ՔՈՐՈՆԱ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐ… ԵՒ ՀԱՒԱՔՈՅԹՆԵՐ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Օգոստոսը Հայաստանի մէջ սկսաւ արտակարգ դրութեան որոշ պայմաններու թուլացմամբ: Առտուան ժամը 10-12-ը խանութներու եւ սպասարկման այլ վայրերու մէջ այլեւս միայն տարեց բնակիչներու համար սահմանուած ժամ չէ, ամէն մարդ կրնայ այդ ժամերուն խանութ եւ ուրիշ տեղեր այցելել: