ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 82-րդ գահակալ հոգելոյս Շնորհք Արք. Գալուստեանի վախճանման 25-րդ տարելիցին շարժառիթով Պատրիարքական Աթոռը լոյս ընծայեց նոր գիրք մը։
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 82-րդ գահակալ հոգելոյս Շնորհք Արք. Գալուստեանի վախճանման 25-րդ տարելիցին շարժառիթով Պատրիարքական Աթոռը լոյս ընծայեց նոր գիրք մը։
Միացեալ Նահանգներու մէջ ստեղծագործող հայազգի յայտնի նկարիչ Տիգրան Ձիթողցեան, որ իր ինքնատիպ կտաւներով ծանօթ է թէ՛ Արեւմուտքի եւ թէ՛ ԱՊՀ-ի երկիրներու մէջ, Ապրիլի 22-ին Պրիւքսէլի մէջ մասնակցած է խառն ցուցահանդէսի մը բացման։
Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի մէջ Մայիս 27-Յունիս 12 թուականներու միջեւ պիտի բացուի «Մարզանքը եւ հայ մարմնամարզութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ» խորագրեալ ժամանակաւոր ցուցահանդէս մը։ Ցուցահանդէսը պիտի բացուի Փարիզի 6-րդ թաղամասի «Մուազան» ցուցասրահին մէջ։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Գարնանային անձրեւ կայ Դիլիջան տանող ողջ ճանապարհին: Հակառակ ցերեկուայ ժամին՝ երկինքը մութ է, եւ սարերը պատուած են գարնանային մշուշով: Հայաստանի գեղատեսիլ վայրերէն մին՝ Դիլիջան մեզ կը դիմաւորէ անձրեւէն մաքրուած հրաշալի օդով:
ՏՔԹ. Յ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Ապրիլ 2-6 Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան սահմանի ամբողջ երկայնքին կազմակերպուած ատրպէյճանական բանակի զինուորական եւ ամենաարդիական սպառազինութեամբ ու անակնկալի առաւելութեամբ կատարուած գրոհը Ղարաբաղի վրայ, տեւեց հազիւ մէկուկէս օր, երբ Արցախի բանակը ազդու հակայարձակումով երկու օրուայ մէջ ետ մղեց քանի մը հարիւր մեթր Թալիշի ուղղութեամբ սահմանէն ներս թափանցած թշնամի բանակը, որ շատ աւելի ծանր կորուստներ կրեց քան հայկական կողմը:
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Թէքէեան» տարեկան մրցանակաբաշխման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ «Թէքէեան» մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մրցանակաբաշխութեան դափնեկիրները Երեւանի «Թէքէեան» կեդրոնի երդիքին տակ ստացան իրենց մրցանակները։
Աւելի քան երեք հարիւր եւ ութսուն հրատարակչատուներ՝ քսան տարբեր երկիրներէ ժամանած՝ մաս կազմեցին Պահրէյնի թագաւորութեան 17-րդ Միջազգային գիրքի ցուցահանդէսին։ Ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Մարտ 24-Ապրիլ 3 թուականներուն միջեւ, Պահրէյնի Ազգային թանգարանի մեծ ցուցահանդէսի սրահին մէջ՝ կազմակերպութեամբ Մշակոյթի նախարարութեան։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Հապա եթէ գան եւ մեզ ջարդե՞ն...»։
Նիկոսիա, Կիպրոս։ Աշխատանքային գրասենեակիս կից՝ ակնոցի վաճառականութեամբ զբաղող դրացիս է
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանը վերջերս համալսարանի «Մանուկեան» սրահին մէջ շնորհանդէսի միջոցաւ ներակայացուց իր նոր կայքէջը՝ նորացուած բովանդակութեամբ եւ արդի գործիքակազմով։
Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի Ագեան պատկերասրահն ու Անտիկեան պատկերասրահը ներկայացուցին Արարատ Սարգսեանի «Ո՛ւր փնտրել դրախտը» խորագրեալ ցուցահանդէսը։