Ընկերա-մշակութային
«ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ»
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Շարժանկարային արուեստի մեծ պաստառներուն վրայ է հայկական նոր շարժանկար մը՝ «Վարդապետի լռութիւնը»: Հայրենի բեմադրիչ Վիգէն Չալտրանեանի նոր աշխատանքն է՝ Կոմիտասի մասին: Շարժանկարը Կոմիտաս Վարդապետի մասին նոր բացայայտումներու ճանապարհ կը բանայ. արդեօք խելագարուա՞ծ է Կոմիտաս, թէ պարզապէս լռած է…
Հռոմի ՊապիՆ Առաջին Գիրքը Լոյս Պիտի Տեսնէ
Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի առաջին գիրքը, որ կը պարունակէ իտալացի լրագրող Անտրէա Թորնիելլիի հետ զրոյցները, լոյս պիտի տեսնէ Յունուարին:
Զ. Խաչատուրը եւ Մենք
ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ
Եթէ աշակերտ ըլլայի այսօր, 21-րդ դարուն, ճարտարարուեստի ահաւոր առատութեան մէջ ինկած, ստիպուած լողալու կամ երբեմն ալ առատախեղդ ըլլալու, ժամանակ պիտի ուզէի՞ տրամադրել հայերէն սորվելու. ասկէ առաջ սակայն՝ դասարանին մէջ պիտի ուզէի՞ մտիկ ընել ժամանակավրէպ ուսուցչուհիներու ժամանակավրէպ դասաւանդումները, ուզէի իսկ, պիտի կարենայի՞ դիմադրել ձանձրոյթիս եւ անոր հետեւող անխուսափելի «քունս կու գա՜յ…»ին:
ես ձեզ կ՚ողբամ
ես ձեզ կ՚ողբամ
ներշնչանքի արգանդաջուրերու
մէջ խեղդուած
ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՓՐԷՕՄԻԷՐ
Պաքըրգիւղի «Լէյլա Կենճէր» օփերայի եւ արուեստի կեդրոնի երդիքին տակ յատկանշական ձեռնարկ մը:
Մեներգչուհի Նաթալի Պօղոսեանի եզակի ստեղծագործութիւնը՝ «Տորէթայի ոսկէ երազը»:
ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ԲԵՐԷ՛ ԲԱՐԻՆ
ՍԻԼՎԻ ՍՐԲՈՒՀԻ ՄԱՐԱԶԵԱՆ
Տարի մը եւս բոլորեցինք՝ քաղցր ու դառն յուշերու հետքերով: Խանդաղատանքով ու տագնապներով ծանրաբեռնուած օրերը հեւ ի հեւ սահած, սլացած են մեր կեանքէն: Հեռացող տարին ա՛լ գաղտնիք մը չունի մեզի համար, իսկ նոր տարին, անակնկալներով լիառատ, ծածուկ յուզումներով ու անսպասելի արարքներով բեղուն՝ կը ծաւալի մեր առջեւ:
«ՄԻ՛ ԳՈՂՆԱՐ»
ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Երբ զաւակ կը դաստիարակենք, մարդկային արժանիքները կը ձեւաւորենք:
Ս. ՂԱԶԱՐ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան Սուրբ Ղազար վանքին մէջ Յունուար 6-ին տեղի ունեցաւ բացումը Շաւարշ եւ Արփիկ Միսաքեանի նուիրուած ցուցահանդէսին, ներկայութեան Վենետիկի զանազան շրջաններէն շուրջ հարիւր յիսուն իտալահայերու, միաբաններու, Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան՝ Սարգիս Ղազարեանի, նախագահութեամբ Միաբանութեան վանահայր՝ Հ. Եղիա Վրդ. Քիլաղպեանի։
Պերճ Պռօշեան. Հայրենի Գիւղին Եւ Մարդուն Ժողովրդային Երգիչը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Աշտարակեցի դերձակ Ստեփան Տէր-Առաքելեանի ընտանեկան համեստ ու չքաւոր երդիքին տակ ծնաւ արու զաւակ մը՝ Յովհաննէս անունով, որ իր կեանքով եւ գործով մնայուն ու արժէքաւոր վաստակ մը կապեց իր ընտրած Պերճ Պռօշեան (1837-1907) գրչանունին եւ արժանացաւ հայ գրականութեան դասական մեծերու պատուանդանին։