ԿԵՐՊԱՐԱՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ֆրանս Քաֆքայի ամենայայտնի ստեղծագործութիւններէն մին է «Կերպարանափոխութիւն»ը, որ առաջին անգամ հրատարակուած է 1915 թուականին եւ կը համարուի հեղինակի ամենահանրաճանաչ գործը։ Գիրքը կը ծանօթացնէ «միջատի վերածուած մարդ» մը, սակայն վէպի հաղորդած իմաստը եւ տողատակերը այսքանով սահմանափակուած չեն։