ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ
Մեծայարգ
Տիար Արա Գօչունեան
Խմբագրապետ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի
Իսթանպուլ, Թուրքիա
Մեծայարգ
Տիար Արա Գօչունեան
Խմբագրապետ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի
Իսթանպուլ, Թուրքիա
Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որով սկիզբ առաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ նախաձեռնուած «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ծրագրի պատասխանատու Հայկ Ենգիբարեան յայտնեց, որ այս նախագիծը ստեղծուած է նախարարութեան կողմէ անցեալի մէջ յառաջ տարուած «Արի տուն» եւ «Ամառնային դպրոց» ծրագրերու համատեղումով։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայկական թուային համայնագիտարանի օրացոյցը կը յիշեցնէ, որ 102 տարի առաջ այս օրը՝ 9 օգոստոս 1916 թուականին, Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է հայ արձակագիր, գրական, մշակութային գործիչ, հայ մամուլի մշակ Յովհաննէս Հիսարեան: Հայագիտութեամբ զբաղողներուն, մանաւանդ՝ հայ մամուլի պատմութիւնը ուսումնասիրողներուն անծանօթ անուն մը չէ Յովհաննէս Հիսարեանը, ան «Բանասէր» ամսաթերթին հրատարակիչն էր, որ կարճ շրջան մը լոյս տեսած է Պոլիս, սակայն կրցած է իր տեղը գրաւել հայ մամուլի պատմութեան մէջ, ինչպէս բնորոշուած է իբրեւ «իր ժամանակի հրատարակութեանց ամենէն գիտունն ու բարեկշռեալը»։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ցատկ մը, ոստում մը հրճուանքով զարդարուն, զուարթ դէմքերով պարուրուած, տարիքը առած երիտասարդ ժպիտներով յագեցած: Պար մըն է ընդամէնը, պար մը խորհրդաւոր, նոյն պարը՝ երեսուն տարի առաջուան:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ժողովրդային բարբառին մէջ տեղ գտած ասոյթները, առածները, պատկերները եւ օրինակները որքա՜ն դիպուկ են ու խօսուն, կարծես իրենց մէջ ամբողջ փիլիսոփայութիւն մը կը պարփակեն։ Ասոյթներ «ստեղծող»ները ընդհանրապէս ժողովուրդի համեստ խաւի մարդիկը, այս պարագային գիւղացիներն են եղած, որոնք իրենց պարզութեամբ ու հեզութեամբ եւ առանց շահադէտ նպատակի ու հասցէագրումի արտաբերած են զարմանազան ու սրտախօսիկ առածներ, որոնք առ այսօր մեր կենսընթացին իրենց այժմէականութիւնը եւ ուժգնութիւնը պահած են։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջերս Հայաստանի դրացի երկիր՝ Վրաստան, ժամանած էր աշխարհի ամենանշանաւոր ու ամենախելացի մարդամեքենան (ռոպոթ)՝ Սոֆիան: Թէ՛ վրացական, թէ՛ միջազգային մամուլը լեցուած էր Սոֆիայի այս այցին մասին նիւթերով, քանի որ Սոֆիան Վրաստան ժամանած էր ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրին հրաւէրով՝ մասնակցելու Բաց կառավարութեան գործընկերութեան 5-րդ գագաթաժողովին:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ոչ ոք կ՚ուզէ ծերանալ, եւ ամէն ոք կը փնտռէ երիտասարդ մնալու գաղտնիքը: Մարդկութեան ամբողջ պատմութեան ընթացքին այսպէս եղած է: Թէեւ անկարելի է նախախնամութեան, բնութեան դէմ աշխատիլ, սակայն մարդիկ կիսալուծումներ կը փորձեն գտնել:
Աշխատասիրեց՝
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
7.- Որոշ դասեր, որոնք կարելի է քաղել ելից ԺԴ. գլխուն մէջ նկարագրուած դէպքերէն
ա.- Երբ Աստուած մեզ դժուարութեան մը կ՚առաջնորդէ, Ան նաեւ մեզի կը հայթայթէ անկէ յաղթական դուրս գալու միջոցներ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց «Հին Թիֆլիզի հայոց Շամքորեցոց Սուրբ Աստուածածին եւ Սուրբ Մինաս եկեղեցիները (պատմութիւն եւ տարեգրութիւն)» խորագրեալ աշխատութիւնը, որու հեղինակն է Արմէն Ասատրեան։ Այս հրատարակութիւնը «Թիֆլիզի հայկական եկեղեցիները» շարքի երկրորդ գիրքն է՝ նուիրուած յիշեալ եկեղեցիներու պատմութեան։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Յիսուն տարի առաջ Փարիզի մէջ մահացաւ հայ երաժշտագիտական ասպարէզին նուիրեալ կիներէն մին՝ դաշնակահարուհի, երգչուհի, մանկավարժ եւ երաժշտութեան տեսաբան, Կոմիտասի ժառանգութեան պահպանման մեծ նուիրեալ Մարգարիտ Պապայեան: Ան ծնած է մտաւորականներու ընտանիքի մը մէջ եւ իր երկու քոյրերուն հետ ամբողջ կեանքը նուիրած է արուեստին: