ՍՈՒՐԲ ՆՈՒՆԷ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ՄԱՆԷ ԿՈՅՍԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՕՐ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Նունէ եւ Սուրբ Մանէ կոյսերը: Հետաքրքրական են այս երկու տօնելի սուրբերուն պատմութիւնները:
Սուրբ Նունէ եւ Սուրբ Մանէ կոյսերը խումբէն են Սուրբ Հռիփսիմեանց կոյսերուն, որոնք եօթանասուն հոգիով, Տիոկղետիանոս կայսեր հալածանքներուն ժամանակ, ձգած են Հռոմն ու եկած Հայաստան: