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մշտական ներկայացուցչի տեղակալ Քորթնի Օսթրիան Վիեննայի մէջ խոր մտահոգութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն՝ մանաւանդ խտացեալ մարտերուն կապակցութեամբ։ ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդի ժողովին ընթացքին ան կրկին ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ բոլոր հարցերու բանակցային ճանապարհով լուծումը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2022

Անգարա եւ Պաքու միշտ շփման մէջ տարածաշրջանի յետպատերազմեան իրադրութեան կապակցութեամբ:
Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Իլհամ Ալիեւ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի վերջին իրադարձութիւններուն:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Տէրունական աղօթքէն ետք ձեւով մը փառաբանութիւն է, որ կը կատարուի փոխն ի փոխ քահանային, սպասարկող սարկաւագներուն եւ դպիրներուն միջեւ, ուղղուած Սուրբ Երրորդութեան:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Փոթորիկ Կովկասի մէջ» գիրքը 2020-ի Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին մասին հայ, թուրք, ռուս եւ միջազգային փորձագէտներու յօդուածներու ժողովածոյ մըն է։ 2021-ին այս գիրքը հրատարակած է Մոսկուայի Ռազմավարութեան եւ թեքնոլոժիներու վերլուծութեան կեդրոնը՝ քաղաքագէտ Ռուսլան Փուխովի խմբագրումով։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Արցախի ճակատագիրը դարձեալ խոշորացոյցի տակ. Հայաստանի քաղաքացիներու տեսակէտ-մօտեցումը էական չէ, Լաչինի միջանցքին չգոյանալով ան պիտի թեւակոխէ աննախընթաց փուլ մը, իսկ այդ իրավիճակներուն դէմ դնելը պիտի դառնայ գոյութեան կամ որպէս ամբողջական հայկական գործօն՝ վերանալու կամ ապրելու գերխնդիր:
Նիկոլ Փաշինեանի այս օրերուն արձակուրդի մէջ գտնուիլն անգամ պէտք չէ նկատել սովորական զուգադիպութիւն. ան կը շարունակէ գործել իր դատապարտելի հին ոճով՝ առկայ վիճակներուն մասին հայ ժողովուրդին հետ ամբողջական անկեղծութեամբ չվարուելու վիթխարի մեղքով։
Փոքր կէտ մըն է Լեռնային Ղարաբաղը Ռուսաստանի համար, որ մեծ համաձայնութիւններ ունի Թուրքիոյ հետ։ Երեւանի մէջ տակաւին կը կարծեն, թէ Մոսկուա կրնայ առանձինն ծրագիրներ մշակել։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2022

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ երեկոյեան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին մէջ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն Նշան Եաղուպեան։ Ճարտարապետական ոլորտէ ներս ան կը համարուէր իսկական հեղինակութիւն մը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2022

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Հազիւ թէ Հայաստանի վերջին զինուորները օգոստոսի սկիզբին քաշուեցան Արցախէն՝ Ատրպէյճանի զօրքերը յարձակում գործեցին Բերձորի վրայ՝ պատրուակելով Արցախը Հայաստանին կապող, Ատրպէյճանի նոր կառուցած ճանապարհը գործածելու հայկական կողմին մերժումը։ 9 նոյեմբեր 2020-ի հրադադարի համաձայնագիրը պայման կը դնէ, որ Արցախը Հայաստանին կապող նոր ճանապարհի ուղեծիրը պէտք է որոշուի համաձայնագիրը ստորագրած իսկ երեք կողմերու հաւանութեամբ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2022

ՇԱՀԱՆ  ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Արցախի ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններու ամբողջ առանցքը հանգուցուած է նոյեմբերի 9-ի հրադադարի համաձայնութեան 6-րդ կէտին շուրջ:
6-րդ կէտ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կը վերադարձնէ Քելպեճէրի շրջանը մինչեւ 2020 թուականի նոյեմբերի 15-ը, իսկ Լաչինի շրջանը՝ մինչեւ 2020 թուականի դեկտեմբերի 1-ը:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2022

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք քննարկեցին Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի անվտանգութեան ապահովման հարցերը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2022

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ նոր շրջան մը սկսած է։ Նախագահ Էրտողան եւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Անգարայի մէջ ելոյթներ ունենալով անդրադարձան տարածաշրջանային իրավիճակին եւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ Արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած տարեկան դեսպանահաւաքի բացման փուլին թէ՛ Էրտողան եւ թէ Չավուշօղլու հանդէս եկան ծաւալուն ելոյթներով։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

«…Եւ սիրտիս ցաւից յուսահատ, ես մի թաս օղի խմեցի»։
Վերոյիշեալ տողերը բանաստեղծ եւ գրող Եղիշէ Չարենցի խօսքերն են. բանաստեղծ՝ որ իր «Ես իմ անուշ Հայաստանի»ով տակաւին երկար դարեր պիտի շարունակէ յիշուիլ՝ որպէս հայ գրականութեան մեծագոյն քերթողներէն մին:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2022

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Բնականաբար շատ դժուար գործ է արաբա-իսրայէլեան հակամարտութիւնը լիարժէքօրէն ներկայացնել մէկ յօդուածով կամ նոյնիսկ գիրքով։ Սա աշխարհը զբաղեցուցած եւ մեծ ներուժ խլած, միջազգային քաղաքականութեան ուշադրութեան առարկայ հակամարտութիւն մըն է: Այստեղ պարզապէս հակիրճ ու հպանցիկ պիտի փորձենք կարգ մը հետաքրքրական կէտերու անդրադառնալ այդ առընչութեամբ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 8, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ մեծապէս աճեցաւ եւ կը շարունակէ աճիլ մուրացկանութիւնը։ Այսօր Հայաստանի գրեթէ ամէ՛ն փողոցի վրայ կարելի է հանդիպիլ տարեցներու, որոնք իրենց ափը մեկնած մի քանի ղուրուշ ողորմութիւն կը խնդրեն՝ ապահովելու համար իրենց գոյութիւնը:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 8, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

MR-ը գտած Տքթ. Ռէյմընտ Տամատեան անմոռանալի աւանդ մը թողած է բժշկութեան պատմութեան մէջ. հայ ժողովուրդը երանութեամբ հրաժեշտ կու տայ իր հանճար զաւկին:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 8, 2022

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Յաճախ կը պնդուի, թէ դժուար ժամանակներու մէջ պէտք է դիմել յոյսի փիլիսոփայի մը։ Ճիշդ այդպիսի ժամանակներուն յիշենք Արթուր Շոփենհաուըրը, որ կը համարուի յուսահատութեա՛ն փիլիսոփայ։ Սա անոր անհասկնալիութեան, ծայրայեղ յոռետեսութեան պատճառով չէ, այլ, ընդհակառակն, ան կը մտածէ այնպիսի հոգեվիճակներու մասին, որոնք յանկարծ մեզ կ՚անհանգստացնեն՝ ձանձրոյթ, առանձնութիւն պատճառելով եւ անհնար թուացող երջանկութեան գիրկը նետելով…

Երկուշաբթի, Օգոստոս 8, 2022

Երեւանի Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանի հաւաքածոն համալրուեցաւ մեծանուն գրողին նորաստեղծ դիմանկարով, որու հեղինակն է յայտնի նկարիչ Հրաչեայ Ռուխկեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս կտաւը երկար տարիներ մասնաւոր հաւաքածոներու մաս կազմած է ու հանուած վաճառքի։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 8, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ  Ուղղափառ եկեղեցւոյ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը շաբաթավերջին եղբայրական հանդիպում մը ունեցան Գնալը կղզիին մէջ։ Հարկ է նշել, որ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարք Գնալը կղզի փութացած էր նախագահելու համար յունաց Մեթամորֆոսիս (Այլակերպութիւն) վանքի տօնախմբութեան։

Էջեր