Արխիւ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի հետ։ Այս առթիւ անոնք կարծիքներ փոխանակեցին քորոնաժահրի համաճարակի տարածման կանխարգիլման եւ անոր ընկերատնտեսական հետեւանքներու դիմագրաւման ուղղութեամբ երկու երկիրներու կողմէ ձեռնարկուած քայլերուն շուրջ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ երկրի Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանի հետ։ Նախագահ Սարգսեան այս առթիւ իր անհանգստութիւնն ու մտահոգութիւնը յայտնեց քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով երկրէն ներս ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ հեռավար հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու Անգարայի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ։ Տեսաքոնֆերանսի ձեւաչափին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ մղուած պայքարին։
Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ համալիրէն ներս երկար աշխատանքի մը ողջունելի արգասիքը:
Գիւղացիներու կողմէ տրամադրուած իրերը լոյս կը սփռեն շրջանի մշակոյթին, կենցաղին, նաեւ համակեցութեան վրայ:
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ կարեւոր խորհրդակցութիւն՝ մեր վարժարաններու առկայ հարցերու հրատապ օրակարգին շուրջ:
Համայնքային վարիչները առայժմ ամուր ու վերջնական փոխըմբռնումի մը չեն հասած՝ պոլսահայ կրթական համակարգի դիմագրաւած ծանր մարտահրաւէրներուն կապակցութեամբ: Յառաջիկայ սիրոյ սեղաններու հաւանական արդիւնքներու պարագային թերահաւատութիւնը կը խորանայ: Շօշափելի կամք մը չկայ միջոցները բաժնելու համար:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 90-ամեակը։ Անթիլիասի մէջ 1930 թուականին ստեղծուած Դպրեվանքի յոբելեանը կարեւոր իրադարձութիւն մըն է եւ անուշադրութեան չի մատնուիր՝ հակառակ քորոնաժահրի առկայ համաճարակին։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ՝ հանդիպում-քննարկում:
«Այսօր չունինք աւելի կարեւոր հրամայական՝ քան համաճարակի տարածման կանխարգիլումը»:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Որպէս սփիւռքահայ կեանքի հերթական «լուռ ցաւ» մը, վերջերս, ինչպէս շատեր, տեղեկացանք, որ Յորդանանի մայրաքաղաքը՝ Ամմանի մէջ գործող միակ հայկական՝ «Իւզպաշեան-Կիւլպէնկեան» ազգային վարժարանը 2019-2020 կրթական տարեշրջանի աւարտին վերջնականապէս պիտի փակէ իր դռները։
Անպաշտօն աղբիւրներէ կը տեղեկանանք, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ համայնքային խորհրդակցութիւն մը։ Ըստ մեր ունեցած լսումներուն, հիւանդանոցի մէջ ժողով մը կը գումարեն ատենապետները մեր այն համայնքային հաստատութիւններուն, որոնց հովանաւորութեան տակ կը գործէ վարժարան մը։ Դպրոցներու մատակարարութեան հարցը այս շրջանին լուրջ մարտահրաւէր մը դարձած է մեր համայնքին տեսակէտէ։
Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, Պատրիարքական Աթոռը իր հիմնադրութենէն ի վեր եղած է համայնքիս կեդրոնն ու վերին իշխանութիւնը՝ բոլոր հոգեւոր եւ այլ ոլորտներէ ներս։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս տակնուվրայութիւնը հասած է անհաւատալի համեմատութիւններու, ինչ որ համայնքը կը տանի կաթուածահար ըլլալու եզրին:
Էսաեանի տնօրէնուհիներու պաշտօնազրկումով սկսած տագնապը եւ Պատրիարքարանի նախաձեռնութեան ապարդիւն մնալով շարունակուած գործընթացը կը խորացնեն անկառավարելիութեան տպաւորութիւնը:
ԵՐԱՄ
Գարունն եկեր էր արդէն. գարունն եկեր էր վերջապէս։
Գրեթէ երկու ամիս անցեր էր Զանայի Երեւան գալէն, Կապոյտ մզկիթ հաստատուելէն ի վեր։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Հօրքո՛ւր, պատմութեան դասերէն հարցում մը կրնա՞մ հարցնել, ժամանակ ունի՞ս,- կը գրէ պատանին պատմաբան հօրաքրոջ:
-Անշուշտ կրնաս, հատէ, կը զանգեմ...
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ յաճախ կը հարցնէ հարցում մը՝ որուն տրուած պատասխանը թէպէտ կարճ է եւ սակայն կ՚արժէ խորհրդածել անոր մասին։ Հարցումը սա է. «Ի՞նչ է մարդուս կեանքը»։
Յայտնի վիպագիր Ֆրանց Քաֆքա ծնած է 3 յուլիս 1883 թուականին, Փրակի մէջ, Չեխիա։ Հայրը՝ Հերմանն Քաֆքա վաճառական էր։ Մայրը՝ Եուլիա Քաֆքա աւելի զարգացած կին մըն էր քան իր ամուսինը։
3 յունիսը՝ հայ անուանի գրող, թատերագիր Պերճ Պռօշեանի ծննդեան օրն է։ Անոր ծննդավայրը Աշտարակն է: Ընտանիքը զբաղած է դերձակութեամբ:
Վաղը՝ 6 յունիսին տարեդարձը կը տօնենք Արամ Խաչատուրեանի։ Ան հայ ժողովուրդն ու հայկական մշակոյթը համաշխարհային հռչակի արժանացնող եւ միջազգային արուեստասէր հասարակութեան սիրելի դարձնող մեծանուն հայն է։
Ներքին գործոց նախարարութիւնը երէկ ուշ երեկոյեան հրապարակեց շրջաբերական մը, որով այս շաբաթավերջին դարձեալ փողոց դուրս գալու սահմանափակում պիտի հաստատուէր Թուրքիոյ մեծ քաղաքներէն ներս՝ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ծիրին մէջ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով՝ մեկնաբանելով Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ վերջին շրջաններուն կատարուած ռազմատենչ յայտարարութիւնները։
Հարապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Լիպիոյ վարչապետ Ֆաիզ Էս-Սարրաճը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան երկար ընդհատումէ մը վերջ ընդունեց օտարերկրեայ ղեկավար մը։