Ընկերա-մշակութային

ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հպարտութեան մասին շատ գրուած է, կը գրուի եւ պիտի գրուի տակաւին, այնքան ատեն, որ մարդ արարածը կը շարունակէ ապրիլ ու գոյատեւել:
Եթէ բառարաններուն դիմենք, հետեւեալ իմաստները կը գտնենք հպարտութեան մասին.

ԱՃԱՌԵԱՆԸ՝ ԱՇԱԿԵՐՏ ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Պոլսահայ անմահ լեզուաբան ու բանասէր Հրաչեայ Աճառեան գիտական աշխատութիւններէ, բառարաններէ, բարբառներու քննական հատորներէ զատ, գրած է նաեւ իր կեանքի յուշերը, որոնց մէջ մեծ տեղ տուած է իր դպրոցական տարիներուն: Պոլսոյ կրթական կեանքը, իր ապրած թաղի անցուդարձը, մանկութեան յուշերը բացառիկ պատումով կենդանացած են Աճառեանի ճոխ գրիչով:

ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

«Ազատութիւն», քաղցրաշունչ բառ մը, զոր կը տենչայ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր կեանքի հոլովոյթին… սակայն, աւա՜ղ, ի սկզբանէ դատապարտուած ենք անազատ՝ կաշկանդուած ըլլալու:

ՊՈԼԻՍԷՆ ՄՈՍԿՈՒԱ. ԺԱԳ ԻՀՄԱԼԵԱՆ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այսօր պոլսահայ անուանի նկարիչ Ժագ Իհմալեանի ծննդեան օրն է: Մեր մամուլի մէջ վերջին շրջանին շատ յիշատակուած անուն մը չէ Իհմալեան, մինչդեռ իր ապրած տարիներուն ան Պոլսոյ, Լիբանանի մամուլին մէջ եւ արուեստագիտական շրջանակներէն ներս տիրական ներկայութիւն եղած է նախ իր նկարազարդումներով, ապա գրութիւններով:

«ՍՈՔՈՒՇԻՆՊՈՒԹՍՈՒ»՝ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ «ԻՆՔՆԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ»

ՊԻԱՆ­ՔԱ ՍԱ­ՐԸԱՍ­ԼԱՆ

Մահը եւ մահէն յետոյ կեանքի շարունակութեան մասին գոյութիւն ունին տարատեսակ վարկածներ կամ տեսութիւններ։ Նման գաղափարներու հիմքին, հոգւոյ անմահութեան մասին հաւատքը  յատուկ է բազմաթիւ կրօնական եւ կրօնափիլիսոփայական վարդապետութիւններու։

ՍՊԱՆԻԱ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՒԵԼԻՆ ՔԱՆ ԵՐԿԿՈՂՄ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՏԱԹԵՒ ՍՈՒԼԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

2018 թուականին Մատրիտի մէջ տեղի ունեցած Թուրքիա-Սպանիա 6-րդ միջկառավարական գագաթաժողովը շարունակութիւնն էր 2009 թուականին Իսթանպուլի մէջ սկիզբ առած միջկառավարական գագաթաժողովներուն:

ՆՇԽԱՐՆԵՐՈՒ ԼՈՅՍԻՆ ԱՌԸՆՉՈՒԻԼ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այս շաբաթ Հայ Առաքելական Եկեղեցին, երկուշաբթիէն մինչեւ ուրբաթ, շաբաթապահք սահմանած էր, որ նուիրուած էր գեղեցիկ ու խորհրդաւոր տօնի մը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Նշխարներու գիւտին: Իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար, մանաւանդ տագնապալի այս օրերուն, ակնածանք է անգամ մը եւս առընչուիլ հայոց մեծագոյն սուրբերէն մէկուն նշխարներու խորհուրդին, ապրիլ այն երկիւղով, զգուշաւորութեամբ եւ հաւատքով, որ աւանդած են մեր եկեղեցւոյ հայրերը:

Էջեր