ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ 104-ԱՄԵԱՅ ՀԵՂԻՆԷ ՄԵԾ ՄԱՅՐԻԿԸ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երկարակեցութեան գաղտնիքը տակաւին չէ բացայայտուած։ Երկարակեացներու մեծամասնութեան կարծիքով գաղտնիքը կը կայանայ՝ առողջ ապրելակերպի, բնական սնունդի, մաքուր օդի, ջուրի եւ ամենէն կարեւորը՝ աշխատասիրութեան մէջ։ Աշխարհի հին ժողովուրդներէն՝ հայերը, թէպէտ ամենաերկարակեայց ազգերու առաջին շարքերը չեն զբաղեցներ, զոր օրինակ՝ ճաբոնցիները, իզլանտացիները, սակայն թէ՛ Հայաստան աշխարհի եւ թէ աշխարհասփիւռ հայութեան մէջ ունին դար մը ապրած կաղնիներ։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Նկարչուհի Քուտրէթ Տուրսուն շաբաթավերջին Աթագիւղի «Եունուս Էմրէ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ բացաւ իր չորրորդ անհատական ցուցահանդէսը։ «Խօսքը՝ գոյներուն-3» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը կ՚ընդգրկէ նկարչուհիի աւելի քան վեց տասնեակ ստեղծագործութիւնները։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Կալերի Սելվին» կը հիւրընկալէ Հայաստանի արդի նկարչութեան հեղինակաւոր վարպետներէն մին:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Իսթանպուլահայ սանուց միութիւններուն եւ այլ ակումբներուն համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ աւանդական դարձած Ոսկի աշնան խրախճանքը երէկ տեղի ունեցաւ Գատըգիւղի մէջ։ Այս տարուան Ոսկի աշնան խրախճանքի տանտէրն էր Արամեան սանուց միութիւնը։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ