Արխիւ
ԱՆՈՅՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Որո՞նք էին մեր մանկութեան ուրախութիւնները…
Երբ աշխարհն այսքան փոքրացած չէր, ճամբորդութիւնները այսքան դիւրին չէին, օդանաւներու տոմսակներու գիները մրցումի չէին ելած իրենց աւելի աժան ըլլալու գովազդներով՝ մենք աւելի կ՚արժեւորէինք տօները, մենք աւելի անհամբեր կը սպասէինք Ծնունդին եւ Զատիկին, որովհետեւ Ծնունդն ու Զատիկը իրենց հետ կը բերէին նոր հագուստ, նոր կօշիկ, Կաղանդի Ծառ, Կարմիր Հաւկիթ…
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ինչքա՜ն ցաւալի է դարեր ետք մենք մեզ տեսնել հոն՝ ուր էինք դար մը առաջ, ուր ո՛չ Ապրիլը ապրելու կը նմանէր եւ ո՛չ ալ յարութիւնը՝ յարութեան: Քրիստոնէական բարեպաշտութենէ աւելի այդ յարութեան ծարաւն է հաւանաբար, որ Յարութեան այս տօնը սիրելի դարձած է մեր ժողովուրդին համար, ըսել ուզելու որ օր մը դուն ալ, ո՛վ ազգ, կրնաս քու մեռելութենէդ յարութիւն առնել ու վերադառնալ կեանքին՝ որմէ անջատուած ես այսօր:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ան, որ խաչին վրայ մեռաւ, մեռաւ մեզի համար. մեզի համար, որպէսզի հաւատանք եւ հաւատքը ամուր պահելով՝ կառչինք փրկութեան յոյսէն։
ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Զիս ո՞ւր կը տանիս, հա՛յրիկ:
-Հողմին ուղղութեամբ, որդի՛ս:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հակառակ «Մի՛ առնէր քեզ կուռս ձեռագործս» Աստուածային յորդորներուն, մարդը ժամանակուան ընթացքին սկսաւ գերին դառնալ ու կուռքերու վերածել իր իսկ ստեղծածն ու ձեռագործը, որոնցմէ մէկն է դրամը, որ ստեղծուած է մարդու կողմէ, սակայն իշխած ու գնած է մարդ արարածը՝ բառին ամբողջական իմաստով:
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ, երէկ, Սեւ ծովէ ներս զգայացունց իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ, ինչ որ լայն արձագանգ գտաւ միջազգային լրահոսին վրայ։ Այսպէս, Ռուսաստանի նաւատորմի կարեւորագոյն ռազմանաւերէն «Մոսկուա»ն ընկղմեցաւ՝ սաստիկ պայթումներէ վերջ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Դարձեալ Աւագ շաբաթ է:
Ի՜նչ տխուր է աշխարհը, երբ զայն կը դիտենք մեր սեփական աչքերով, Քրիստոսի ծնունդէն երկու հազար տարի ետք:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աւագ ուրբաթ օրը եկեղեցւոյ կեանքին ամենէն սրբազնագոյն, նուիրական եւ միաժամանակ ամենածանր օրն է։ Այդ օրուան ընթացքին է, որ կը կատարուին մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ձերբակալութիւնը, չարչարանքները, խաչելութիւնը, մահն ու թաղումը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին Աւագ շաբթուան իւրաքանչիւր փուլի պատգամին իր աշխարհացրիւ հօտը հաղորդ կը պահէ փառաշուք ծիսակատարութիւններով:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Ոտնլուայի մեծահանդէս կարգը կատարեց Սուրբ Տրդատի բաց խորանին առջեւ:
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ «Գարուն» մանկապարտէզի սաներու հանդէսը, որով ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Աւետման տօնին, Մայրութեան ու գեղեցկութեան օրուան առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը։
Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ երէկ յետմիջօրէին Ոտնլուայի կարգը տեղի ունեցաւ՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Գէորգ Սրկ. Ներկիզի։
Երէկ, յետմիջօրէի ժամերուն Ոտնլուայի արարողութիւն տեղի ունեցաւ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան արարողութեան ընթացքին լուաց Կեդրոնական վարժարանէն խումբ մը սաներու ոտքերը։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը ահազանգային յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Աւագ շաբթուան ընդառաջ:
Սուրբ Աթոռը տարակուսանք կը յայտնէ՝ Իսրայէլի ոստիկանութեան կողմէ «Լոյս»ի արարողութեան համար նախատեսուած կարգադրութիւններուն շուրջ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Շիշլի մարզակումբի ընտանիքէն բազմանդամ խումբ մը։ Այսպէս, Գումգաբու փութացին ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի գլխաւորութեամբ վարչութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ Շիշլիի կողմէ կազմակերպուած մարզական դասընթացքներու մասնակից շուրջ երկու տասնեակ պատանի մարզիկներ։
Eurasianet-ի մեկնաբանութիւնը. Ուքրայնայի պատերազմը ինչպէ՞ս կ՚անդրադառնայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վրայ:
Արցախէ ներս Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի առաքելութիւնը հետզհետէ աւելի մանրազնին քննարկումներու առարկայ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աւագ հինգշաբթին, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծիսական արարողակարգին մէջ ամենէն խորհրդաւորն է եւ ժողովուրդին կողմէ ամենասիրելին։ Այս օրուան աւարտին կատարուած է Վերջին Ընթրիքը, Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին հաստատումը եւ Վերջին Կտակը։
Երէկ յետմիջօրէին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գումգաբուի մէջ մէկտեղուեցաւ Պատրիարքարանի անձնակազմին հետ։ Դահլիճի երդիքին տակ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ անձնակազմի անդամները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր շնորհաւորութիւններ յղեցին Ս. Զատկի տօնին առթիւ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Անցեալը որպէս քաղցր յուշ ծոցագրպանս է: Ներկայի մէջ կը սաւառնիմ, յաճախ մոռնալով կանգառի մասին: Բոլոր մտածումներս ալ կապած եմ ապագային:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Աւագ շաբաթուան այս խոհական օրերուն յաճախ կը յիշեմ մտաւորական Վահրամ Լալայեանը։ Ես զինքը անձնապէս չճանչցայ եւ ինծի պէս շատեր իր կենդանութեան ընթացքին չճանչցան այդ համեստ ու երիտասարդ մտաւորականը, որ Արցախի իր մէկ անկիւնին մէջ համեստաբար կ՚ապրէր ու կ՚արարէր…
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Արդի համաշխարհայնացման ախտը իր հետ բերաւ այլ ախտ մը՝ որ կը կոչուի ամենագիտութիւն. ախտ մը՝ որ խաւերու միջեւ եղած տարբերութիւնը փշրել փորձելով ուզեց վերացնել տարբերութիւնները հրահանգողին եւ հպատակին, քաղաքացիին եւ գիւղացիին: