ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՀՐՃՈՒԱՆՔ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը։
Տաղաւարի առթիւ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ քահանայական ձեռնադրութիւն տեղի ունեցաւ Սիւնեաց թեմէն ներս։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը։
Տաղաւարի առթիւ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ քահանայական ձեռնադրութիւն տեղի ունեցաւ Սիւնեաց թեմէն ներս։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը (ԳՀԽ) երէկ հերթական յայտարարութիւնով հանդէս եկաւ՝ Հայաստանի եւ Արցախի դիմագրաւած օրհասական մարտահրաւէրներուն շուրջ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը։
Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութենէն երկու արժէքաւոր անդամներ արդէն եպիսկոպոսի թեկնածու դարձած են։ Սուրբ Աթոռի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ընծայարանի՝ Ժառանգաւորաց վարժարանի տեսուչ Տ. Թէոդորոս Վրդ. Զաքարեան եւ կալուածոց տեսուչ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան միաբանութեան կողմէ ընտրուած են՝ որպէս եպիսկոպոսի թեկնածու։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Ֆրանսայի հայ երիտասարդութիւն» (JAF) ընկերակցութեան Մարսէյլի մասնաճիւղէն անդամներ՝ գլխաւորութեամբ Փասքալ Շամասեանի եւ Լուսինէ Մելիքեանի։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Վատիկանէն պատուիրակութիւն մը։ Այսպէս, Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղար կարտինալ Փիէթրօ Փարոլին ներկայիս տարածաշրջանային այցելութեան մը ձեռնարկած է եւ այս ծիրէն ներս շփումներ ունեցաւ Հայաստանի մէջ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ ընդունեց ամերիկահայ ուխտաւորներ, որոնք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելեցին։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն մեկնած էին ուխտաւորները՝ գլխաւորութեամբ Նիւ Եորքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Յովսէփեանի եւ Շիքակոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ համանուն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրէաս Քհնյ. Կարապետեանի։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի 6-րդ միջազգային բժշկական համագումարի խումբ մը մասնակիցները, որոնց ուղեկցեցաւ փրոֆ. Արա Պապլոյեան, որ այս համագումարի պատուոյ նախագահն է։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) զանազան ծրագրերուն մասնակից սփիւռքահայ երիտասարդներ։ Այսպէս, ՀԲԸՄ-ի «Կլոպալ առաջնորդութեան» եւ «Երաժշտական Հայաստան» ծրագրերուն մասնակից սփիւռքահայ երիտասարդ ուսանողներն ու երաժիշտները ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։
Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդական միաւորման (ՀԵՀԵՄ) նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած՝ «Սուրբ Էջմիածինը մեր հաւատքի ծննդավայր» խորագրեալ համահայկական ուխտագնացութիւնը արդէն ընթացքի մէջ է։ Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց ուխտագնացութեան մասնակիցները։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հաստատման 125-ամեակը յոբելենական բացառիկ հանդիսութիւններով նշուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ։ Ս. Վարդան առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ այս առթիւ մատուցուեցաւ գոհաբանական Ս. Պատարագ, որմէ վերջ տեղի ունեցաւ աշխարհիկ հանդիսութիւն։