Արխիւ
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Ամէն ինչ պատրա՞ստ է. ստուգեցէք, որ բան մը պակաս չըլլայ:
Կը զգուշացնէր մայրս եւ կը յորդորէր շուտ քնանալ, որպէսզի տարուան վերջին տաղաւարին աշխոյժ մասնակցութիւն բերենք:
Տաղանդաւոր ճաբոնցի նկարիչը ամենօրեայ նախաճաշի համեղ բաղադրիչները, օրինակ՝ մրգանուշը, գետնանուշի կարագը, հացի կտորները կ՚օգտագործէ «արուեստի գործեր» ստեղծելու համար:
Իր հացի վրայ շինածները կը ներկայացնեն՝ Ճաբոնի յայտնի անիմասիոն կերպարներն ու երգիծանկարի հերոսները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եկեղեցւոյ պատուիրանները իրենց տեղը կը գրաւեն Բարոյական կեանքի ուղեգծով, որ կապուած է ծիսական կեանքին եւ անով կը սնանի։ Հովուական իշխանութիւններու կողմէ հրահանգուած դրական օրէնքներուն ստիպողական եւ պարտադրիչ հանգամանքը իբրեւ նպատակ ունի հաւատացեալներուն աղօթքի հոգիի եւ բարոյական վաստակին մէջ ապահովելու ի՛նչ որ նուազագոյն անհրաժե՛շտ է Աստուծոյ եւ մերձաւորին սիրոյն աճումին նկատմամբ։
Աւստրալիոյ Իփսուիչ քաղաքի մերձակայքին կը վաճառուի գնդաձեւ շինուած բնակարան մը։ Տունին մակերեսը կը կազմէ աւելի քան հազար քառակուսի մեթր:
Յայտարարուած են «Օսքար»ի անուանակարգման նոր պահանջները։ Ամերիկեան շարժանկարի ակադեմիան ներկայացուցած է ցուցակը բացառիկութեան չափանիշներու, որոնց 2024 թուականէն սկսեալ պէտք է համապատասխանեն այն շարժանկարները՝ որոնք «Օսքար» մրցանակի «լաւագոյն շարժանկար» անուանակարգին մէջ կ՚ուզեն յայտնուիլ։
Հայաստանի մայրաքաղաքը՝ Երեւանի մէջ կը տեղադրուի մշակութային գործիչներուն նուիրուած յուշակոթող մը։ Ընդունուեցաւ Երեւանի Իսրայէլեան փողոցի թիւ 37 շէնքի հարեւանութեամբ հայ մշակոյթի ականաւոր գործիչներու յիշատակին նուիրուած յուշակոթող մը տեղադրելու նախագիծը։
Այսօր՝ կ՚ոգեկոչենք հայ գրականութեան տիտաններէն Տիրան Չրաքեանը, որուն ծննդեան 145-ամեակն է։ Ան ծնած է 1875 թուականի սեպտեմբերի 11-ին Սկիւտար, Պոլիս:
Եւրոմիութեան եւ Անգլիոյ միջեւ տարակարծութիւնները կը շարունակուին BREXIT-ի կապակցութեամբ։ Լոնտոն վերջերս կը ծրագրէ BREXIT-ի համաձայնութեան կարգ մը յօդուածները փոփոխութեան ենթարկել։ Այս իրավիճակին մէջ ԵՄ արտահերթ ժողովի հրաւիրած է Անգլիան։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա Վանի մէջ յայտարարութիւններ ըրաւ համաճարակի դէմ պայքարի կապակցութեամբ:
«Նախազգուշական միջոցներուն միասնաբար հնազանդելու ուղղութեամբ յամառութիւն ցուցաբերենք, որպէսզի քորոնաժահրը մեզ չբաժնէ մեր սիրելիներէն»:
Հայաստան եւ Անգլիա կը ձգտին յառաջիկային զարգացնել ու խորացնել իրենց համագործակցութիւնը:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ նախարար Ուենտի Մորթըն կարծիքներ փոխանակեցին օրակարգային հարցերու շուրջ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան վաղը պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Գահիրէ։ Ուղեւորութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ 15 սեպտեմբեր։
Թուրքիոյ եւ Յունաստանի զինուորական պատուիրակութիւններուն միջեւ երէկ թեքնիկ բնոյթով հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Պրիւքսելի մէջ, ՆԱԹՕ-ի հրամանատարական կեդրոնէն ներս։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, տարանջատման եզրերը քննարկուեցան բանակցութիւններու ընթացքին։ Կը ծրագրուի, որ յառաջիկայ օրերուն նոր ժողով մըն ալ տեղի ունենայ։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, երէկ միջօրէին, այցելեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցին ու դիմաւորուեցաւ Վարուժան Մաղաքեանի գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներուն կողմէ։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերակցէր գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեանի։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Գարեգին Քայա Քալայճըի նմոյշներու ներկայացումը հետաքրքրութեան առարկայ:
Սկիւտարի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ ցուցահանդէս՝ «Նեւմեքան» սրահի երդիքին տակ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
• Ո՜վ Ռոնտա. ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ երկու անձեր նոյն բանը տարբեր ձեւերով կը տեսնեն:
Արդեօք աչքերը կրնա՞ն նոյն բանը նոյն մաքրութեամբ տեսնեն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկութիւնը միշտ հետաքրքրուած է բնութեան զանազան երեւոյթներով, տպաւորուած եւ ուզած է լուծել անոնց խորհուրդները։ Այդ երեւոյթներէն է նաեւ հովը։ Հին ժամանակներէ ի վեր մարդկութիւնը իմաստներ փնտռած է հովերու մէջ եւ ուզած է լուծել հովերու «խորհուրդ»ը։
Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, շուրջ երկու ժամ տեւեց զրոյցը, որու ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններու զարգացման, տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ երէկ երեկոյեան հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 111 հազար 193 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1673 նոր վարակեալ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահեց Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ արարողութեան:
Նորոգ հանգուցեալ Մելինէ Ենիեորկանի յուղարկաւորութիւնը համախմբեց հոծ թիւով սգաւորներ: