Ընկերա-մշակութային

ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ ԼԻԼԻԹ ԶՕՀՐԱՊԵԱՆ. «ԵՐԵԽԱՆԵՐԸ ԻՆԾԻ ՀԱՄԱՐ ՀԱՐԱԶԱՏ ԵՆ»

Տեսակցեցաւ՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

1990-ական թուականներէն սկսեալ՝ աշխարհի ամենահին ու յայտնի քաղաքներէն մին՝ Պոլիսը, որ Վոսփորի նեղուցով իրարմէ կը բաժնէ Եւրոպան ու Ասիան։ Այս քաղաքը ինչպէս բազմաթիւ ազգերը, այնպէս ալ իր գեղեցկութեամբ ու խորհրդաւորութեամբ դիւթած է հայաստանցիները։

ՀԱՅ ԳԻՐԻ ՀԱՒԱՏԱՒՈՐԸ

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի Ազգային գրադարանէն ներս վերջերս կազմակերպուած հայ մամուլի երկօրեայ գիտաժողովին կը մասնակցէին նաեւ սփիւռքահայ նշանաւոր մատենագէտ, լեզուաբան, բառարանագէտ, քերականագէտ, բանահաւաք, պատմագէտ, խմբագիր եւ դասախօս-ուսուցիչ՝ Արտաշէս Տէր-Խաչատուրեանին որդիները՝ Տարօն եւ Զարեհ Տէր-Խաչատուրեանները:

ԱՆՍԱՀՄԱՆ ՏԻԵԶԵՐՔ՝ MARVEL

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Արուեստի պատմութեան մէջ մարդիկ գրի առած եւ կամ նկարած են երեւակայական աշխարհներ եւ կերպարներ։ Այս երկու հանգամանքը տասնամեակներ շարունակ կը համադրուին պատկերազարդ գրքոյկներու (comics) մէջ, որոնք թէ՛ արուեստական եւ թէ գրական արժէք ունին։ 

ՍՓԻՒՌՔԻ ԱՄԵՆԱՀԻՆ ԿՐԹՕՃԱԽԸ. ԿԱԼԿԱԹԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԸ

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Սփիւռքի տարածքին գործող ամենահին հայկական դպրոցը՝ Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական ճեմարանը շուտով կը նշէ իր հիմնադրման 200-ամեակը: Հիմնուելով 1821 թուականին՝ ճեմարանը լուրջ դերակատարութիւն ունեցած է Հնդկաստանի հայ համայնքի պահպանման ու զարգացման գործին մէջ եւ անոր գործունէութիւնը հայոց պատմութեան նշանակալի իրողութիւններէն մէկն է:

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այս տարի, հայ մամուլի համար, յոբելենական տարի է: Նախ լրացաւ հայ առաջին տպագիր թերթին՝ «Ազդարար»ին 225-ամեակը, յոբելենական էր տարին նաեւ Պոսթոնի «Հայրենիք» թերթին համար, որ տօնեց իր հիմնադրման 120-ամեակը, եւ վերջապէս Հայաստանի մէջ կը նշուի նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Էջմիածին» հանդէսի 75-ամեակը:

«ՎԱԶՈՂ ՄԱՐԴԸ»

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

«Վազող մարդը» ամերիկացի ականաւոր գրող Սթեֆըն Քինկի հակաիւթոփիական վէպն է, որ գրի առնուած է Ռիչըրտ Պահմըն ծածկանունով։ «Վազող մարդը» վերջինն է չորս մասէ բաղկացեալ գրքաշարին, որ հրատարակուած է 1977-1982 թուականներու միջեւ։

Էջեր