Արխիւ
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Այս օրերուն Հայաստանը հեքիաթի մէջ է։ Հայութիւնը կը ցնծայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բազմավաստակ մատենագրի պայծառ կերպարը՝ Ներսէս Լամբրոնացի, որուն անունը սերտ կերպով կապուած է Սկեւռայի պատմական վանքին հետ։ Ան 12-րդ դարու նշանաւոր պերճախօս-ճարտարաբան եւ գրական փայլուն մշակն է՝ հայ եկեղեցական պատմութեան գլխաւոր դէմքերէն մէկը։
ՌԻՄՄԱ ՔԱՐԱՄՈՎԱ
Ռուսերէնէ թարգմանեց՝
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Կինը մահացաւ եւ անոր քովը եկաւ Մահը։ Տեսնելով Մահը՝ ան խնդաց եւ ըսաւ, թէ պատրաստ է, իսկ Մահը հարցուց.
-Ի՞նչ բանի պատրաստ ես։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Չէ, մի՛ մտահոգուիք, ընթերցողներուս չէ, որ հրաժեշտ կու տամ։ Տասը ամիսէ ի վեր շաբաթը անգամ մը՝ միասին ենք, եւ հաճելի է ինծի համար, ուստի հեռանալու միտք չունիմ։
Հրաժեշտս՝ վեց կամ չորս տարի տեւած կեանքի մէկ կարեւոր հատուածին է ուղղուած։
Սարգիս Կիւրեղ կը տեղեկացնէ.-
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սանուց միութիւնը սկսած է ամէն կիրակի կազմակերպել նախաճաշեր։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ առաւօտ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էին նաեւ եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ օգնական երէց Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան։
Հադրութի գլխաւոր հիւանդանոցի ծննդաբերական բաժանմունքը վերանորոգուած:
Գահիրէի առաջնորդարանի այս առաջին նախաձեռնութիւնը պիտի ունենայ իր շարունակութիւնը:
Ամերիկահայ աշխարհահռչակ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեան այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան՝ Տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովին (WCIT) առթիւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան տեղեկացուց, որ կը ծրագրէ Հայաստանի մէջ կազմակերպել արտադրութիւն։
Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայէր պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թիֆլիզ, ուր երէկ հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի կողմէ։ Բանակցութիւններէն վերջ երկու նախագահները սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ այս ուրբաթ պիտի այցելէ Թուրքիա։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ընդհանուր քարտուղարը պաշտօնական հանդիպումներ պիտի իրականացնէ Իսթանպուլի մէջ։
Թուրքիա՝ Սուրիոյ հիւսիսին, Եփրատի արեւելքին անվտանգ գօտի մը ստեղծելու նպատակը կը հետապնդէ միջազգային նոր իրադրութեան մը պայմաններուն ներքեւ: Ազգային մեծ ժողովը Հանրապետութեան նախագահին լիազօրութիւն տուաւ՝ սահմանէն դուրս զինուոր ուղարկելու համար:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հաստատեց, որ 13 նոյեմբերին Ուաշինկթընի մէջ պիտի հիւրընկալէ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանը:
Հայերէն ձեռագրերու թուայնացման հարցին ձօնուած միջազգային շահեկան դասախօսութիւն մը:
Փարիզի մէջ, INALCO-ի երդիքին տակ քննարկուեցաւ նորարար փորձագիտութիւններու դերը՝ լեզուի զարգացման համար:
Ընկերատնտեսական նիւթերու պատմութեան յայտնի պրպտող Կարօ Քիւրքման վերջերս հրատարակած է նոր գիրք մը, որ ձօնուած է Օսմանեան շրջանի արքունի ոսկերիչներուն։ «Osmanlı Saray Kuyumcuları 1853-1871» հաստափոր այս հատորը լոյս տեսած է «Korpus» հրատարակչութենէն։
Ներկայ տարուան ընթացքին Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ ամբողջ աշխարհի մէջ կազմակերպուած յոբելենական ձեռնարկներու շղթային վրայ երէկ երեկոյեան նոր օղակ մը աւելցաւ՝ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած անմոռանալի համերգով։ Հարպիյէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս համերգը, որ կազմակերպուած էր «Անատոլու քիւլթիւր»ի, «Քալան»ի եւ «Կորքի»ի համատեղ նախաձեռնութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ որքան որ արտաքնապէս փոխուած կ՚երեւին, էապէս երբեք չեն փոխուիր։ Արդարեւ մարդը իր ստեղծումէն ի վեր երեւութապէս մեծ փոփոխութիւններու է երթարկուած, հետզհետէ բարեփոխուած, նախկին մարդուն նկատմամբ արտաքնապէս, ապրած շրջանին համաձայն «արդի մարդ» է եղած։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Պարզ փնտռտուք մը չէ ըրածս, ինչպէս նաեւ պարզ բան մը չէ փնտռածս:
Ճիշդ է, թէ թանկագին առարկայի մը արժէքը ունի, սակայն առարկայ մը չէ:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Դարձեալ գիտելի է, թէ երեք օրերու թիւը մտաւոր տեսութեամբ կը յարմարի Քրիստոսի խորհրդաւոր մարմինին՝ չորս կերպով.
Նախ՝ քրիստոնեայ ժողովուրդները մինչեւ նեռին ժամանակը, ինչպէս ուրբաթ օրը, բազմաթիւ չարչարանքներ կը կրենք անհաւատներէն եւ այլազգիներէն, հերձուածողներէն, իսկ նեռի գալուստին ժամանակ, ինչպէս գերեզմանին մէջ, յատուկ առանձնական աղօթքները ծածկուած են:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր ամերիկեան շարժանկարային արուեստի հայ երախտաւորներէն մէկուն՝ Ռուբէն Մամուլեանի ծննդեան օրն է՝ 122-րդ տարին: Ամերիկեան շարժանկարի մէջ յեղաշրջում կատարած այս հայը, որ ողջ կեանքի ընթացքին փառք վայելած է, կեանքէն հեռացած է շուրջ երեսուն տարի առաջ՝ Հոլիվուտի մէջ, անփառունակ վախճանով մը, մինչ այդ իր տասնեակ կատուներուն ընկերակցութեամբ տխուր կեանք մը վարած եւ դիմագրաւած է իր կնոջ արբեցութիւնը, որմէ ան տարիներ կը տառապէր:
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս վերջնականապէս հաստատուեցաւ թեկնածու երեք սրբազաններուն ցուցակը:
Նախաձեռնարկ մարմնի երէկուան հերթական ժողովին զուգահեռ պատրաստութիւնները վերադարձան իրենց բնականոն հունը: Քուէարկութեան օրը ընտրատեղամասերու միջեւ առցանց անխափան հաղորդակցութեան երաշխաւորման համար պաշտօնի պիտի կոչուին կամաւոր մասնագէտներ: Կարպիս Տուրասլան հրաժարեցաւ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորեց Փութինի տարեդարձը։