Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անյագ մարդը անգո՛ւթ է նաեւ, քանի որ չի կրնար զսպել եւ չափաւորել իր կիրքերը։ Ան իր նպատակին հասնելու համար ամէն միջոց արդարացի կը նկատէ, բայց իր անյագութեան պատճառով երբեք չի կրնար հասնիլ իր նպատակին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Վիպականութիւնը՝ «romantisme» ծաղկեցաւ տասնիններորդ դարուն Ֆրանսայի մէջ՝ որպէս հետեւանք Ֆրանսական յեղափոխութեան յառաջ բերած մեծ յեղաշրջումներուն։
Քնարերգութեան խոր ազդեցութիւնը եւ զգացումը կը տիրապետէին, եւ այս պատճառաւ գրագէտները եղած էին ճշմարտութենէ աւելի՝ սիրոյ, յոյսի, ատելութեան եւ բաղձանքի գերիները։
ԵՐԱՄ
Հոգւոյ խորունկ հրճուանքով, ներքին անբացատրելի խլրտումներով ամէն անգամ կը դիտէր նախապատրաստութիւնը երաժիշտներուն, որոնք գործիքները լարելով ներդաշնակ աղմուկ մը կը ստեղծէին։
Յետոյ լռութիւն։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Կեդրոնի թաղերու մայթերէն մէկուն վրայ հայրենադարձ մը կը քալէր, ու՝
-Յիսուն դրամով օգնէք, էլի՛...
Մտազբաղ հայրենադարձին դէմը կանգնելով աղերսեց ծերունի մը:
Ara KOÇUNYAN
JAMANAK’ın dünkü manşeti çok geniş yankı buldu. Patrik seçimi sürecinde toplumda yeni dengeler şekillenmekte ve mevcut değişkenlik ortamında bunları okurlarımıza yansıtma çabasındayız. Tüm bunları nesnel bir şekilde yapmaya özen gösteriyoruz.
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ճաբոնի վարչապետի յատուկ հարցերով խորհրդական Էյիչի Հասեկաւան, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։ Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին գնահատեց Հասեկաւան եւ իրեն ընկերակից Երեւանի մօտ Ճաբոնի դեսպան Ճուն Եամատան, որոնք հայ-ճաբոնական յարաբերութիւններու զարգացման ուղղեալ ջանքեր կը գործադրեն։
Եւրոպական Միութեան եւ Անգլիոյ միջեւ վերջին պահուն համաձայնութիւն մը գոյացաւ BREXIT-ի շուրջ։ 31 հոկտեմբերին Անգլիա պաշտօնապէս դուրս պիտի գայ Եւրոմիութեան կազմէն։ Մինչ այդ երկար ժամանակէ ի վեր առկայ էին տարաձայնութիւններ։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը երէկ ընտրուեցաւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի անդամ՝ 2020-2022 թուականներու ժամանակահատուածին համար։ Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նիստին ժամանակ երէկ տեղի ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքով Հայաստան ստանձնեց այս պաշտօնը։
Մոսկուայի եւ միջնորդներու նպատակն է՝ հասնիլ վերջնական կարգաւորման։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները դարձեալ պիտի հանդիպին։
Նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու. «Թուրքիա առած է իր ուզածը, սա հրադադար մը չէ, որովհետեւ հրադադարը կ՚ըլլայ երկու օրինական կողմերու միջեւ»:
«Խաղաղութեան ակ» գործողութիւններու ազդու ընթացքը ապահովեց՝ Միացեալ Նահանգներու գործօն մասնակցութիւնը, որպէսզի ահաբեկիչները հեռանան Սուրիոյ հիւսիսէն:
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս հիմնական թեկնածուներու նախընտրական աշխատանքները կը շարունակուին։ Այս ծիրէն ներս, երէկ երեկոյեան, տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ժողովուրդին հետ։ Խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուած էր սրահին մէջ, ուր համախմբուած էր հոծ բազմութիւն մը։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջին տարիներուն Երեւանի եւ Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ իր գործունէութիւնը ծաւալող «Շող» կեդրոնը կարեւորագոյն աշխատանք կը տանի։
Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) ամբողջական նեցուկն ու նիւթական աջակցութիւնը վայելող այս նախաձեռնութեան հիմնական նպատակն է դասապատրաստման առիթ ստեղծել բոլոր այն աշակերտներուն, որոնք ինչ-ինչ պայմաններու բերումով զրկուած են տան մէջ իրենց դասերը պատրաստելու հնարաւորութենէն։
ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ
Գրախօսեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
2018-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան» հիմնադրամը իր թիւ 23-ով, ի լոյս աշխարհ ընծայեց լուսահոգի Կորիւն Արք. Պապեանի «Հոգեմատեան» հաստափոր հատորը: Հատորի խմբագիրն է Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան: Հատորը թղթակազմ է ու կը պարունակէ 592 էջ:
Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ, յայտնի համայնքային բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլ, որ երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ի նպաստ կազմակերպուած զօրակցութեան հաւաքոյթին, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի համար հակիրճ խորհրդածութիւններ ըրաւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին շուրջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Տիգրան Կիւլմէզկիլի յայտարարութեան թրքերէն բնագիրը։
Հանրապետութեան նախագահը Արեւմուտքէն ղեկավարներու դէմ բողոք յայտնեց:
Ըստ Էրտողանի, եթէ ահաբեկիչները լքեն տարածքը, ապա գործողութիւնները կը վերջանան ինքնին:
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս համայնքային կեանքի նոր հաւասարակշռութիւնները կը ձեւաւորուին. տիրամայր Մարի Մութաֆեան երէկ երեկոյեան զօրակցութիւն յայտնեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին՝ ընդգծելով անոր նկատմամբ տածած սէրը։
Կրօնական ժողովի ատենապետը հանդիսաւոր հաւաքոյթի մը ընթացքին ի մի եկաւ իր համախոհներուն եւ պատգամաւորի թեկնածուներուն հետ։ Յայտնի բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւս յայտարարեց իր աջակցութիւնը ի նպաստ նորին սրբազնութեան։
Թաքսիմի Point պանդոկի երդիքին տակ կազմակերպուած ընթրիքին ժամանակ շինիչ պատգամներ ու դրական մաղթանքներ հնչեցին պոլսահայութիւնը միասնականութեան առաջնորդելու ուղղութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ժողովրդական առածը կ՚ըսէ. «Արջը որսալէդ առաջ՝ չծախես անոր մորթը»։ Ասիկա կը նշանակէ՝ թէ պէտք չէ ծախսենք այն դրամը, որ մեր ձեռքերուն մէջ չի գտնուիր տակաւին։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Բազմիցս անդրադարձած ենք արեւմտահայերէնի ներկայ անփառունակ վիճակին։ Ցաւով մենք մեզի խոստովանած ենք, թէ արեւմտահայ լեզուն ու գրականութիւնը մեր իսկ անփութութեան պատճառաւ կորստեան կը մատնուին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նեղութիւններ անխուսափելի են մարդկային կեանքին մէջ, բայց մարդ երբ յոյս ունի՝ կրնայ դիմադրել անոնց եւ քաջութեամբ պարտել զանոնք։ Եւ ո՜րքան մխիթարիչ է նեղութեան մէջ զգալ վստահելի անձի մը ներկայութիւնը՝ որ կը քաջալերէ զինք նեղութեան եւ դժուարութեան անել կարծուած վիճակներուն մէջ։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Վերամուտի կապակցութեամբ առաջին դասարանի ուսուցչուհի՝ օրիորդ Լիզան դասարանի փոքրիկ աշակերտներուն հետ ծանօթանալէ վերջ, անոնց նուիրեց վերջերս «Արաս» հրատարակչատան հրատարակչական մէկ ձեռնարկը հանդիսացող «Հիփփօ»ի կողմէ լոյս տեսած նորաշունչ մանկական երեք պատկերազարդ գիրքեր, որոնց երկու հատը թարգմանուած էր բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի, իսկ մին՝ Թապիթա Թոփարլաքի կողմէ։