Ընկերա-մշակութային

«ՍԹԱԼՀԱՅՄԻ ՏԵՍԱՐԱՆԸ»

ՊԻԱՆ­ՔԱ ՍԱ­ՐԸԱՍ­ԼԱՆ

Մարդու ստեղծագործ աշխատանքի, տաղանդի եւ գեղարուեստական ուրոյն ոճի համադրումէն յառաջ կու գան անզուգական, սքանչելի ու անհամեմատելի գործեր, որոնք որպէս ժառանգութիւն, սերունդէ սերունդ կը փոխանցուին ու կ՚ուսումնասիրուին իրենց բովանդակութեամբ։

ԳԻՐՔԱՓՈԽԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԻՒՆ

Երեւանի Ազգային գրադարանը ստեղծած է Գիրքափոխանակութեան անկիւն մը։ Այսպէս, գիրքի, գրականութեան երկրպագուները, գալով Հայաստանի Ազգային գրադարան, այսուհետեւ կրնան օգտուիլ նաեւ Գիրքափոխանակութեան անիւնէն, որու դարակներուն դրուած են արժէքաւոր հրատարակութիւններ՝ հայերէն եւ օտար լեզուներով գիրքեր, կերպարուեստին վերաբերող գրականութիւն, մատենագիտական հրատարակութիւններ եւ այլն:

ՆՈՐ ԺԱՀՐ, ՆՈՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ…

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

25 յունուարին, Չինաստանի մէջ չինական Նոր տարին սկսաւ, սակայն տօնական ձեռնարկներուն մեծ մասը չեղեալ յայտարարուեցան երկրին մէջ առկայ արտակարգ իրավիճակին՝ քորոնա ժահրի տարածման վտանգին պատճառով: Միւս կողմէ, Նոր տարին չինացիներուն ամենասիրած տօներէն է եւ շատեր չդիմացան հանրային վայրեր ելլելու եւ տօնելու գայթակղութեան:

ԽՈՐՀԵԼՈՒ ԱՌԻԹ ՄԸ

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Գաւաթ մը թէյի կամ սուրճի շուրջ ինչե՜ր ըսես, որ չեն խօսուիր, չեն արարուիր։ Ի՜նչ հանճարեղ մտքեր կը փայլատակեն. ինչպէս որ ժամանակին մեծանուն, աշխարհահռչակ գրողներն ու արուեստագէտները իրենց լաւագոյն ստեղծագործութիւնները կերտեցին օդի մէջ ի չիք դարձող ծխախոտի ծուխի գալարաձեւ օղակներու ներքեւ։

ԵՒ ՍԱ ԿԸ ԿՈՉԵՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻ՞ՒՆ

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Առաջնորդուէ՜ արդարութեամբ… քու կեանքի հոլովոյթին եղիր միշտ արդար…։
Խրատնե՜ր, խրատներ, զորս մեզմէ իւրաքանչիւրը բազմիցս մտիկ ըրած է իր կեանքի հոլովոյթին, ու տակաւին ալ՝ կը շարունակէ։ 

ՈՒԻՆՍԹԸՆ ՉԸՐՉԻԼԻ ԻՆՔՆԱԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«ԳրաՏուն» հրատարակչութիւնը հայ ընթերցողի սեղանին դրած է աշխարհի նշանաւոր քաղաքական գործիչներէն մէկուն՝ 1940-1945 եւ 1951-1955 թուականներուն Միացեալ Թագաւորութեան վարչապետ, Բրիտանական ակադեմիոյ պատուաւոր անդամ, գրականութեան Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Ուինսթըն Չըրչիլի «Ինքնակենսագրութիւն» գիրքը հայերէնով:

ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ՊԻԱՆ­ՔԱ ՍԱ­ՐԸԱՍ­ԼԱՆ

Մարդոց հոգին կը նմանի խորունկ ու անհուն ծովերու կոհակներէն ու յորձանքէն փրկուելու ջանացող նաւի մը, որու աշխատակազմին կ՚անդամակցին սիրտն ու միտքը։ Զգացումներու ու մտածումներու համադրումը թիկունք կը կանգնին հոգին ազատելու համար փոթորիկներէ, ահագնակերպ ալիքներէ՝ նեղութիւններէ, դժուարութիւններէ։

ԺԱՄԱՆԱԿ-Ը 30 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ԱՅՍ ՕՐԸ

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Դժբախտ սովորութիւն մը ունինք երկինքները բարձրացնելու մեր հանրային գործիչներն ու բարձրաստիճան եկեղեցականները, անոնց համար որոնելով այնպիսի ածականներ, զորս կը շռայլենք, առանց անդրադառնալու, որ մեզի չափ անոնք ալ ծիծաղելի դարձուցած կ՚ըլլանք…:

Էջեր