ԼԻԲԱՆԱՆԸ՝ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԻՐ ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ
ՎԵՐ. ՏՔԹ. ՓՈԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ
Քսանմէկերորդ դարու առաջին քառորդին արդէն անկարելի է ներկայացնել Լիբանանը առանց հաշուի չառնելու անոր հիմնաւորուած եւ հիմնարար հայկական համայնքը:
Լիբանան, որպէս միաժամանակ լեռնային ու ծովեզերեայ երկիր, ճանչցուած է իբրեւ ուրոյն բնօրրան աւելի քան եօթը հազար տարիներէ ի վեր. իր Քանաանական նախապատմական օրերէն մինչեւ ներկայի պատմամշակութային ու բնական գանձերովը՝ ան իր մէջ կ՚ամփոփէ անսահման հմայք: